Ամառնային ամիսները եթէ շատերու համար արձակուրդ, հանգիստ եւ նման բաներ կը յուշէ, Թուրքիոյ մէջ մղձաւանջ մըն է դպրոցական տարիքի զաւակ ունեցողներուն համար։
Նախագահ Էրտողանի գլխաւորած Արդարութիւն եւ Զարգացում կուսակցութիւնը իր կրօնամէտ գաղափարախօսութիւնը տարածելու համար բերրի դաշտ մը ըլլալով տեսաւ երկրի կրթական համակարգը։ Գիտական մտածելակերպ ձեւաւորող բոլոր տեսութիւնները մի առ մի հեռացուց դասագիրքերէն։ Մերժեց ու արգիլեց Չարլզ Տարուինի յեղաշրջման տեսութիւնը։ Աւելին՝ երկրի երկրորդական վարժարաններու մեծամասնութիւնը վերածեց քարոզիչներ պատրաստելու հեռանկարով հիմնուած «Իմամ- Հաթիփ» վարժարաններու։
Սովորական երկրորդական դպրոցներ յաճախելու համար պարտադրեց յատուկ քննութիւն։ Այդ քննութեան մէջ անյաջողները՝ որոնք կը կազմեն ընդհանուր աշակերտութեան ջախջախիչ մեծամասնութիւնը, պարտաւոր են իրենց ուսումը շարունակել վերոյիշեալ կրօնամէտ դպրոցներուն մէջ։
Տարբերակ մը կայ անշուշտ, աստղաբաշխային ուսման վարձք պահանջող յատուկ դպրոցները։ Աստղաբաշխայինը աւելի յստակացնելու համար նշենք, թէ նուազագոյն աշխատավարձքի երկու հազար լիրայով սահմանուած երկրի մէջ յատուկ դպրոցները իրենց աշակերտներէն կը պահանջեն վաթսուն հազարի շուրջ սակ մը։
Այս ընդհանուր մութ ու տխուր պատկերին մէջ մենաշնորհներով օժտուած աստղ մը ըլլալով կը փայլին փոքրամասնութիւններու պատկանող վարժարանները։ Անցեալին իրենց ժողովուրդին կողմէ,իսկ անտեսուած, զանազան բարդոյթներու բերմամբ արհամարհուած ուսման հաստատութիւնները վերջերս սկսած են յատուկ ուշադրութեան արժանանալ։
Յատկապէս Հրանդ Տինքի սպանութենէն ետք նոր գիտակցութիւնով իր նախնեաց արմատները յայտնաբերող, վերամկրտուելով իր ազգին վերադարձող զանգուածի մը համար շատ մեծ նշանակութիւն ունի հայ դպրոցը։ Ի տարբերութիւն զաւակը հայ վարժարան արձանագրելէ ետք դպրոցի ուսման ծրագրին միջամտելու յանդգնութիւն ունեցող, «Հայերէնը ինչի՞ կը ծառայ», դասապահերը տեղական լեզուով կատարեցէք» ըսող անհեթեթ պոլսահայերու, նախկին ծպտեալ հայերը պատրաստ են ամէն տեսակ զոհողութեան, իրենց զաւակներուն հայեցի դաստիարակութիւն ապահովելու համար։
Իսկ մեր դպրոցները որքանո՞վ պատրաստ են այս խիստ կարեւոր պահանջին դիմաց։ Ըստ երեւոյթի, ազգային ծրագրի մը բացակայութեան պայմաններուն մէջ կը ձեւաւորուի երկու մերձեցում, մին ազգային եւ միւսը ապազգային։ Ազգային մերձեցումը որդեգրած ուսման հաստատութիւններ կը խրախուսեն այս աշակերտներու արձանագրութիւնը, խոստանալով հայերէնի յաւելեալ դասապահերով աշակերտը պատրաստել կիրարկուած ուսման ծրագրին։ Իսկ հակառակ պատկերին մէջ կը նկատենք դժկամութիւն։ Այդ դպրոցներու վարիչները կը փորձեն արհեստական արգելքներ ստեղծել, այս նոր զանգուածը իրենց դպրոցներէն հեռու պահելու համար։
Ցաւալի է, թէ նման երեւոյթի դիմաց կազմակերպեալ կեցուածք մը ձեւաւորելու լծակներն ալ կը բացակային մեր իրողութեան մէջ։ Ունինք «Թրքահայ Ուսուցչաց Միութիւն եւ Հիմնարկ», ունինք կրթութեան եւ առողջութեան նիւթերու մասին միտքեր արտադրելու հեռանկարով ու խոստումով հիմնուած «ՍԷՎ» հիմնադրամը։ Անդին ունինք հայ վարժարաններու հիմնադրի ներկայացուցիչներու փաղանգ մը։ Եւ անշուշտ այդ դպրոցներու տնօրէնները եւ ուսուցչական կազմը։ Նիւթը արժանի է բոլորին ուշադրութեան, բայց ափսոս որ չի տեսներ համապատասխան հետաքրքրութիւն։
Անդին կը մնայ որոշ ազգային, եւ ինչո՞ւ չէ, մարդկային գիտակցութիւնով լցուած կրթական մշակներ միայն, որոնց խիստ արժէքաւոր ջանքերը իսկ անբաւարար կը մնան յայտնուած խնդրի դիմաց։
Վաղուց եկած է ազգային կրթական ծրագիր մը մշակելու ժամանակը։
pakrates@yahoo.com