Եթէ մեծն Կոմիտաս իր նուիրեալ վաստակով երաժշտական հսկայ ժառանգ մը թողուց հայ ազգին, բանաստեղծ Պարոյր Սեւակ ալ Կոմիտաս վարդապետին վաստակին ձօնուած իր գլուխգործոցով նոյնքան բովանդակալից ժառանգ մը թողած եղաւ իր ազգին։ Ահա այդ երկուքը երկուշաբթի երեկոյ Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանի երդիքին տակ միացուլուեցան իրար հետ շնորհիւ Տատեան վարժարանի հիմնադրութեան 175-ամեակին ձօնուած մշակութային նախաձեռնութեան։ Իսկապէս ալ կոթողային գործ մըն է Սեւակի՝ «Անլռելի Զանգակատուն» մենագրութիւնը, որ բանաստեղծի հանճարի արտակարգօրէն փայլուն դրսեւորումը կը ներկայացնէ։ Երբ գործը այդքան փայլուն է, հարկ է զայն ներկայացնել այդ փայլին համապատասխան արուեստական որակով։ Ահա այդ պահուն է, որ կը յայտնուի դերասան Արամ Կոստանեանի Աստուածատուր տաղանդը եւ մեծ վարդապետը կարծես կը վերակենդանանայ իր բազմաբնոյթ վիշտերով։ Այդ բոլորին ականատես եղան, այն բախտաւորները, որոնք ներկայ էին 5 Նոյեմբեր երկուշաբթի երեկոյ Տատեան վարժարանի Տիգրան Կիւլմեզկիլի անուան դահլիճին մէջ։ Այդ օր դպրոցի դահլիճին մէջ Խօսուն էր Սեւակի զանգակատունը։ Խօսուն էր, որպէսզի անոր ղօղանջները հասնին երկնքի հեռաւոր անկիւններ եւ լսելի դառնան նոյն ինքն Կոմիտասին, թէ դրուատման ինչ խօսքերով լինք կը բարեբանէ հայոց լեզուի տիտանը Պարոյր Սեւակ։
Իրականութեան մէջ դերասան Արամ Կոստանեան իր բեմադրութիւնը չէր սահմանած լոկ արտասանութեամբ։ Այլեւ ան ներկայացուց իր կողմէ ձեւաւորուած թատերական պատկեր մը, որու մէջ պաշտօններ ստանձնեցին վարժարանի սաներ, Արալ Ճան, Տուվարճը, Աքսել Ճերենօղլու, կարէն Արսլան եւ Պուրաք Սիւմեր։
Միջոցառման բացումը բարի գալստեան ուղղերցով մը կատարեց 175-ամեակի յանձնախումբի անունով դպրոցի վաստակաւոր նախկին տնօրէնուհին՝ օրիորդ Հերմինէ Պենլիօղլու։ Ասմունքի այս իւրայատուկ բեմադրութեան մէջ դերեր ստանձնեցին եւ Կոմիտասեան երգերով հանդէս եկան Լիտա Քէօսէօղլու եւ Արի Պարութօղլու։
Տրուած ըլլալով որ ինք անձամբ քաղաքէս կը բացակայէր, Տեղապահ Սրբազանի այս առթիւ նախապէս գրի առած պատգամը միջոցառման աւարտին հնչեց Հերմինէ Պենլիօղլուի ձայնով։
Ահաւասիկ անգամ մը եւս գոյացած էր պարծանքի նոր առիթ մը յանուն պոլսահայութեան, որ բացարձակապէս անմասն չէր մնացած Կոմիտաս վարդապետի հետզհետէ համաշխարհային բնոյթ ունեցող ոգեկոչման աշխատութիւններուն։ Միւս կողմէ ոչ միայն տատեանցիներ, այլ ամբողջ Պոլսոյ հայութիւնը պարտական է Արամ Կոստանեանի վաստակին դիմաց, քանի որ այդ վաստակը ամէն առթիւ իր բաշխած հարստութեամբ կը զարգացնէ մեր ճաշակը։