ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Ատիս Հարմանտեան Ընդդէմ «Իմաստուն այրեր»ու

Լի­բա­նա­­նա­հայ հան­­րա­­­ծանօթ եր­­գիչ Ատիս Հար­­մանտեանի մա­­հը մեծ կո­­րուստ է հայ երաժշտու­­թեան աշ­­խարհի հա­­մար։ Եր­­կար տա­­րիներ բնա­­կու­­թիւն հաս­­տա­­­տելով Միացեալ Նա­­հանգներ, կարգ մը թեր­­թեր զինք կո­­չեցին «Ամե­­րիկա­­հայ եր­­գիչ»։ Ամե­­րիկա­­հայ կամ լի­­բանա­­նահայ, ինչ կո­­չում ալ վե­­րագ­­րուի, մեզ՝ պոլ­­սա­­­հայե­­րուս հա­­մար շատ մե­­ծ է անոր արո­­ւես­­տին նշա­­նակու­­թիւնը։

Մին­­չեւ 1970 թո­­ւակա­­նի իր յայտնու­­թիւնը, պոլ­­սա­­­հայու­­թիւնը հայ եր­­գի հան­­դէպ կ՚ապ­­րէր բա­­ռին բուն իմաս­­տով աղ­­քա­­­տու­­թեան պայ­­մաննե­­րուն մէջ։ Հա­­յախօս ըն­­տա­­­նիք­­նե­­­րէ ներս տա­­րածու­­թիւն ու­­նե­­­ցող եր­­գե­­­րու ցան­­կը հա­­զիւ թէ հաս­­նէր տաս­­նի։ Այդ տաս­­նի մէջ կը բա­­ցակա­­յէին ժո­­ղովրդա­­կան եւ աշու­­ղա­­­կան եր­­գե­­­րը։ Մեր եր­­գա­­­ցան­­կին գլխա­­ւոր օրի­­նակ­­նե­­­րէն էին Կո­­միտաս վար­­դա­­­պետի «Կռունկ»ը, հայ ինքնու­­թեան յատ­­կա­­­նիշ­­նե­­­րով լե­­ցուն «Ծի­­ծեռ­­նա­­­կը», Մես­­րո­­­պեան տա­­ռերու գիւ­­տին 1500-ամեակին առ­­թիւ յօ­­րինո­­ւած «Ով մե­­ծաս­­քանչ թու լե­­զու», «Հին­­գա­­­լա», «Պճին­­կօ», «Գի­­նովի եր­­գը» եւ այլ մի քա­­նի կրկնու­­թիւն։ Այդ տա­­րինե­­րուն հան­­դէս եկաւ նաեւ Հայ­­կա­­­րամ Թա­­թարեան, որ Հայ­­քօ անու­­նով եւ «Կա­­պելա­­ներու ար­­քայ» տիտ­­ղո­­­սով մեծ համ­­բա­­­ւի տի­­րացաւ «Սուտ է, սուտ է» եր­­գով։

Նման աղ­­քա­­­տու­­թեան հիմ­­նա­­­կան պատ­­ճա­­­ռը Թուրքիոյ Խորհրդա­­յին Միու­­թեան հան­­դէպ որ­­դեգրո­­ւած մե­­կու­­սացման քա­­ղաքա­­կանու­­թիւնն էր։ ԱՄՆ-ի դաշ­­նա­­­կից ըլ­­լա­­­լով, Թուրքիա այ­­սօր եղ­­բայրա­­կան շռնդա­­լից ար­­տա­­­յայ­­տութիւննե­­րով փա­­ռաբա­­նած Ատրպէյ­­ճա­­­նը եւս դրած էր նման մե­­կու­­սացման մէջ։ Ան­­դին Իրան, Լի­­բանան կամ Սու­­րիոյ նման եր­­կիրնե­­րու հա­­յու­­թիւնը յա­­ջողած էին Հա­­յաս­­տա­­­նի հետ լաւ յա­­րաբե­­րու­­թիւններ մշա­­կել։ Օրի­­նակի հա­­մար Երե­­ւանի Պե­­տական Հա­­մալ­­սա­­­րանի դռնե­­րը բաց էին Սու­­րիոյ հայ երի­­տասարդնե­­րուն դի­­մաց։

Մես­­րոպ Բ. պատ­­րիարք ան­­գամ մը պատ­­մած էր թէ Սա­­յաթ Նո­­վայի անու­­նը առա­­ջին ան­­գամ լսած է Լոն­­տո­­­նի հան­­րա­­­կացա­­րանի իր պարսկա­­հայ ըն­­կերնե­­րու մի­­ջոցաւ։

Խա­­չիկ Աբե­­լեան դեռ չէր գա­­ցած Հա­­յաս­­տան եւ Սուրբ Խաչ Դապ­­րե­­­վան­­քի սա­­նուց միու­­թիւնը տա­­կաւին չէր բե­­մադ­­րած իր ան­­նա­­­խադէպ «Եր­­գի- պա­­րի հա­­մոյթ»նե­­րը։

Նման ցամ­­քա­­­ծու­­թեան մէջ պոլ­­սա­­­հայ ար­­ժա­­­նաւոր մտա­­ւորա­­կան Յա­­կոբ Սվաս­­լեանի նա­­խաձեռ­­նութեամբ Ատիս Հար­­մանտեան ժա­­մանեց Իս­­թանպուլ եւ իր հա­­մերգնե­­րով երկրա­­շար­­ժի մը ազ­­դե­­­ցու­­թիւնը գոր­­ծեց ոչ միայն պոլ­­սա­­­հայութեան, այլ առ­­հա­­­սարակ Իս­­թանպու­­լի երաժշտա­­կան մի­­ջավայ­­րի վրայ։ Բազ­­մա­­­թիւ այ­­լազգի եր­­գիչներ թրքե­­րէն բա­­ռերով մեկ­­նա­­­բանե­­ցին իր եր­­գե­­­րը։

Հար­­մանտեանի եր­­գե­­­րը իրենց բա­­ռերով եւս գրա­­կան ար­­ժէք ներ­­կա­­­յացու­­ցին, նպաստեցին հա­­յախօ­­սութեան։ Հա­­մերգնե­­րու կող­­քին «Արաս Փլաք» ըն­­կե­­­րու­­թիւնը տպեց իր եր­­գե­­­րու ձայ­­նասկա­­ւառա­­կը, որու մի­­ջոցաւ շատ աւե­­լի լայն տա­­րածո­­ւեցաւ Ատի­­սեան եր­­գե­­­րը։

Այդ տա­­րինե­­րուն ո՞ր պոլ­­սա­­­հայ թեր­­թը գրած էր, ո՞ր պոլ­­սա­­­հայը լսած էր «Իմ դա­­րաւոր Էրե­­բու­­նի, ջա­­հել ես այդքան, եր­­կու հա­­զար եօթը հա­­րիւր յի­­սուն տա­­րեկան» բա­­ռերը։

Չա­­րաբաս­­տիկ այդ տա­­րինե­­րուն պոլ­­սա­­­հայոց «իմաս­­տուն» այ­­րե­­­րը ամէն ջանք կը վատ­­նէին Խորհրդա­­յին Հա­­յաս­­տա­­­նը ստո­­ւերի տակ պա­­հելու հա­­մար։ Նոյ­­նիսկ մեր հա­­յոց լե­­զուի դա­­սատու­­նե­­­րը մեծ կո­­րովով կը պայ­­քա­­­րէին Յով­­հաննէս Թու­­մա­­­նեանի, Աւե­­տիք Իսա­­հակեանի, Եղի­­շէ Չա­­րեն­­ցի, Յով­­հաննէս Շի­­րազի, Պա­­րոյր Սե­­ւակի, Հա­­մօ Սա­­հեանի կամ Ռազ­­միկ Դա­­ւոյեանի անուննե­­րը շրջան­­ցե­­­լու հա­­մար։ Իբ­­րեւ թէ աշա­­կեր­­տը պի­­տի խնա­­յէն արե­­ւելա­­հայե­­րէնի ազ­­դե­­­ցու­­թե­­­նէն։

«Իմաս­­տուն այ­­րեր»ու դէմ տա­­րածուած յաղ­­թա­­­նակ մըն էր Ատիս Հար­­մանտեանի Պոլ­­սոյ հա­­մերգնե­­րը, որոնց հա­­մար այս քա­­ղաքին մէջ ընդմիշտ պի­­տի յի­­շուի իր շնորհքը, վաս­­տա­­­կը եւ ներդրու­­մը։

 

pakrates@yahoo.com