ԱԼԻՆ ՕԶԻՆԵԱՆ
Հայաստան, որ համավարակի առաջին օրէն իսկ դիմած էր լուրջ կանխամիջոցներու այժմ ենթարկուած է համավարակի երկրորդ փուլին։ 25 Մայիսի առումով Հայաստանի մէջ պսակաձեւ ժահրէ վարակուածներու թիւը 452 հոգի աւելնալով հասաւ 7113-ին։ Համավարակի հետապնդումով զբաղող միջազգային հաստատութիւններու համաձայն վարակուածներու համեմատութեան առումով Հայաստան կը գտնուի 60-րդ հորիզոնականի վրայ։ Հայաստանի Առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեան անդրադառնալով վարակուածներու թիւի բարձրացման նշեց թէ հիւանդութիւնը աւելի թեթեւ անցնողներու բուժումը պիտի շարունակուի իրենց տուներուն մէջ։ «Ներկայ դրութեամբ բոլոր քաղաքացիներուն բուժօգնութիւն տալու ի վիճակի ենք։ Բայց եթէ թուլացնենք կանխամիջոցները պիտի հարկադրուինք միայն ծանր հիւանդներուն բուժօգնութիւն տալ»։
Նախարարը նշեց թէ սա պահուն չեն կրնար կանխատեսել թէ վարակուածներու թիւը երբ այդ աստիճանի կրնայ հասնիլ։
Հայաստանի կառավարութիւնը ինչպէս բազմաթիւ երկիրներ Մայիս ամսու կէսերուն աստիճանաբար թուլացուցած էր գործադրուող խիստ սահմանափակումները։
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւս մտահոգութիւն յայտնեց ըսելով որ «Հասած ենք Քորոնա ժահրի համավարակի երկրորդ ալիքին»։ Ան նաեւ նշեց, որ Արտակարգ Իրավիճակի Յանձնախումբի տնօրինած սահմանափակումները բաւարար են, պայմանաւ որ հասարակութիւնը հնազանդի այդ կանոններուն։ Փաշինեան նաեւ աւելցուց, որ պատժամիջոցներ պիտի կիրարկուին սահմանափակումները զանց առնողներու դէմ։ «Խստիւ պիտի հետեւինք դիմակի գործադրութեան, քանի որ փորձով տեսանք թէ առտնի պատրաստուած դիմակները անգամ շատ կարեւոր գործօն մըն են համավարակի տարածումը կանխելու համար։ Ուստի ներքաղաքային եւ միջքաղաքային ճամբորդութիւններու ընթացքին պիտի կիրարկուի դիմակ կրելու ստուգումներ»։
Արտակարգ Իրավիճակներէն պատասխանատու նախարար Տիգրան Աւինեան ալ Հայաստանի մէջ կրկին անգամ քարանթինայի պայմաններու հաւանականութիւնը նշելով կարգ մը տարածքներու մէջ ելք ու մուտքին արգիլուելուն մասին զգուշացուց։
Առողջապահութեան Նախարար Արսէն Թորոսեան նշեց որ վարակուածներէն 269-ին վիճակը կը գնահատուի լուրջ եւ 51-ն ալ բաւականին ծանր։ 15 հիւանդներ կ՚օգտուին արհեստական շնչառութեան սարքերէ։ Ան եւս յայտնեց, թէ դիմակի գործադրութիւնը պիտի կրնայ կանխել վարակման տարածութիւնը։
Ազգային Ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեան ալ յայտնեց, թէ ժողովասրահին մէջ դիմակ չկրող երեսփոխանները պիտի զգուշացուին եւ դուրս հրաւիրուին սրահէն։ Ազգային Ժողովի նախագահին այս յայտարարութեան դէմ ոմանք ալ առարկեցին ըսելով որ Արցախի Հանրապետութեան նախագահի սարքած ընդունելութեան պահուն կառավարութեան ներկայացուցիչները դիմակ չէին կրած։ Ընդդիմութիւնը ներկայացնող Էտմոն Մարուկեան եւս առարկեց Արարատ Միրզոյեանի այս ելոյթին. «Սահմանադրութեան համաձայն ձեր կուսակցութեան որոշումները ի զորու չեն խորհրդարանէն ներս։ Հետեւաբար Արտակարգ Իրավիճակներու շրջանակով ձեր որդեգրած որոշումները չէք կրնար պարտադրել Խորհրդարանի մէջ եւ չէք կրնար ոեւէ պատգամաւոր դուրս հանել» ըսելով։