ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Հաշուետուութեան ժամանակն է

Թուրքիոյ հայոց պատրիարքի ընտրութեան խնդիրը տեղապահի ընտրութիւնով կը թե­ւակո­խէ նոր փուլ մը։ Ինչպէս ծա­նօթ է Կրօ­նական ժո­ղովը տե­ղապա­հի ընտրու­թեան հա­մար ճշդած էր 23 Յու­նիս թո­ւակա­նը։ Սա­կայն բո­լորո­վին ան­ծա­նօթ պայ­մաննե­րու տակ Կու­սա­կալու­թե­նէ եկած յան­կարծա­կի հրա­հան­գով մը ընտրու­թիւնը յե­տաձ­գո­ւեցաւ 4 Յու­լիս հինգշաբ­թի օրո­ւայ։ Այս մա­սին պատ­րիար­քա­րանը խու­սա­փեցաւ թո­ւակա­նի փո­փոխու­թեան պատ­ճառնե­րը հա­սարա­կու­թեան հետ բաժ­նե­լէ։ Նման խու­սա­փու­մի ետին կար Կու­սա­կալու­թե­նէ եկած գրու­թեան վրայ նշո­ւած «Խիստ գաղտնի» կնի­քը։ Ու­րեմն այդ իսկ պատ­ճա­ռաւ Պատ­րիար­քա­րանը խու­սա­փած էր պե­տու­թեան գաղտնի պա­հածը հրա­պարա­կելէ։ Յե­տաձ­գո­ւած ընտրու­թիւնը կը կա­յանայ թեր­թիս տպագ­րութեան տրո­ւելէ ան­մի­ջապէս ետք։ Այս պայ­մաննե­րու մէջ «Ակօս»ի ըն­թերցող­նե­րը հա­զիւ թեր­թին հա­մացան­ցի էջե­րէն տե­ղեակ պի­տի դառ­նան տե­ղապա­հի ընտրու­թեան ար­դիւնքին։ Սա­կայն պար­տինք յի­շել որ այս ընտրու­թիւնը կա­րեւոր յու­զում մըն ալ չի յա­ռաջաց­ներ հա­սարա­կու­թեան մօտ, քա­նի որ ընտրու­թիւնը ար­դէն իսկ սահ­մա­նուած է եր­կու թեկ­նա­ծու­նե­րով։ Տո­ւեալ պայ­մաննե­րու մէջ միայն Արամ եւ Սա­հակ եպիս­կո­պոս­ներն են որ թեկ­նա­ծու պի­տի դառ­նան ու տե­ղապա­հ պի­տի ընտրո­ւի, այդ եր­կուքէն մէ­կը միայն։

Նշենք որ այս կար­գադրու­թիւնը եւս կը հա­կասէ մեր եկե­ղեցա­կան աւան­դութիւննե­րուն, քա­նի որ հոն բա­ցայայտ կեր­պով նշո­ւած է տե­ղապահ ընտրո­ւելու հա­մար պէտք եղած պայ­մաննե­րը։ Այս գիտ­նա­լով հան­դերձ պոլ­սա­հայ կղե­րը հա­մակեր­պած կ՚երե­ւի իրեն պար­տադրո­ւածին եւ ընտրու­թիւնը կը կա­տարէ տո­ւեալ եր­կու եպիս­կո­պոս­նե­րու մի­ջեւ։ Այս մա­սին տե­ղի ու­նե­ցած առար­կութիւններն ալ կը դժո­ւարա­նան ար­ժա­նի ար­ձա­գան­գը գտնե­լու։ Հոս եւս նկա­տելի է ժո­ղովրդա­կան լայն խա­ւի մը այս ան­ցուդարձնե­րուն դէմ հե­տաքրքրու­թիւնը կորսնցնե­լու երե­ւոյ­թը։ Թե­րեւս այս երե­ւոյ­թը պոլ­սա­հայու­թեան այժմու կա­րեւո­րագոյն մղձա­ւանջն է, քա­նի որ հա­սարա­կու­թեան նման զար­գա­ցու­մի հան­դէպ ան­տարբե­րու­թիւնը ապա­ցոյց մըն է նաեւ հա­մայնքա­յին ամ­բողջու­թեան քայ­քայման։

Եր­կար տա­րինե­րու հաս­նող իշ­խա­նազրկու­թիւնը բնա­կանա­բար պի­տի ու­նե­նար նման հե­տեւանք, որ­մէ պի­տի տու­ժէր նոյն ինքն ազ­գի միաս­նա­կանու­թիւնը։ Այս հո­գեբա­նու­թեան մէջ պի­տի կա­յանայ տե­ղապա­հի ընտրու­թիւն եւ մենք ըլ­լայ վար­չա­կազմ, ըլ­լայ Պատ­րիար­քա­րան, ըլ­լայ հա­սարա­կու­թիւն, մա­մուլ եւ վեր­ջա­պէս առան­ձին ան­հատներ բո­լորս պի­տի կրենք մեր պա­տաս­խա­նատո­ւու­թեան բա­ժինը։

Պոլ­սա­հայու­թիւնը կ՚ապ­րի իր պատ­մութեան խա­ւառ շրջան­նե­րէն մէ­կը եւ ներ­կայ պա­հուն այս անե­լէն դուրս գա­լու պայ­մաններն ալ չեն նկա­տուիր։ Չեն նկա­տուիր մա­նաւանդ երբ եր­կու թեկ­նա­ծու­ներ եւ անոնց հետ միասին հո­գեւո­րակա­նաց դա­սը մատ­նո­ւած է մե­նամար­տի հո­գեբա­նու­թեան։

Բա­ւակա­նին ուշ պի­տի ըլ­լայ պատ­րիար­քի ընտրու­թիւնը սպա­սել այս բո­լորին հա­շուե­յար­դա­րը տես­նե­լու հա­մար։ Կար­ծես այս օրե­րը ճիշդ այն պահն է, որ մե­զմէ իւ­րա­քան­չիւրը ինքնամ­փո­փուի այս գոր­ծընթա­ցին հա­ւանա­կան հե­տեւանքնե­րու վրայ։

Ո՞ր սխալ­նե­րը գոր­ծե­լով գե­տին պատ­րաստե­ցինք պե­տու­թեան պատ­րիար­քի ընտրու­թեան գոր­ծընթա­ցին այսքան բա­ցայայտ կեր­պով մի­ջամ­տե­լուն հա­մար։ Ի՞նչ տե­սակ ան­ճա­րակու­թեամբ չի կրցանք սան­ձել Արամ Արք. Եպիս­կո­պոսի տե­ղի տո­ւած զան­ցա­ռու­թիւննե­րը։

Ինչպէ՞ս թոյ­լատրե­ցինք որ Պետ­րոս Շի­րինօղ­լու իր քմա­հաճոյքնե­րով ուղղու­թիւն տայ հա­մայնքի բազ­մաբնոյթ գոր­ծե­րուն։

Կա­րելի է հար­ցե­րու շա­րանը եր­կա­րել սա վեր­ջին տա­սը տա­րինե­րու զար­գա­ցումնե­րու լոյ­սին տակ։

Պահ մը բոլորս ինքնամփոփուինք ու խորհինք ապագան փրկելու մասին։

pakrates@yahoo.com