ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

ՀՏՓ կը ձգտի դժուարը յաղթահարելու

Ժողովուրդնե­րու ժո­ղովրդա­կան կու­սակցու­թիւնը (ՀՏՓ), ընտրո­ւած քա­ղաքա­պետ­նե­րու փո­խարէն հո­գաբար­ձուներ նշա­նակե­լու որո­շու­մէն շատ աւե­լի կա­նուխ օրա­կար­գի բե­րած էր «Ժո­ղովրդա­վարա­կան դա­շինք» մը կազ­մե­լու խնդի­րը։ Այս առա­ջար­կը իրա­ւացի գե­տին մը գտած էր, երբ շրջա­նային վար­չութիւննե­րու ընտրու­թեան նա­խօրէին ՀՏՓ առանց նա­խապայ­մա­նի զօ­րակ­ցե­ցաւ ընդդի­մադիր կու­սակցու­թիւննե­րուն հետ։

Նման դա­շին­քի մը շօ­շափե­լիք առա­ջին խնդիր­նե­րէն մէկն ալ կը ներ­կա­յանայ նոր սահ­մա­նադ­րութեան մը նա­խագ­ծի մա­սին միտ­քե­րու փո­խանա­կու­մով։

Սահ­մա­նադ­րութիւննե­րը կը հա­մարուին երկրի մը ազ­գա­յին հա­մաձայ­նա­գիրը։ Պատ­ճեն մը, որուն շա­րադ­րութեան մէջ տի­րող հիմ­նա­կան գոր­ծօ­նը ար­դա­րու­թիւնն է։ Բայց է՞ ար­դեօք։ Խիստ վի­ճելի է նման հար­ցումի մը առանց վե­րապա­հու­թեան դրա­կան պա­տաս­խան տալ։ Վի­ճելի է, քա­նի որ «ազ­գա­յին հա­մաձայ­նա­գիրը» մշա­կուած ու վա­ւերա­ցուած է պե­տական մտա­ծելա­կեր­պի թե­լադ­րանքնե­րու հի­ման վրայ։ Այդ իսկ պատ­ճա­ռաւ, զի­նուո­րական հա­րուա­ծէ ետք, ար­տա­կարգ պայ­մաննե­րու տակ պատ­րաստո­ւած 1981-ի սահ­մա­նադ­րութեան հե­ղինակ Օր­հան Ալ­տը­քաչ­թը, իր պատ­րաստած օրի­նագրքի միտք բա­նին կը նկա­րագ­րէր. «Նա­խապէս սահ­մա­նադ­րութիւ­նը պատ­րաստո­ւած էր պե­տու­թեան դէմ քա­ղաքա­ցին պաշտպա­նելու հե­ռան­կա­րով։ Մենք այժմ պե­տու­թիւնը քա­ղաքա­ցիի դի­մաց պաշտպա­նող սահ­մա­նադ­րութիւն մը գրե­ցինք»։

Նման խոս­տո­վանու­թիւնը գայ­թակղու­թիւն կը հա­մարո­ւի քա­ղաքա­կիրթ բո­լոր եր­կիրնե­րէ ներս։ Իսկ Թուրքիոյ մէջ դի­մաւո­րուե­ցաւ մեծ ան­փութու­թեամբ։

Եթէ խօս­քը կը վե­րաբե­րի ազ­գա­յին հա­մաձայ­նագրի, անհրա­ժեշտ է ազ­գի ներ­կա­յու­թիւնը տո­ւեալ որո­շու­մի մէջ։ Իրո­ղու­թիւն է թէ այստեղ հա­սարա­կու­թիւնը եր­բեք նմաան պա­հան­չով չէ ներ­կա­յացած։ Այլ պե­տու­թիւնն է որ յօ­ժարած է որոշ բա­րեփո­խումնե­րու։ Տես­նե­լով զար­գա­ցած եր­կիրնե­րու յա­ռաջըն­թա­ցը, որո­շած է ինք եւս նման օրի­նագիրք մը ու­նե­նալ։

Սահ­մա­նադ­րութեան չգո­յու­թեան շրջա­նին ար­դա­րու­թիւնը կը կա­յանար «քա­տը» կո­չեալ դա­տաւոր­նե­րու վճի­ռով։ Իսկ անոնք ալ կը գոր­ծէին «շե­րիաթի» այ­սինքն կրօ­նական պա­տուի­րան­նե­րու ցուցմունքին հա­մաձայն։

Օս­մա­նեան կայսրու­թեան տա­րինե­րուն ան­նա­խադէպ յա­ջողու­թիւն մըն էր ու­նե­նալ ազ­գա­յին սահ­մա­նադ­րութիւն, որուն տի­րացաւ երկրի հայ ժո­ղովուրդը 1863 թո­ւին։ Այդ սահ­մա­նադ­րութեան լիազօ­րու­թիւնը սահ­մա­նափա­կուած էր հայ ան­հատնե­րով միայն։ Ապա, քա­նի մը տաս­նա­մեակ անց, հա­յոց ազ­գա­յին սահ­մա­նադ­րութեան հե­ղինակ հայ իրա­ւագէտ­նե­րու ալ ներդրու­մով պատ­րաստո­ւեցաւ ամ­բողջ երկրի տա­րած­քին ի զօ­րու եղող առա­ջին սահ­մա­նադ­րութիւ­նը՝ «Քա­նուն ը էսա­սի» անու­նով։

Այդ օրէնսգրքի թուրք եւ մահ­մե­տական հա­սարա­կու­թեան մօտ պատ­ճա­ռած գլխա­ւոր ան­հանդուրժո­ղակա­նու­թիւնը երկրի բո­լոր բնա­կիչ­նե­րու հա­ւասա­րու­թեան մա­սին ակ­նարկու­թիւնն էր։ Անոնք նա­խապէս կը դա­սուէին վեր­նա­խաւ։ Որ­քան ալ զրկանքնե­րու դա­տապար­տո­ւած ըլ­լան, գո­նէ զգա­ցական առու­մով հպարտ էին իրենց կրօ­նի իմաս­տով։ Հան­րա­պետա­կան շրջա­նին ան­ցեալին մահ­մե­տակա­նին փո­խարի­նած է թուրքը։ Իմաս­տա­լից է կար­գա­խօսը՝ «Երա­նի անոր որ թուրք եմ կ՚ըսէ»։ Փո­խանակ թուրք ծա­գու­մին, թուրքէ սե­ռած ըլ­լա­լու, ի պա­տուի է «թուրք եմ» ըսե­լը։

Հի­մա պատ­կե­րը դար­ձեալ նման է, ժո­ղովրդա­վարու­թիւնը կը պա­հան­ջէ հա­ւասա­րու­թիւն բո­լորի հաշ­ւոյն։ Մար­դիկ կ՚ու­զեն «քիւրտ եմ», «լազ եմ», «հայ, յոյն, հրեայ, ասո­րի եմ» ըսե­լով տի­րանալ նոյն ար­ժէ­քին, ինչ որ ան­տե­սուած էր ամ­բողջ պատ­մութեան մը ըն­թացքին։

Խոստովանինք որ ամենամարդկայինը պահանջելով բաւականին դժուար է ՀՏՓ-ի գործը այս պայմաններուն տակ։

pakrates@yahoo.com