Ուղիղ վեց տարիներ անցան այն խղճահար դէպքին վրայէն, երբ Էսքիշեհիրի մէջ 19 ամեայ համալսարանական մը կը սպաննուէր խուժանի անխնայ հարուածներու տակ։ «Կէզի» զբօսայգիի դիմադրութիւնը հետզհետէ ծաւալած էր երկրի բոլոր անկիւններուն եւ Էսքիշեհիրի մէջ ալ Ալի Իսմայիլ Քորքմազ նման բողոքի ցոյցի մը մասնակցելէ ետք կը փորձէր երթալ իր տունը։ Հանրապետութեան նախագահը դիտելով իրեն դէմ ծաւալած դժգոհութիւնը սպառնացած էր ըսելով «Դժուար կը զսպեմ բնակչութեան 50 տոկոսը»։ Սահմռկեցուցիչ է այս խօսքը, քանի որ երկրի ընկերային համակարգին քիչ թէ շատ ծանօթ եղողներ դիւրաւ պիտի գիտնային թէ նախագահի այդ խօսքը պատգամ ըլլալով ընդունելու տրամադիր լուրջ զանգուած մը միշտ առկայ է երկրին մէջ։ Արդարեւ այդ զանգուածը իրեն պարտականութիւն համարած էր ամէն գնով օժանդակել ոստիկաններուն։ Այսպէս անոնք նկատելով Ալի Իսմայիլի փախուստը անմիջապէս դէմ կանգնեցան եւ գաւազանի հարուածներով կոտրեցին անոր կողերը։ Այս վայրագ յարձակումէն ետք խեղճ պատանին հիւանդանոցի սնարին մէջ փորձեց մահուան դիմադրել, բայց ափսոս պարտութիւնով դուրս եկաւ այդ դիմադրութենէն։
Ինչպէս նշեցինք գրութեան մուտքին այս տողերը կը գրուին այդ դաժանութեան վեցերորդ տարելիցին։ Իսկ Ալի Իսմայիլ Քորքմազի մայրը ընելիք ուրիշ ոչինչ ունէր, եթէ ոչ ամենուրէք աղաղակել իր որդոյն դէմ գործուած ոճիրը ատելով։ Ատելութիւնը վատ բան է։ Ինչպէս ողբն ու վրէժը։ Ես ալ կը ձայնակցիմ այս հաստատումին, բայց խնդրեմ ինձմէ մի պահանջէք որ նման սկզբունքը անձամբ թելադրեմ Ալի Իսմայիլ Քորքմազի ծնողներուն։ անոնք արդէն գիտակցած են եւ գիտեն թէ ինչպէս պէտք է պայքարիլ չարիքի դէմ։ Ալի Իսմայիլ Քորքմազի ընտանիքը արդէն հաստատած են հիմնադրամ մը իրենց որդւոյն անունով, որ իւրաքանչիւր տարի բազմահազար կրթաթոշակներ կը տրամադրէ բոլոր այն ընտանիքներու զաւակներուն, որոնք համարեա Ալի Իսմայիլի տարեկիցներն են եւ խիստ կը դժուարանան իրենց ուսման վարձքը հաւասարակշռելու։
Ամէն տարի երկու ցամաքամասերու Եւրոպայի եւ Ասիայի միջեւ կը կազմակերպուի մարաթոնի մրցումներ։ Մրցումները երկու բնոյթ ունին։ Առաջին դասակարգին մէջ կը մրցին արհեստավարժ մարզիկներ, իսկ երկրորդը բաց է բոլոր ցանկացողներու։ Յատկապէս այդ երկրորդը ըսելու խօսք ունեցողներու համար ազատ բեմ մըն է նաեւ։ Եւ Ալի Իսմայիլի մայրը Մելթեմ Քորքմազ կը մասնակցի այդ արշաւի իր ընտանիքին կողմէ հիմնուած հիմնադրամին համար օգնութիւն հաւաքելու միտումով։
Լրատու գործակալութիւնները կը յայտնեն թէ այս մրցումներու ընթացքին ամենախոշոր հանգանակութիւնը կը ստանայ Ալի Իսմայիլ Քորքմազի ընտանիքը։
«Կէզի»ի ապստամբութեան օրերուն, երբ Իսթանպուլի կուսակալութիւնը ճարահատօրէն կը դիմէր բողոքող երիտասարդներու մայրերուն «Եկէք եւ ձեր զաւակները տուն տարէք» ըսելով, երիտասարդները ի սրտանց ծիծաղած էին։
Ո՜վ կուսակալ պիտի չդիմէիր այս սխալին։ Մուճակը 30 մեթր հեռաւորութենէն անշեղ շպրտող մայրերը պիտի գայ դիմացդ։
Մելթեմ Քորքմազ իր պայքարելու վճռակամութեամբ արդարացուց երիտասարդներու հաստատումը։
Իշխանութիւնը որքան ալ փորձէ յանցագործութիւն ստեղծել այդ հրաշալի բողոքի ցոյցերէն, պատմութեան առջեւ ինք է որ յանցագործ դուրս պիտի գայ՝ պատմութեան եւ Ալի Իսմայիլ Քորքմազի, Պերքին Էլվանի, Էթհեմ Սարըսիւլիւքի եւ այլոց ծանր մեղքը բեռցուած յանցագործ մը։
pakrates@yahoo.com