ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Կրօնքն ու ժողովրդավարութիւն

Իսկզբա­­նէ իրար հա­­կասող եր­­կու հաս­­կա­­­ցողու­­թիւններ են կրօնքն ու ժո­­ղովրդա­­վարու­­թիւնը։ Մէ­­կուն ար­­մատնե­­րը կը հաս­­նի մին­­չեւ հին ժա­­մանակ­­նե­­­րու քրմա­­պետ­­նե­­­րուն, որոնց կը վե­­րագ­­րո­­­ւէր աս­­տո­­­ւածա­­յին ձիր­­քեր։ Նոյ­­նիսկ կռա­­պաշ­­տութեան օրօք փա­­րաւոն­­նե­­­րը կի­­սաս­­տուած­­ներ էին հին Եգիպ­­տո­­­սի մէջ։ Այդ յատ­­կութիւննե­­րով մե­­կու­­սա­­­ցած էին մարդկանց աշ­­խարհէն։ Նոյ­­նիսկ մա­­հուան դէպ­­քին կը մո­­մապա­­տուէր անոնց դին, ակնկա­­լելով թէ անո­­րոշ ապա­­գային դար­­ձեալ կեն­­դա­­­նանան նոյն մարմնի մէջ։ Հա­­զարա­­մեակ­­նե­­­րու հո­­լովոյ­­թով այս հաս­­կա­­­ցողու­­թիւնը որ­­քա­­­նո՞վ է փո­­խուած, խիստ վի­­ճելի է։ Արա­­բախօս ուղղա­­փառ­­ներ մին­­չեւ օրս գա­­հին վրայ բազ­­մած դիր­­քով կը թա­­ղեն իրենց պատ­­րիարքնե­­րը, ինչպէս որ մեր հո­­գեւո­­րակա­­նու­­թիւնը կը թա­­ղուի մատ­­նե­­­րը խա­­չակնքե­­լու պատ­­րաստ դիր­­քի մէջ։

Ժո­­ղովրդա­­վարու­­թիւնը մարդկա­­յին միտ­­քի կա­­րեւո­­րագոյն ձեռքբե­­րումն է, յա­­նուն ար­­դա­­­րու­­թեան։ Հա­­սարա­­կու­­թեան մէջ պի­­տի տի­­րէ մե­­ծամաս­­նութեան կամ­­քը, միշտ խնա­­յելով փոք­­րա­­­մաս­­նութեան իրա­­ւունքը։ Հել­­լէ­­­նական փի­­լիսո­­փայու­­թեան մէջ շա­­ղախո­­ւած այս վար­­չա­­­ձեւը ոգե­­ւորեց բո­­լորին, բայց եր­­բէք չգոր­­ծադրո­­ւեցաւ։ Կար­­ծե­­­ցեալ մնաց անոր գե­­րակա­­յու­­թիւնը։ Հա­­սարա­­կու­­թեան մէջ իշ­­խա­­­նու­­թեան ղե­­կը բռնող­­ներ բո­­լոր պա­­հան­­ջեալ պա­­հերուն ծռե­­լով, ծռմռկե­­լով, աջ ու ձա­­խէն կա­­ցինա­­հարե­­լով դիւ­­րաւ կրճա­­տեցին անոր սահ­­մաննե­­րը։ Այս պատ­­կե­­­րին մէջ որոշ իրա­­ւացիու­­թիւն ու­­նին բո­­լոր անոնք, որոնք խաբ­­կանք մը, ու­­տո­­­պիա մը կը հա­­մարեն ժո­­ղովրդա­­վարու­­թիւնը։

Հո­­գեւո­­րական­­ներ, որ կրօնն ալ ներ­­կա­­­յաց­­նեն, կը խու­­սա­­­փին իրենց իշ­­խա­­­նու­­թեան հա­­մակար­­գին մէջ ժո­­ղովուրդի կամ­­քին պար­­տադրան­­քէն։ Հռո­­մի Պա­­պը, ինք հա­­սարա­­կու­­թեան դի­­մաց ժո­­ղովրդա­­վարու­­թիւն կը քա­­րոզէ, բայց բո­­լոր գոր­­ծե­­­րը կը դա­­սաւո­­րէ զինք շրջա­­պատող կար­­տի­­­նալ­­նե­­­րու խոր­­հուրդնե­­րով։ Եւ բո­­լորս գի­­տենք թէ Վա­­տիկան ի՞նչ ուժ ու նշա­­նակու­­թիւն ու­­նի հա­­մաշ­­խարհա­­յին քա­­ղաքա­­կանու­­թեան եւ ֆի­­նանսնե­­րու աշ­­խարհի մէջ։ Ուղղա­­փառաց Տիեզե­­րական Պատ­­րիար­­քի հա­­մար ալ նման է պատ­­կե­­­րը։ Ան ալ իր կար­­գին ժո­­ղովրդա­­վարու­­թիւն կը քա­­րոզէ, պայ­­մա­­­նաւ որ ինք զերծ մնայ հա­­սարա­­կու­­թեան վե­­րահսկիչ ճնշու­­մէն։

Իսկ ի՞նչպէս պա­­տահե­­ցաւ որ Թուրքիոյ հա­­յոց պատ­­րիար­­քը ճշդե­­լու հա­­մար ձայն ու­­նե­­­ցաւ իր հո­­տը։ Ան­­շուշտ որ պա­­տահա­­կան չէր այդ հսկայ զար­­գա­­­ցու­­մը։ Ան հե­­տեւանքն էր ամի­­րանե­­րու հին դա­­սակար­­գին դէմ քաղ­­քե­­­նեաց կող­­մէ մղո­­ւած եր­­կա­­­րատեւ պայ­­քա­­­րին։ Տո­­ւեալ պայ­­քա­­­րը ու­­նի նաեւ իր խորհրդան­­շա­­­նը, ձկնորսնե­­րու եկե­­ղեցին։ Պաշ­­տօ­­­նական անո­­ւանու­­մով Գումգա­­բու դրսի սուրբ Յով­­հաննէս տա­­ճարը բա­­ցառու­­թիւն մըն է որ կա­­ռու­­ցո­­­ւած է ոչ թէ այս կամ այն ամի­­րայի բա­­րեգ­­թութեամբ ու հա­­ւատա­­ցեալ բա­­րերա­­րու­­թեամբ, այլ հա­­սարա­­կու­­թեան մէջ իր գո­­յու­­թիւնը պար­­տադրել ու­­զող նոր քաղ­­քե­­­նիու­­թեան ապա­­հոված նիւ­­թա­­­կան մի­­ջոց­­նե­­­րով։

Վա­­ւերա­­ցու­­մէն ու գոր­­ծադրու­­թե­­­նէն 156 տա­­րի անց, 1863-ի հա­­յոց ազ­­գա­­­յին սահ­­մա­­­նադ­­րութեան տնօ­­րինած ըն­­թա­­­ցակար­­գէ խու­­սա­­­փելու հա­­մար կա­­ռավա­­րու­­թեան պատ­­րաստե­­լիք նոր կա­­նոնագ­­րութեան յոյս դնե­­լը ազ­­գա­­­յին աւան­­դութե­­նէ շե­­ղում մըն է։ Ըստ երե­­ւոյ­­թի, ինք ալ պատ­­րիար­­քութեան թեկ­­նա­­­ծու տե­­ղապահ սրբա­­զանը յոյ­­սը կա­­պած է նոր կա­­նոնագ­­րի մէջ «նո­­ւազա­­գոյն հինգ տա­­րի Թուրքիոյ մէջ պաշ­­տօ­­­նավա­­րած ըլ­­լալ»ու մա­­սին սահ­­մա­­­նափա­­կու­­մին։ Ինչպէս ծա­­նօթ է, այս վար­­կա­­­ծը մի­­ջոցէ մը ի վեր կը ծա­­մուի կարգ մը շրջա­­նակ­­նե­­­րու բեր­­նին մէջ, ընտրու­­թիւնը Արամ եւ Սա­­հակ սրբա­­զան­­նե­­­րով սահ­­մա­­­նելու հա­­մար։

Այժմէն զգու­­շացնենք թէ դիւ­­րին պա­­տառ կար­­ծե­­­ցեալ այս վար­­կա­­­ծը կուլ տա­­լը եւ ապա մար­­սե­­­լը բա­­ւական դժո­­ւար պի­­տի ըլ­­լայ պոլ­­սա­­­հայու­­թեան հա­­մար։

Մենք ազ­­գի միաս­­նութեան հա­­մար կա­­րիքը ու­­նինք ար­­դար պայ­­մաննե­­րով ընտրուած պատ­­րիար­­քի, այլ ոչ թէ շին­­ծու ար­­գելքնե­­րով գահ բարձրացող խաղալիքի։