Կը պատկանինք այն սերունդին, որ ռատիօ ընկալուչի կարճ ալիքի հազարումի «փարազիթ» աղմուկի ընդմէջէն սիրելի Վերա Յակոբեանի «Երեւանն է խօսում» ըսող ձայնը լսելու համար կը տառապէր երկար ժամանակ։
Մեր մանկութեան տարիներուն որպէս պոլսահայեր, բաղդատմամբ ներկային, ունէինք շատ աւելի կենսունակ համայնքային կեանք։ Հայը հայախօս էր նախ եւ առաջ։ Ոչ թէ նախասիրութեամբ, այլ բնականաբար, ինքնաբերաբար կը յաճախէր հայ դպրոց։ Ուրիշ պատկերացում մը իսկ չկար։ Համայն ժողովուրդը կը գիտակցէր թէ հայ դպրոցը հայոց համար է։ Այդ տարիներու հայերէն թերթերը խիստ անհաղորդ էին Խորհրդային Հայաստանի նկատմամբ։ Այս ալ նախասիրութիւն մը չէր, այլ երկրի քաղաքական հակումներով գոյացած ճնշումներու բնական հետեւանք։ Այդ նոյն քաղաքական հակումները ունէին երկկողմանի բնոյթ։ Հայաստանն ալ իր կարգին խիստ վերապահումներ ունէր հայրենի երկրէ դուրս մնացող իր հարազատներուն հանդէպ։ Հայերս մեկուսացած էինք մեր ապրած երկիրներու մէջ։ Սահմանափակ էին իրարու հետ շփուելու լծակները։
Գիտութիւնը զարգացաւ եւ այսօրուայ դրութեամբ հաղորդակցութիւնը խափանող արգելքները բոլորովին վերացան։ Այժմ արբանեակի հաղորդումներու միջոցաւ հասանելի է ոչ միայն ձայնը, այլ պատկերը նաեւ։ Պահուն իսկ կ՚ապրինք Վարդավառի ուրախութիւնը, դիտելով Երեւանի փողոցներու վրայ ջրցան ինքնաշարժներու ժողովուրդը թրջելու պատկերները։
Այդ տօնական օրուայ երեկոյեան էր, երբ Հանրային հեռուստակայանը կը սփռէր Երեւանի քաղաքապետարանի նախաձեռնութեամբ Ազգային Ժողովի այգիի մէջ 12 Յուլիսին կայացած համերգը, որ ձօնուած էր հայ երաժշտութեան մերօրեայ հսկայ՝ Տիգրան Մանսուրեանի, ծննդեան 80-ամեակին։ Տպաւորիչ էր պատկերը, քանի Մանսուրեանի ձօնուած այս բացօթեայ միջոցառման կատարողներն էին Երեւանի 25 երաժշտական դպրոցներու աւելի քան 300 սաներէն բաղկացած սիմֆոնիկ նուագախումբը եւ բազմաձայն երգչախումբը, Յարութիւն Արզումանեանի ղեկավարութեամբ։
2019 տարեթիւը ունի զանազան նշանակութիւններ։ Այս տարի կը նշենք երկու կոթողային անուններու՝ Կոմիտաս Վարդապետի եւ Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան 150-ամեակը։ Եթէ առաջին երկուքը կը խորհրդանշեն հայ ժողովուրդի տառապանքի տարիները, Մանսուրեան կը ներկայանայ իբրեւ վերածնուած Հայաստանի գովքը հիւսող երգահան։ Արդարեւ այս համերգի ընթացքին հնչեց անոր Կարէն Անտաշեանի խօսքերով յօրինած «Երեւան»ի առաջին կատարումը։
«Փառք քեզ Հայաստան, դու վերածնուած հայրենիք հայոց»։ Այս նախադասութիւնը իբրեւ ենթախորագիր տեղադրուած էր Խորհրդային Հայաստանի «Սփիւռքահայութեան հետ մշակութային կապի կոմիդէ»ի պաշտօնաթերթ «Հայրենիքի Ձայն» շաբաթաթերթի ճակտին։
Այսօր այդ նոյն կարգախօսը կը յիշենք ականատես ըլլալով վերանկախ Հայաստանի առօրեային։
Իսկապէս տպաւորիչ էր սփռուած պատկերը, երբ կը տեսնէինք մեծառեալ Տիգրան Մանսուրեանը, շրջապատուած ՀՀ Նախագահ Արմէն Սարգիսեան եւ վարչապետ Նիկոլ Բաշինեան ամոլներու, Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի, Երեւանի Քաղաքապետ Հայկ Մարութեանի կողմէ։
Աւարտենք յիշելով Աշուղ Ջիվանիի «Երկիրը ուսեալ զաւակին փայփայում է մօր պէս» նախադասութիւնով։
Ծնունդդ շնորհաւոր Տիգրան Մանսուրեան։
pakrates@yahoo.com