ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Տարեվերջի հաշուեյարդար


2019-ի վեր­­­ջին յօ­­­դուածն է, որ կը կար­­­դաք «Մենք ու Մե­­­րոնք» սիւ­­­նա­­­­­­­կի վրայ։ Տա­­­րուայ հա­­­շուով վեր­­­ջա­­­­­­­կէտ մը, որուն նոր տո­­­ղը պի­­­տի սկսի յա­­­ռաջի­­­կայ տա­­­րուայ առա­­­ջին օրե­­­րուն։ Սո­­­վորու­­­թիւն է տա­­­րուայ աւար­­­տին յե­­­տադարձ ակ­­­նարկով մը գնա­­­հատել անցնող օրե­­­րու պար­­­գե­­­­­­­ւածն ու խնա­­­յածը։ Չէ որ ամէն տա­­­րի, թէ բե­­­րած­­­ներ եւ թէ տա­­­րած­­­նե­­­­­­­րով կը յի­­­շուի։ Տա­­­րած­­­նե­­­­­­­րու կսկի­­­ծը միշտ աւե­­­լի ծանր կը կշռէ, քան բե­­­րած­­­նե­­­­­­­րու ու­­­րա­­­­­­­խու­­­թիւնը։

Սկսե­­­լով ըն­­­կե­­­­­­­րու­­­թեան փոք­­­րա­­­­­­­գոյն բջի­­­ջէն՝ ըն­­­տա­­­­­­­նիքէն, հետզհե­­­տէ ընդլայ­­­նե­­­­­­­լով եթէ դի­­­տենք 2019-ի հա­­­շուե­­­յար­­­դա­­­­­­­րը, պի­­­տի տես­­­նենք մե­­­ծագոյն ու­­­րա­­­­­­­խու­­­թեան մեկ­­­նա­­­­­­­կէտը, որ սկիզբ առաւ այս տա­­­րուայ մէջ եւ հունձքը պի­­­տի տայ գալ տա­­­րուայ առա­­­ջին կի­­­սամեային, եր­­­կու շունչով եւս բազ­­­մացնե­­­լով մեր գեր­­­դաստա­­­նը։

Գա­­­լով ըն­­­դարձակ ըն­­­տա­­­­­­­նիքին, այդ ու­­­րա­­­­­­­խու­­­թիւնը ար­­­դէն իսկ վա­­­յելե­­­ցինք Արա­­­միկի գա­­­լուստով։ Ու­­­նէինք կսկի­­­ծի բա­­­ժին ալ։ Մեր մեծ ըն­­­տա­­­­­­­նիքէ ներս բո­­­լորիս սի­­­րելին Սիլ­­­վան պար­­­տո­­­­­­­ւեցաւ անո­­­ղոք հի­­­ւան­­­դութեան, խոր սու­­­գի մատ­­­նե­­­­­­­լով բո­­­լորս։

Հա­­­մայնքա­­­յին առու­­­մով դար­­­ձեալ ու­­­րա­­­­­­­խու­­­թիւններն են, որ յի­­­շատակ­­­ման ար­­­ժա­­­­­­­նի պի­­­տի ըլ­­­լան։ Այս հանգրուանին պի­­­տի չու­­­զենք պատ­­­րիար­­­քի ընտրու­­­թեան Նա­­­խաձեռ­­­նարկ Մարմնի ան­­­ճա­­­­­­­րակու­­­թիւննե­­­րուն կամ թեկ­­­նա­­­­­­­ծու­­­նե­­­­­­­րու ինքնա­­­կեդ­­­րո­­­­­­­նու­­­թեան մա­­­սին աւե­­­լի խօ­­­սիլ։ Ար­­­դիւնքով պի­­­տի բա­­­ւարա­­­րուինք եւ ու­­­րա­­­­­­­խանանք թէ աւե­­­լի քան 12 տա­­­րուայ բա­­­ցակա­­­յու­­­թե­­­­­­­նէ ետք վեր­­­ջա­­­­­­­պէս Թուրքիոյ Հա­­­յոց Պատ­­­րիար­­­քա­­­­­­­կան աթո­­­ռին բազ­­­մած է ընտրեալ Պատ­­­րիարք Սա­­­հակ Բ.։

Ներ­­­հա­­­­­­­մայնքա­­­յին կեան­­­քի մէջ յի­­­շար­­­ժան տխուր եղե­­­լու­­­թիւնը Սուրբ Փրկիչ Հի­­­ւան­­­դա­­­­­­­նոցի հո­­­գաբար­­­ձութեան ատե­­­նապետ Պետ­­­րոս Շի­­­րինօղ­­­լո­­­­­­­ւի Կեդ­­­րո­­­­­­­նական Վար­­­ժա­­­­­­­րանի դէմ անի­­­մաստ ցե­­­խար­­­ձակման փոր­­­ձը եղաւ։ Բայց ինչպէս կ՚ըսէ ժո­­­ղովրդա­­­կան արա­­­ծը «Չկայ չա­­­րիք առանց բա­­­րիքի»։ Նման զրպար­­­տութե­­­նէ ետք զօ­­­րակ­­­ցութեան հրա­­­շալի շար­­­ժում մը մեկ­­­նարկեց վար­­­ժա­­­­­­­րանի եւ խնա­­­մակա­­­լու­­­թեան կող­­­քին, որուն ազ­­­դե­­­­­­­ցու­­­թիւննե­­­րը կը տե­­­ւեն մին­­­չեւ օրս։

Անցնող տա­­­րին ան­­­գամ մը եւս ապա­­­ցու­­­ցեց պոլ­­­սա­­­­­­­հայու­­­թեան կա­­­րողու­­­թիւններն ու ան­­­ճա­­­­­­­րակու­­­թիւննե­­­րը։ Ամ­­­բողջ հա­­­մայնք ըլ­­­լա­­­­­­­լով ճա­­­րահատ դի­­­տեցինք քա­­­նի մը չա­­­րամիտ­­­նե­­­­­­­րու բե­­­մադ­­­րած դա­­­ւադ­­­րութիւ­­­նը, իսկ միւս կող­­­մէն ու­­­նե­­­­­­­ցանք պար­­­ծանքի առիթ բա­­­զում երե­­­ւոյթներ։

Եթէ 2019 ծննդեան 150 ամեակն էր մեծն Կո­­­միտա­­­սի, այդ յո­­­բելեանը ամե­­­նափայ­­­լուն կեր­­­պով յի­­­շատա­­­կող գա­­­ղու­­­թը եղաւ դար­­­ձեալ Պո­­­լիսը։

Քա­­­նի որ խօ­­­սեցանք Պոլ­­­սոյ մա­­­սին, կ՚ար­­­ժէ յի­­­շել այս քա­­­ղաքի շրջա­­­նային վար­­­չութեան ընտրու­­­թիւննե­­­րը։ Իշ­­­խա­­­­­­­նու­­­թիւնը չէր հան­­­դուրժած Իս­­­թանպու­­­լը կորսնցնե­­­լու եւ ան­­­հիմն պնդումնե­­­րով չե­­­ղեալ հա­­­մարած էր կա­­­տարո­­­ւածը։ Քա­­­նի մը ամիս անց շատ աւե­­­լի ծանր պար­­­տութիւ­­­նով մը Էր­­­տո­­­­­­­ղանի իշ­­­խա­­­­­­­նու­­­թիւնը հար­­­կադրո­­­ւեցաւ այս մեծ քա­­­ղաքի վար­­­չութիւ­­­նը զի­­­ջել ընդդի­­­մու­­­թեան։

Երկրի օրի­­­նակով եթէ քննենք, անցնող տա­­­րին պի­­­տի յի­­­շուի իշ­­­խա­­­­­­­նու­­­թեան վար­­­կազրկման կող­­­քին բո­­­վան­­­դակ բնակ­­­չութեան շունչը կտրող սղա­­­ճով ու տնտե­­­սական ճգնա­­­ժամով։ Պէտք է վրան բար­­­դել պա­­­տերազ­­­մի բնոյ­­­թով զար­­­գա­­­­­­­ցումնե­­­րը, խօս­­­քի եւ ար­­­տա­­­­­­­յայ­­­տութեան իրա­­­ւունքի դէմ կա­­­ռու­­­ցո­­­­­­­ւած պատ­­­նէշնե­­­րը եւ հետզհե­­­տէ ծա­­­ւալող գոր­­­ծազրկու­­­թիւնն ու աղ­­­քա­­­­­­­տու­­­թիւնը։

Հրա­­­պարա­­­կի վրայ տե­­­ղադ­­­րո­­­­­­­ւած տօ­­­նածա­­­ռով Երե­­­ւան ան­­­գամ մը եւս ապա­­­ցու­­­ցեց, թէ փոք­­­րիկ ու աղ­­­քատ եր­­­կիր ըլ­­­լա­­­­­­­լը եր­­­բեք ու եր­­­բեք ար­­­գելք մը չէ սե­­­փական ժո­­­ղովուրդին ապա­­­գայի նկատ­­­մամբ մեծ ակնկա­­­լու­­­թիւններ սնու­­­ցա­­­­­­­նելուն։ Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նի քա­­­ղաքա­­­ցին ար­­­դէն գի­­­տէ թէ յա­­­ռաջի­­­կայ տա­­­րին աւե­­­լի լաւ պի­­­տի ըլ­­­լայ նա­­­խոր­­­դէն եւ այդպէս յա­­­ւիտե­­­նական։

pakrates@yahoo.com

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ