ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Կրկին խաբուիլը յիմարութիւն է

Հայաստանի Գ. Հան­­րա­­­պետու­­թիւնը, հիմ­­նարկու­­թե­­­նէն սկսեալ իր բո­­լոր պատ­­գամնե­­րը ուղղեց Հա­­յաս­­տա­­­նի, Ար­­ցա­­­խի հան­­րա­­­պետու­­թեան եւ սփիւռքա­­հայու­­թեան։ Ցարդ գոր­­ծող բո­­լոր նա­­խագահ­­նե­­­րը եւ վար­­չա­­­պետ Փա­­շինեան, նե­­րառեալ բո­­լոր նա­­խարար­­նե­­­րը իրենք զի­­րենք պա­­տաս­­խա­­­նատու հա­­մարե­­ցին հայ ժո­­ղովուրդի բո­­լոր հա­­տուած­­նե­­­րուն նկատ­­մամբ։

Ան­­շուշտ որ օրի­­նակա­­նու­­թեան մէջ անոնց լիազօ­­րու­­թիւնը սահ­­մա­­­նուած էր միայն սե­­փական երկրի բնակ­­չութեան հետ։ Իրա­­ւասու չէին որե­­ւէ օտար երկրի քա­­ղաքա­­ցի հա­­յուն հա­­մար վճիռ կա­­յաց­­նե­­­լու։ Բայց որ­­պէս սկզբունք, գրկա­­բաց եղան հա­­մայն հա­­յու­­թեան հան­­դէպ։

Անոնցմէ ոչ մէ­­կը ար­­տա­­­սանեց «սփիւռքը մե­­զի հետ կապ չու­­նի» նա­­խադա­­սու­­թիւնը։ Եւ աւե­­լին՝ «սփիւռքը հա­­րիւր տա­­րի ետ մնա­­ցած է» դժբախտ կար­­ծի­­­քը։

Այս բո­­լորը վի­­ճակե­­ցան Թուրքիոյ հա­­յոց նո­­րըն­­տիր պատ­­րիարք Սա­­հակ Բ.ին։ Կար­­դա­­­լով պատ­­րիար­­քին իշ­­խա­­­նամէտ «Աք­­շամ» թեր­­թին կա­­տարած յայ­­տա­­­րարու­­թիւննե­­րը, կը հա­­մոզո­­ւինք թէ ան այս բա­­ները ըսե­­լով կար­­ծած է թէ հա­­ճելի պի­­տի թո­­ւի թրքա­­կան կա­­ռավա­­րու­­թեան։ Նոյն մի­­տու­­մով յա­­ճախ կ՚անդրա­­դառ­­նայ իր ծնած թա­­ղամա­­սին՝ Պայ­­րամփա­­շայի։ Ըսել կ՚ու­­զէ թէ «ես տե­­ղացի եմ ու կը պատ­­կա­­­նիմ թուրք ազ­­գին»։ Չէ որ նա­­խագահ Էր­­տո­­­ղան յա­­ճախ կը գո­­ռայ «Եր­­լի վէ միլ­­լի», այ­­սինքն տե­­ղացի ու ազ­­գա­­­յին տար­­րի նա­­խընտրե­­լի յատ­­կութիւ­­նը շեշ­­տե­­­լով։ Այսպէ­­սով Սա­­հակ Բ. նախ­­քան գա­­հակա­­լու­­թիւն, յայ­­տա­­­րարած եղաւ թէ ինք ոչ թէ հա­­յոց պատ­­րիարքն է Թուրքիոյ մէջ, այլ թուրք պաշ­­տօ­­­նակա­­տար մը բազ­­մա­­­դարեան պատ­­րիար­­քա­­­կան աթո­­ռին վրայ։

Այս ար­­դիւնքին հաս­­նե­­­լու հա­­մար էր որ Թուրքիոյ իշ­­խա­­­նու­­թիւննե­­րը հայ ազ­­գին պար­­տադրե­­ցին չա­­րեաց փոք­­րա­­­գոյ­­նը ընտրե­­լու ծա­­ռայող կա­­նոնա­­գիր։ Արամ կամ Սա­­հակ հա­­մար­­ժէք էին իրենց հա­­մար։ Պար­­զա­­­պէս Արամ սրբա­­զանի անու­­նը բա­­ւակա­­նին մա­­շած էր փո­­խանոր­­դութեան տա­­րինե­­րուն, եւ մեծ թի­­ւով միամիտ­­ներ «Արա­­մէն լաւ է» ըսե­­լով քո­­ւէար­­կե­­­ցին Սա­­հակին։ Այս ար­­դիւնքին մէջ մեծ է Նա­­խաձեռ­­նարկ մարմնի մնա­­ցոր­­դաց ան­­դամնե­­րուն պա­­տաս­­խա­­­նատո­­ւու­­թիւնը։

Թէեւ պատ­­մութեան մէջ Անի քա­­ղաքը հռո­­մէացի­­ներու վա­­ճառող­­ներն ալ, Շահ Աբա­­սը Ջու­­ղան ար­­շա­­­ւելու կան­­չողն ալ հո­­գեւո­­րական­­ներն էին, բայց մին­­չեւ օրս հայ ժո­­ղովուրդի հո­­գեւոր առաջ­­նորդէն ակնկա­­լածը ազ­­գին ար­­ժա­­­նապա­­տուու­­թիւնը վեր պա­­հելն է, այլ ոչ թէ իշ­­խա­­­նու­­թիւննե­­րուն հա­­ճելի թո­­ւիլը։ Սա­­կայն այս նա­­խապա­­տուու­­թիւնն ալ վի­­ճելի է ոմանց հաշ­­ւոյն։ Կան հա­­յեր, որոնք իրենց ան­­հա­­­տական բա­­րեկե­­ցու­­թիւնը վեր կը դա­­սեն բո­­լոր բա­­րոյա­­կան ար­­ժա­­­նիք­­նե­­­րէն։ Անոնք բնա­­կանա­­բար գո­­հու­­նա­­­կու­­թեամբ ըն­­դունած են Սա­­հակ Բ-ի յայ­­տա­­­րարու­­թիւննե­­րը։ Ինչպէս պատ­­մութեան մէջ, այ­­սօր ալ բնաւ նո­­ւազ չեն այն ան­­ձե­­­րը, որոնք կը կար­­ծեն թէ բռնա­­կալ իշ­­խա­­­նու­­թիւնը շո­­յելով կ՚ապա­­հովէն անոնց բա­­րեացա­­կամու­­թիւնը։

Պար­­տինք նշել եր­­կու կա­­րեւոր կէտ։ Սա­­հակ Բ.-ի հայ­­կա­­­կան սփիւռքի մա­­սին ըսած­­նե­­­րը կա­­րելի է ըն­­դունիլ որ­­պէս ազատ մտքի ար­­տա­­­յայ­­տութիւն։ Որոշ նիւ­­թե­­­րու մէջ կա­­րելի է հա­­մաձայ­­նիլ կամ մեր­­ժել։ Խնդի­­րը կը ծա­­գի «Աք­­շամ» թեր­­թի այդ կար­­ծիքնե­­րը փո­­խան­­ցե­­­լու եղա­­նակով։ Թեր­­թը իր գոր­­ծա­­­ծած վեր­­նագրով իսկ հե­­ռաւո­­րու­­թիւն դրաւ պոլ­­սա­­­հայու­­թեան եւ հայ ազ­­գի մի­­ջեւ։ Եւ երկրորդ՝ ոչ ոք պատ­­րիար­­քէն կը պա­­հան­­ջէ պե­­տու­­թեան դէն կռիւ ստեղ­­ծել։ Հոս ալ խնդի­­րը աթո­­ռին պա­­հան­­ջած գի­­տակ­­ցութեան բա­­ցակա­­յումն է։

Ստրկամ­­տութիւ­­նը որ­­դեգրած­­նե­­­րուն շնոր­­հա­­­ւոր ըլ­­լայ նո­­րըն­­տիր պատ­­րիար­­քի գա­­հակա­­լու­­թիւնը։

Ան­­գամ մը եւս խա­­բուած է հայ ժո­­ղովուրդը, իյ­­նա­­­լով չա­­րամիտ­­նե­­­րու ծու­­ղա­­­կին։ Այդ խաբ­­կանքը բա­­ւակա­­նին սուղ պի­­տի ար­­ժէ պոլ­­սա­­­հայ հա­­մայնքի հաշ­­ւոյն։

 

 

pakrates@yahoo.com