ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Հայոց Ցեղասպանութեան 105-րդ տարելիցը ոգեկոչելու նպատակով ի մի եկած գաղութային կազմակերպութիւնները՝ Միացեալ հայերու Լոս Անճելըսի խորհուրդը (UACLA), Միացեալ հայ երիտասարդները (UYA) եւ Հայոց Ցեղասպանութեան յանձնախումբը (AGC), նկատի ունենալով «Քորոնա» ժահրին պարտադրած սահմանափակումները, որոշած են մինչեւ Ապրիլ 24 իրականացնել դրամահաւաք մը, օժանդակութեան ձեռք երկարելու համար 1,5 միլիոն կարիքաւորներու։
Արդարեւ, Ապրիլ 24-ին տեղի պիտի չունենան Հայոց Ցեղասպանութեան 105րդ տարելիցը ոգեկոչելու համար ծրագրուած միջոցառումները՝ դէպի Մոնթեպելլոյի Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած յուշարձանը ուխտագնացութիւնը եւ հոգեհանգստեան պաշտօնը, Արդարութեան քայլարշաւը՝ Փոքրիկ Հայաստանի մէջ եւ Լոս Անճելըսի մօտ Թուրքիոյ հիւպատոսութեան առջեւ բողոքի ցոյցը, որոնց փոխարէն, առաւօտեան ժամը 10-էն սկսեալ պիտի իրականացուի ոգեկոչման առցանց յայտագիր մը, որուն ընթացքին ելոյթներ պիտի ունենան պետական պաշտօնատարներ եւ համայնքային ու կրօնական առաջնորդներ։ Պիտի սփռուի նաեւ Ցեղասպանութեան ճանաչման, արդարութիւն եւ վնասուց հատուցում պահանջելուն նուիրուած քննարկումներ եւ այլ ներկայացումներ։
Նշեալներուն կողքին, արդէն իսկ ընթացքի մէջ է Ցեղասպանութեան 1,5 միլիոն զոհերուն յիշատակին կազմակերպուած դրամահաւաքը, նոյն թիւով կարիքաւորներու ուտեստեղէն ապահովելու նպատակով։ Գիտակցելով «Քորոնա» ժահրին հետեւանքով նման կարիքաւորներու թիւին հսկայական աճը եւ Ցեղասպանութեան օրերուն Միացեալ Նահանգներու ժողովուրդին կողմէ հայութեան հասցուած նպաստները, այս արշաւը շատ լաւ առիթ մըն է շնորհակալութիւն յայտնելու Միացեալ Նահանգներուն։
Ուտեստեղէնը կարիքաւորներուն պիտի հասնի «Feeding America» կազմակերպութեան միջոցաւ։
Արշաւին մասնակցելու համար այցելել www.1915neveragain.org/donate կամ www.facebook.com/donate/2535657589979667/2535726833306076/ կայքէջերը։
(Արտատպուած «Ասպարէզ» օրաթերթէն)