ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Մենք ու մերոնց հոգերը

Հին թրքա­­կան ասա­­ցուած­­քին հա­­մաձայն, որոշ տրա­­մաբա­­նու­­թիւն կայ մին­­չեւ կա­­մուրջը անցնիլ, ար­­ջուն քե­­ռի ըսե­­լու մէջ։ Մարդ պէտք է իր ու­­ժե­­­րու սահ­­մաննե­­րուն գի­­տակ­­ցի եւ ըստ այնմ վա­­րուի։ Այս խնդրին մէջ տա­­րօրի­­նակու­­թիւնը կը սկսի, երբ կա­­մուրջը անցնե­­լէն ետք, այ­­սինքն վտան­­գը թօ­­թափե­­լէ ետք կը շա­­րու­­նա­­­կես ար­­ջուն քե­­ռի կո­­չել։

Հայ-թրքա­­կան կամ հայ-ռու­­սա­­­կան յա­­րաբե­­րու­­թիւննե­­րը յա­­ճախ կը յի­­շեց­­նեն այս ասա­­ցուած­­քը։ Թէ Օս­­մա­­­նեան կայսրու­­թիւնը, թէ հան­­րա­­­պետա­­կան Թուրքիան, միւս կող­­մէ թէ ռու­­սա­­­կան կայսրու­­թիւնը, թէ Խորհրդա­­յին միու­­թիւնը եւ թէ ներ­­կայ Ռու­­սիոյ դաշ­­նակցու­­թիւնը աւե­­լի հզօր պե­­տու­­թիւններ եղած են բուռ մը Հա­­յաս­­տա­­­նի դի­­մաց։ Ու­­րեմն զար­­մա­­­նալի չէ որ պատ­­մութեան որոշ հա­­տուած­­նե­­­րուն այդ հզօ­­րու­­թեան դի­­մաց զի­­ջող դիր­­քի մէջ մնանք։

Մեր խնդի­­րը, ոչ թէ ժա­­մանա­­կաւոր ռազ­­մա­­­վարու­­թիւն, այլ ազ­­գա­­­յին յատ­­կութիւն ըլ­­լա­­­լով ար­­ջը քե­­ռիի վե­­րածե­­լու երե­­ւոյ­­թով կը յայտնո­­ւի։

Այս սիւ­­նա­­­կի վրայ նա­­խապէս ալ խօ­­սած ենք հայ ժո­­ղովուրդի մայ­­րե­­­նի լե­­զու­­նե­­­րէն մէ­­կուն ալ թրքե­­րէն ըլ­­լա­­­լուն մա­­սին։ Նկա­­տի ու­­նե­­­նալով ազ­­գի արե­­ւելեան հա­­տուա­­ծը, թէեւ աւե­­լի նո­ւազ ազ­­դե­­­ցու­­թեամբ, նման հա­­մոզում կա­­րելի է վե­­րագ­­րել ռու­­սե­­­րէնի եւս։ Այստեղ «աւե­­լի նո­­ւազ» հա­­մեմա­­տու­­թիւնը առնչո­­ւած է ժա­­մանա­­կի տե­­ւողու­­թեան։ Վեր­­ջա­­­պէս թուրքե­­րու հետ մեր հա­­րեւա­­նու­­թիւնը շատ աւե­­լի եր­­կա­­­րատեւ եղած է բաղ­­դատմամբ ռու­­սաց։

Ինք նոյ­­նիսկ ազգ հաս­­կա­­­ցողու­­թիւնը հա­­յերէ շատ աւե­­լի ուշ իւ­­րա­­­ցու­­ցած թուրքին լե­­զուն ի՞նչպէս յա­­ջողե­­ցաւ հայ ժո­­ղովուրդին բեր­­նին մէջ հա­­րազատ գե­­տին մը գտնել։ Այս հար­­ցումին իբր պա­­տաս­­խան կրնանք յի­­շել բռնի պար­­տադրան­­քի վար­­կա­­­ծը։ Մի գու­­ցէ գոր­­ծօննե­­րէն մէ­­կը ըլ­­լայ, բայց ինքնին գո­­հացու­­ցիչ պա­­տաս­­խան մը չէ։ Կ՚երե­­ւի աւե­­լի հա­­մոզիչ ըլ­­լայ «պե­­տակա­­նու­­թիւն» բա­­ռի նշա­­նակու­­թիւնը։ Որով­­հե­­­տեւ շատ մը տե­­ղեր հա­­յախօ­­սու­­թե­­­նէ դադ­­րե­­­լով թրքա­­խօսու­­թիւնը իւ­­րացնե­­լը կա­­մաւոր նա­­խասի­­րու­­թիւն մը ըլ­­լա­­­լով յայտնո­­ւեցաւ։

Նման նա­­խասի­­րու­­թիւնը այ­­սօր ալ կը շա­­րու­­նա­­­կուի թէ թրքե­­րէնի, եւ թէ ռու­­սե­­­րէնի հան­­դէպ։ Աւե­­լին՝ օտար լե­­զուի նկատ­­մամբ այս հա­­կու­­մը իր բնա­­կան անդրա­­դար­­ձը ու­­նե­­­ցաւ նաեւ հա­­յոց աւան­­դա­­­կան անձնա­­նուննե­­րու վրայ։ Աւե­­լի քան կէս դա­­րէ ի վեր, թրքա­­հայու­­թիւնը իր զա­­ւակ­­նե­­­րը անո­­ւանա­­կոչե­­լու հա­­մար կը դի­­մէ ոչ հայ­­կա­­­կան անուննե­­րու։ Այդ հո­­սան­­քը սկսաւ նախ եւ­­րո­­­պական, արեւմտեան փառ­­քե­­­րու մեր­­ձեցմամբ, ապա հետզհե­­տէ վե­­րածո­­ւեցաւ թրքա­­շունչ անուններ որ­­դեգրե­­լու աղ­­տին։ Նոր սե­­րունդը ժա­­մանա­­կավ­­րէպ, կամ աւե­­լի տա­­րածուն ար­­տա­­­յայ­­տութիւ­­նով «տէ­­մօտէ» կը հա­­մարէր մեր ազ­­գա­­­յին ինքնու­­թեան երաշ­­խի­­­քը եղող անուննե­­րը։ «Մատ մը չօ­­ճու­­խին Ան­­թա­­­ռամ տի­­յէ անո՞ւն մի կը դրո­­ւի» կը հարցնէին նոր սե­­րունդի փափ­­կա­­­սուն հայ քաղ­­քե­­­նի տի­­կին­­նե­­­րը։

Նման մտա­­ծելա­­կեր­­պը յաղ­­թա­­­հարե­­լու, ստոր­­նութեան բար­­դոյթը թօ­­թափե­­լու երաշ­­խի­­­քը ոչ կոյրզկու­­րայն ազ­­գայնա­­կանու­­թիւնն է եւ ոչ ալ եկե­­ղեցին։ Փոր­­ձութեամբ տե­­սանք եր­­կուքին ալ ան­­բա­­­ւարա­­րու­­թիւնը։ Ազ­­գայնա­­կան ձե­­ւացող­­նե­­­րը պայ­­քա­­­րեցան թրքա­­խօսու­­թեան դէմ, իրենց զա­­ւակ­­նե­­­րը դարձնե­­լով անգլիախօս կամ ֆրան­­սա­­­խօս։

Փրկու­­թեան երաշ­­խի­­­քը Հա­­յաս­­տա­­­նի Հան­­րա­­­պետու­­թիւնն է, հա­­յոց պե­­տակա­­նու­­թիւնը՝ իր բազ­­մաբնոյթ կա­­ռոյցնե­­րով։

Հոգ չէ թէ հոն ալ Լե­­ւոնէն ետք կար­­գաւ թա­­գաւո­­րեցին Ռո­­պէր­­թը, Սեր­­ժը եւ հի­­մա ալ Նի­­կոլը։

Վհա­­տելու պատ­­ճառ չկայ, հայ ազ­­գը յա­­ւեր­­ժի ճամ­­բորդ է, եւ ան­­ցած ու­­ղիին մէջ ապա­­գայի սե­­րունդնե­­րը յե­­տադարձ կը դի­­տեն այս օրե­­րը ու կը ցա­­ւին մեր վրայ «խեղ­­ճե­­­րը ի՞նչ պա­­րապ խնդիր­­ներ հոգ ըրած են» ըսե­­լով։