Աւարտեցինք պատրիարքական ընտրութիւն մը եւս։ Աշխարհասփիւռ պոլսահայութեան համար նոր յոյսերով լցուելու առիթ մը գոյացած է մեր դիմաց։ Այս պահուն կարծես իրաւունք չունինք յոռետեսութեան։ Գիտենք որ յոռետեսութիւնը բնազդային թերութիւն մըն է եւ բոլոր պայմաններու մէջ կրնայ գտնել առարկութեան ինչ ինչ պատճառներ։ Մի գուցէ այդ պատճառները կրնան նաեւ իրաւացի թուիլ։ Կրնայ ըսուիլ թէ մանկական միամտութիւն է տուեալ պայմաններու մէջ դրական յոյսեր պահելը։ Իսկապէս ալ այդպէս մտածելու համար բաւականին պատճառներ կան մեր դիմաց։ Բայց այդ պայմանները ի՞նչ ալ թելադրեն, մենք պարտաւոր ենք բարիի նկատմամբ յոյսը միշտ վառ պահելու։ Եթէ այդքանէն ալ հեռու մնանք ո՞վ կրնայ երաշխաւորել թէ աւելի քան 13 հազար ձայներով պատրիարք ընտրելու կենսունակութիւն ցոլացնող այս պատկերն ալ օր կու գայ երանելի անցեալ ըլլալով կը յիշուի։
Ի դէմ բազմաբնոյթ անճարակութիւններու վերջապէս մեր աւանդութեան համապատասխան կերպով կատարեցինք ընտրութիւնը։ Այս գրութեան գրուած ժամերուն արդէն նորընտիր Պատրիարքը Սահակ Բ. «Հրաշափառ»ի երգեցողութեամբ մուտք պիտի գործէ Մայր Եկեղեցի եւ պիտի դառնայ նորընտիր գահակալը այս պատմական աթոռին։
Սխալ համոզումները կանխելու համար պարտինք նշել թէ մենք հոգեւոր առաջնորդի կոչումէն պետութեան հետ կրուիլը չէ որ կը սպասենք։ Անշուշտ որ իւրաքանչիւր պատրիարք ստիպուած է պետութեան հետ իր յարաբերութիւնները լաւ պահելու։ Սակայն այդ չնշանակէր ազգին արժանիքները ոտնակոխել ժողովուրդին ընդվզում պատճառող յայտարարութիւններով հանդէս գալ։ Բան մը, որուն ափսոս յաճախ ականատես եղանք անցնող տարիներու ընթացքին։ Պոլսահայ ժողովուրդը ունի կենսական խնդիրներ։ Այս պահուն պատրիարքէն ակնկալուածը այդ կենսական խնդիրներու արդար լուծումներ բերելն է։ Այդ խնդիրներու կարեւորագոյնն է բարերարներու իրենց նուիրատուութեամբ ձեռք բերած անհիմն իշխանութեան վերջ տալ։ Ներառեալ պատրիարքական ընտրութեան այս վերջին պատկերը մեր ընկերային կեանքի զանազան փուլերուն մէջ ափսոսանքով տեսանք կարգ մը դէմքերու ազգին ճակատագրին վրայ ունեցած թերի հետեւանքները։ Հակառակ որ ազգի հաւաքական ներուժը ունի բազմաթիւ կարելիութիւններ, այդ կարելիութիւններու արժանի կերպով շահագործուելու մէջ տեղի ունեցած թերացումը գետին պատրաստեց որոշ անճարակութիւններու եւ այդ պայմաններու մէջ ալ ազգին կամքը ոտնակոխուեցաւ որոշ շրջանակներու կողմէ։ Ուրեմն շատ բան ուզած չենք ըլլար, եթէ նորընտիր պատրիարքէն սպասենք այս տեսակ զանցառութիւններու հետեւանքով գոյացած սխալութիւններու կանխումը։ Սահակ Բ. Պատրիարքի գահակալութեան յաջողութիւնը ամբողջովին առնչուած է այս խնդիրներու լուծման համար իր մատուցելիք ծառայութիւնով։
Ուրեմն ինչ որ ըսինք գրութեան մուտքին արժէ կրկնել նոյնութեամբ։
Աւարտած է նախընտրութեան շրջանը։ Որքան ալ արդար ըլլայ, գոնէ մեզ համար աւարտած է նաեւ անօրէն կանոնագրութեան դէմ մղուած կռիւը։ Այս հանգրուանին խնդիրը միայն ու միայն դատարանի օրակարգին է։ Մինչեւ այդ ծիրէն նոր զարգացումի մը յայտնութիւնը, մենք ստիպուած ենք նորընտիր պատրիարքը ողջունելու եւ իր ծառայութեան մէջ յաջողութիւն մաղթելու։
Խուսափինք Պոլսոյ պատրիարքը անքննադատելի հոգեւոր առաջնորդի մը սահմանումի մէջ ընկալելէ եւ գիտակցինք, թէ այդ աթոռի վրայ բազմած է նաեւ քաղաքական գործիչ մը, որ ինչպէս անցեալին այսուհետեւ եւս իր դրական քայլերով պիտի ողջունուի ու թերութիւններով ալ անխնայ պիտի քննադատուի բոլորին կողմէ։
Յիշելով Շղթայակիր Կաթողիկոսը, բարի ծառայութեան եւ յաջողութեան մաղթանքներով ողջոյն Թուրքիոյ Հայոց 85-րդ Պատրիարքին՝ Սահակ Բ.-ին։