Համաշխարհային խրատարակութիւնը ձեւաւորած է որոշ համոզումներ, որոնք կը միտին անհատը հաւանական վտանգներու դէմ պաշտպանել։ Այսպէսով կը սահմանափակուին պետութիւններու զանազան կարողութիւնները, ի նպաստ համաշխարհային մարդկութեան։ Անշուշտ այդ բոլորը ձեւաւորուած է երկար տարիներու փորձառութեանց վրայ։ Պատմութեան գիրքերով գիտենք, թէ անցեալին տեղի ունեցած պատերազմներուն սկզբունքները կախեալ էին մարտնչող բանակներու հրամատարներուն կամքէն։ Պարտուածները ոմանց համար անտէր մնացած գերիներ էին, որոնց կեանքը կախեալ էր կամայական որոշումէ մը։ Իբրեւ թէ մեր քաղաքակրթութիւն կոչած ընկալումը փոխեց այդ կամայականութիւնը եւ երկիրներու պարտադրեց որոշ կանոններ։ Այսօր պատերազմի գերիները կը պաշտպանուին որոշ կանոններու հիման վրայ։ Յաղթանակող կողմը չի կրնար ոտնակոխել այդ իրաւունքները։ Օրինակի համար չի կրնար զրկել բուժօգնութենէ։ Իրաւունք չունի գերիին արժանապատուութիւնը վիրաւորելու։ Բայց միւս կողմէ կը տիրէ իրողութիւնը եւս։ Գիտենք թէ պետութիւններ որքան դիւրաւ կը դրժեն իրենց իսկ ստորագրած համաձայնութիւնները եւ դիւրաւ կը ոտնակոխեն անհատի բոլոր ձեռքբերումները։
Նախորդ շաբաթուայ ընթացքին ականատեսը եղանք այս տեսակի գայթակղութեան մը։ Լրագրող Ազիզ Օրուչ ինչպէս թուրքիացի բազմաթիւ լրագրողներ, ենթարկուած էր պետական հալածանքի։ Ծանր մեղադրանքներ հնչած էին իր դէմ, որոնք փորձառութեամբ գիտենք թէ առհասարակ անհիմն են։ Եւ ան յանուն իր կեանքի ապահովութեան խոյս տուած էի երկրէն ու երկար ժամանակ ապաստանած Հիւսիսային Իրաքի Քրտական Ինքնավար Մարզը։ Ապա որոշեց անցնիլ Եւրոպա, որուն համար գնաց Հայաստան։
Մամուլով կը տեղեկանանք, թէ Հայաստանի ոստիկանութիւնը ձերբակալած է զինք սահմանը կեղծ անցագիրով հատելու մեղադրանքով։
Անշուշտ որ ապօրէն եղանակներով երկրի մը սահմանէն անցնիլ յանցագործութիւն է բոլոր պայմաններու տակ։ Բոլոր յանցագործութիւնները բնականաբար կ՚ունենան իրենց պատժամիջոցները։ Բայց միւս կողմէ կայ նաեւ անհատի կեանքը խնայող անհամար կարգ ու կանոն։ Եւ մանաւանդ, երբ մէկը քաղաքական ապաստանութիւն կը խնդրէ պայման է, այդ դիմումը նկատի ունենալ։
Այս օրինակի մէջ ցաւ ի սիրտ Հայաստանի իշխանութիւնները անտեսած են մարդկային այդ սկզբունքները եւ Օրուչը բռնի կերպով դուրս շպրտած են երկրի սահմաններէն։ Հաւանաբար Հայաստան խուսափած ըլլայ արդէն իսկ բազում խնդիրներ ապրած Թուրքիոյ հետ նոր գլխացաւ մը եւս ապրելէ։ Իր տրամաբանութեան մէջ հասկնալի է այդ մտահոգութիւնը։ Բայց Ազիզ Օրուչ գրեթէ նոյն վերաբերումին արժանացած է Պարսկաստանի սահմանի վրայ եւս, ուր պարսիկ սահմանապահները զինք շպրտած են սահմանի հանդիպակած կողմը, ըսելով որ «Գնա՛յ որ թուրքերը սպաննեն քեզ»։
Այժմ Ազիզ Օրուչ արդէն բանտարկուած է թրքական բանտերէն մէկուն մէջ եւ յայտնի չէ թէ որքան կը տեւէ անոր բանտարկութեան շրջանը ու տակաւին ի՞նչ վտանգներ կը սպառնան իրեն։
Իւրաքանչիւր պետութիւն պարտի պատասխանատու ըլլալ մանաւանդ անարդարութեան ենթարկուած անհատի անվտանգութեան համար։ Այս բաները պէտք չէ կախեալ ըլլան երկիրներուն տուեալ պահու կամ դիրքի թելադրած պայմաններէն։ Գիտենք որ նոյնիսկ բացայայտ յանցագործներ ուրիշ երկրի մէջ ձերբակալուելով չեն յանձնուիր այն երկրին, ուր կը տիրէ մահապատիժը։ Այդքանը բաւարար է, որ երկիրներ հրաժարին իրենց սահմաններէն ներս ձերբակալուած մէկը պահանջով երկրին վերադարձնելէ։ Մանաւանդ երբ խնդրոյ առարկայ է անհատի կեանքի անվտանգութիւնը, այդ անհատը մահուան ճիրանները նետելը շատ ծանր յանցագործութիւն պէտք է համարուի։
Կարճ խօսքով անընդունելի է Ազիզ Օրուչի ապաստանելու խնդրանքին մերժումը։
pakrates@yahoo.com