Անգամ մը եւս թեւակոխած ենք տարօրինակ ու անբաղձալի նիւթերով լեցուն շաբաթ մը։ Մեզի վիճակուողը եղաւ այն՝ որուն նմանը կը վիճակի ամէն օր տանտիկիններուն։ «Այսօր ի՞նչ եփեմ» հարցումն է մեր տիկնանց մղձաւանջը։ Իսկ իմ մղձաւանջը. «Այսօր ի՞նչ գրեմ» կամ «Այսօր ի՞նչ խօսիմ» հարցումներով կը թեւածէ մտքիս մէջ։ Ունիմ հաւատարիմ ընթերցողներ, որոնք ամէն շաբաթ հետաքրքրութեամբ եւ ուշադրութեամբ կը հետեւին «Ակօս»ի մէջ լոյս տեսնող «Մենք ու Մերոնք» սիւնակին։ Կայ նաեւ ընթերցողներու ուրիշ փաղանգ մը եւս, որոնք նման հոգեբանութեամբ կը կարդան այս անգամ «Եէնի Եաշամ» թերթի մէջ շաբաթական հերթականութեամբ հրատարակուած սիւնակը։
Սիրողական ուրախ զբաղում մըն է Փարիզ սփռուող «Այբ ՖՄ» ռատիօ հաղորդման համար պատրաստուած «Ակօսի խմբագրատունէն Բագրատ Էսդուգեանի հետ» հաղորդումը։ Իւրաքանչիւր երկուշաբթի ուղիղ սփռուած այդ հաղորդումը նիւթ կ՚ունենայ «Ակօս»ի վերջին թիւի բովանդակութիւնը եւ տեղական մամուլի վերջին շաբաթուայ անցուդարձներու մասին լրատուութիւնները։
Աւելի քան չորս տարիէ ի վեր իւրաքանչիւր շաբաթ առաւօտ կը շարունակուին «Աչըք Ռատիօ» կայանի վրայ «Ռատիօ Ակօս» հաղորդումը, որ հերթափոխութեամբ կը տանինք «Ակօս»ի խմբագրապետ Եդուարդ Տանձիկեանի հետ։
Արդէն շուտով երրորդ տարուան կը թեւակոխէ «Արթը ԹՎ» հեռուստակայանով սփռուած «Հաֆթանըն Հայը Հույու» հաղորդաշարը, որ կը սփռուի ամէն կիրակի երեկոյ։ Այս ծրագիրն ալ միասնաբար կը պատրաստենք քաղաքիս պատմական մամլոյ գործակալութիւններէն յունարէն «Ափոեւմաթինի» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Միխայիլ Վասիլեատիսի հետ։
Չեմ ուզեր սխալ հասկցուիլ, երբեք դժգոհ չեմ այս բեղուն աշխատանքէն։ Միշտ ուշադրութիւն սեւեռեցի քաղաքական եւ ընկերային նիւթերու։ Կրնամ ըսել թէ խօսք ունէի, բայց ոչ լեզու։ Այժմ երբ այդ լեզուն ալ ունիմ, առանց վարանումի կ՚ընդառաջեմ ինծի ուղղուած բոլոր հրաւէրներուն։ Նոյնիսկ չեմ վարանիր տարբեր գաղափարով լեցուն մարդկանց հրաւէրներէն։ Չէ որ, ես իմ խօսքն է որ պիտի ըսեմ, այլ ոչ ոեւէ մէկուն ակնկալածները։ Մերթ համալսարանի մը դասարանին մէջ ելոյթ կ՚ունենամ, մերթ քաղաքապետարանի մը դահլիճին։ Երբեմն կը հրաւիրուիմ այս կամ այն հասարակական կազմակերպութեան կողմէ, որոնց միջոցառումները մերթ իրենց սահմանափակ տարողութեամբ կեդրոնին մէջ կը կայանայ մերթ ալ որեւէ սրճարան կամ նման վայր։ Բոլորը կը խոստանան նոյն բանը՝ նոր հանդիպումներ եւ նոր ծանօթութիւններ։ Ուրախ եմ այս զբաղումով։
Ուրախ եմ՝ որքան ատեն որ հեռու եմ սիրտ մաշեցնող պատրիարքական ընտրութեան նիւթէն։ Սիրտ մաշեցնողը ընտրութիւնը չէ, այլ երկրի ինքնակամ վարչակարգին մեր փոքրաթիւ համայնքի վրայ ալ նոյն ընթացքով կիրարկումը։ Նախաձեռնարկ մարմինը ոտնակոխեց ընտրութեան անհրաժեշտ սկզբունքներէն մէկը, որն է քուէներու բացայայտ դասաւորումը։ Ընտրելու գաղտնապահութեան համազօր էական է արդիւնքներու հրապարակային դասաւորումը։ Ցանկացող անհատ իրաւունք կ՚ունենայ գոնէ իր քուէարկած սնտուկին դասաւորումին հետեւելու։ Սակայն Նախաձեռնարկ Մարմինը կամայական որոշումով այդ գործընթացին ալ արգելք կը բերէ։ Համբերութիւնս սպառած է եւ բնաւ տրամադիր չեմ այս անօրէնութիւններու մասին խօսելու կամ գրելու, քանի որ ընթերցողն ալ մատնուած է նոյն յուսալքութեան։ Չարեաց փոքրագոյնը ընտրելը ոչ ոքի համար ցանկալի այլընտրանք է։ Մինչդեռ առիթ գոյացած էր թափուր աթոռը արժանի գահակալով մը օժտելու համար։ Հազար ափսոս չեղաւ, չստացուեց։
pakrates@yahoo.com