Պոլսոյ «Սայաթ Նովա» երգչախումբը 1996-ին ձեռնարկած էր հեղինակային համերգով մը տօնել հայ երգի մեծ վարպետ Խաչատուր Աւետիսեանի ծննդեան 70-ամեակը։ Պատրաստուած էր իր խմբերգերէն կազմուած յայտագիր մը։ Իսկ մեներգելու համար ալ հրաւիրուած էր անուանի երգիչ Յովհաննէս Պատալեան։
Այդ օրերու ուրախ յիշատակին մէջ յատուկ տեղ ունի Պատալեանի երգերու արանքին կատարած զուարճախօսութիւնները։ Այդ զրոյցներով մեծ վարպետը, տարիներու փորձառութեամբ, յաճախ կը հանգստացներ իր ձայնալարերը, միւս կողմէ սրամիտ կատակներով ու անեքթոտներով կը ոգեւորէր հանդիսատեսը։ Երգերէն մէկուն հեղինակի անունը նշելու պահուն ծիծաղի նիւթ ըրած էր արեւելահայերէն եւ արեւմտահայերէն հնչիւնաբանութեան տարբերութիւնով գոյացած այլանդակութիւնը։ «Ինչպէ՞ս կ՚ըլլայ եաւրում, դուք համ «գ»ին էք «ք» ասում, համ էլ «ք»ին։ Այդ ժամանակ «Գագիկ»ը կ՚ըլլայ «Քաքիկ»։ Աւելորդ է նշել թէ այս պատմելու պահուն Պատալեան «գ» տարը հնչած էր մեր «կ» ձայնով։
Վաղուց կը սիրեմ լեզուական խնդիրներու մասին մտմտալ։ Խիստ հաճելի կը թուի օրինակի համար Մուսա լերան ու Համշէնի կամ Ղարապաղի բարբառներուն մէջ զուգահեռներ գտնել։ Այս ոլորտէ ներս փոքրիկ գիւտերը կամ յայտնաբերումները միշտ ուրախութիւն պատճառած են ինծի։
Բոլորս գիտենք անուանի լեզուաբան, գիտնական Մանուկ Աբեղեանի առաջարկած ուղղագրական կանոններու տեղի տուած թերութիւններու մասին։ Բայց ափսոս, միայն քիչերս է որ կը խօսինք հնչիւնաբանութենէ ծագած տարօրինակութիւնը։ Արեւմտահայերէնի մէջ չենք առարկած «հ» եւ «յ» տարերուն նոյն հնչումով արտասանութեան։ Ի դէմ Աբեղեանի հնչումի վրայ կազմած ուղղագրութեան, կը մերժենք «Հովհաննես» գրել, քանի որ դասական հասկացողութիւնը կը պահանջէ «Յովհաննէս»ը։ Օտարալեզու այս անունը հայերէնի մտած է արեւմտեան «Johannes» էն կամ իրենց «Jesus» անունն է որ որդեգրած ենք «Յիսուս»։ Բայց ինչպէ՞ս յաջողած ենք «հ» եւ «յ» տարերը նոյն հնչումով արտասանել։
Խոստովանինք թէ լեզուի բնական յեղաշրջման պայմաններու բերմամբ եւ բոլորովին կամքէ անկախ, անհսկելիութեան դիմաց կորսնցուցած ենք ուղղագրութեան տրամաբանութիւնը։ Խօսքի, արտասանութեան, հնչելու այդ ազատ յեղափոխութիւնը կը կայանայ ինքնին։ Բայց գրականը, ուղիղ գրելու կանոնները կը պահանջեն մասնագէտի միջամտութիւն։ Ահա այդ դժուար առաքելութիւնն է որ ստանձնած էր Մանուկ Աբեղեան, եւ Խորհրդային Միութեան պարտադրած մեկուսացման պայմաններու մէջ չէր կրցած ունենալ արեւմտահայերու ալ մասնակցութեամբ գործող ակադեմական միջավայր։ Արդարեւ մեղքն ալ բեռցուեցաւ իր վրայ։
Այժմ կը մնայ մաղթել թէ Հայաստանի Հանրապետութենէ ներս, Գիտութեան Ակադեմիան փոխանակ անուանապիտակին «Ազգային» մակդիր մը աւելացնելու, իսկապէս իրեն համար քննութեան նիւթ ունենայ ազգի լեզուի մասին խնդիրները։ Անշուշտ եթէ յոյսն ու ակնկալութիւնը յառաջիկայ քանի մը տասնամեակներու ընթացքին արեւմտահայերէնի առյաւէտ ոչնչացումը չէ։
Սիրելի ընթերցող, ապաւինելով ձեր յօժարութեան, ուզեցի այս շաբաթ դուրս մնալ թէ երկրի, եւ թէ մեր համայնքի անմիջական օրակարգէն։ Չուզեցի 15 Յուլիս 2016-ի կասկածներով լեցուն սայթաքած զինուորական հարուածի մասին մտածել։ Եւ ոչ ալ հետզհետէ աւելի սուր մրցակցութեան տանող, հետեւաբար աւելի բանբասանք ու հալածանքի ներուժ պարունակող պատրիարքական ընտրութեան նիւթը ծեծել։
Ի վերջոյ կ՚ընտրենք պատրիարք, բայց կան բաներ, որոնց հանդէպ պարտաւոր ենք աւելի շահախնդիր ըլլալու։
pakrates@yahoo.com