ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Հետեւելով չար օրինակին

Մարդիկ պատ­­մու­թեան շատ եր­­­կար մէկ ժա­­­մանա­­­կին կա­­­մայ, թէ ակա­­­մայ յօ­­­ժարե­­­ցան հզօ­­­րին ձայ­­­նին։ Բա­­­ւակա­­­նին եր­­­կար եւ ող­­­բերգա­­­կան պատ­­­մութիւն մըն է, հզօր­ին ձայ­­­նին մե­­­ծամաս­­­նութեան ձայ­­­նի դի­­­մաց իր ազ­­­դե­­­­­­­ցու­­­թիւնը կորսնցնե­­­լու ոդի­­­սակա­­­նը։ Ար­­­դա­­­­­­­րու­­­թեան զգա­­­ցումն էր, այդ կա­­­րեւոր փո­­­փոխու­­­թիւնը թե­­­լադ­­­րո­­­­­­­ղը։ Դար­­­ձեալ եր­­­կար տա­­­րինե­­­րու կա­­­րիք զգա­­­ցուե­­­ցաւ, որ­­­պէսզի գի­­­տակ­­­ցինք թէ էական եղա­­­ծը մե­­­ծամաս­­­նութեան կամ­­­քի կող­­­քին փոք­­­րա­­­­­­­մաս­­­նութեան իրա­­­ւունքնե­­­րը պաշտպա­­­նելն է։ Այսպէ­­­սով ձե­­­ւաւո­­­րուե­­­ցաւ եւ դար­­­ձեալ կա­­­րեւոր վե­­­րիվայ­­­րումներ ար­­­ձա­­­­­­­նագ­­­րե­­­­­­­լէ ետք հաս­­­տա­­­­­­­տուե­­­ցաւ մեր ժա­­­մանակ­­­նե­­­­­­­րու ըն­­­կա­­­­­­­լու­­­մով ընտրու­­­թեան հա­­­մակար­­­գը։ Ներ­­­կա­­­­­­­յիս ժո­­­ղովրդա­­­վարու­­­թիւնը որ­­­դեգրած եր­­­կիրնե­­­րու մէջ մար­­­դիկ որոշ հեր­­­թա­­­­­­­կանու­­­թեամբ կ՚եր­­­թան ընտրու­­­թեան սնտուկնե­­­րու դի­­­մաց եւ իրենց տո­­­ւած ձայ­­­նե­­­­­­­րով կը ճշդեն երկրի յա­­­ջորդ շրջա­­­նի վա­­­րիչ­­­նե­­­­­­­րը։

Սա­­­կայն երբ այս մա­­­սին գի­­­տակ­­­ցութիւ­­­նը բա­­­ւակա­­­նին չէ ձե­­­ւաւո­­­րուած այս հա­­­մակարգն ալ դիւ­­­րաւ կրնայ շրջո­­­ւիլ։ Թուրքիոյ մէջ վեր­­­ջերս կ՚ապ­­­րինք այս օրի­­­նակը։ Ներ­­­կայ իշ­­­խա­­­­­­­նու­­­թիւնը չէ կրցած հան­­­դուրժել կորսնցնե­­­լու խորհրդի եւ այս երկրորդ ան­­­գամն է, որ իր պարտութե­­­նէն ետք կը տա­­­պալէ ընտրու­­­թեան սնտու­­­կը, կը մեր­­­ժէ ելած ար­­­դիւնքին յօ­­­ժարիլ եւ կը պար­­­տադրէ ընտրու­­­թեան կրկնու­­­թիւնը։

Շա­­­բաթա­­­վեր­­­ջին Թուրքիոյ մէջ տե­­­ղի պի­­­տի ու­­­նե­­­­­­­նան Իս­­­թանպու­­­լի քա­­­ղաքա­­­պետը ճշդող ընտրու­­­թիւննե­­­րը։ Իրա­­­կանու­­­թեան մէջ այդ ընտրու­­­թիւնը կա­­­տարո­­­ւած էր եւ ձայ­­­նե­­­­­­­րու մե­­­ծամաս­­­նութեամբ քա­­­ղաքա­­­պետ ընտրո­­­ւած էր ընդդի­­­մադիր Հան­­­րա­­­­­­­պետա­­­կան կու­­­սակցու­­­թեան թեկ­­­նա­­­­­­­ծու Էք­­­րեմ Իմա­­­մօղ­­­լու։ Այ­­­սօր երբ տրա­­­մաբա­­­նու­­­թե­­­­­­­նէ հե­­­ռու պատ­­­ճա­­­­­­­ռաբա­­­նու­­­թիւննե­­­րով չե­­­ղեալ հա­­­մարո­­­ւած ընտրու­­­թիւնը կը կրկնո­­­ւի, շա­­­տերու մտքե­­­րուն մէջ նոյն հար­­­ցումը կայ։ «Հա­­­պա եթէ դար­­­ձեալ Իմա­­­մօղ­­­լու ընտրո­­­ւի ի՞նչ պի­­­տի ըլ­­­լայ նա­­­խագահ Էր­­­տո­­­­­­­ղանի հա­­­կազ­­­դե­­­­­­­ցու­­­թիւնը»։ Մե­­­զի հա­­­մար հա­­­նելու­­­կի բնոյթ ու­­­նե­­­­­­­ցող այս հար­­­ցումը ան­­­շուշտ որ նա­­­խապէս օրա­­­կար­­­գի եկած է եւ պա­­­տաս­­­խանն ալ յստա­­­կացած գո­­­նէ որոշ շրջա­­­նակ­­­նե­­­­­­­րու հա­­­մար։ Իսկ այս շրջա­­­նակ­­­նե­­­­­­­րէն դուրս մնա­­­ցող­­­նե­­­­­­­րէն ամե­­­նաբա­­­նիմա­­­ցը ան­­­գամ միայն մէկ պա­­­տաս­­­խան ու­­­նի, որ հե­­­տեւեալն է՝ «Ամէն ինչ կրնայ ըլ­­­լալ»։ Իրաւ ալ անցնող ժա­­­մանակ­­­նե­­­­­­­րու ըն­­­ծա­­­­­­­յած փոր­­­ձա­­­­­­­ռու­­­թիւնը միայն այս կը թե­­­լադ­­­րէ։ Այդ ամէն ին­­­չի մէջ կրնայ մտնել եր­­­կի­­­­­­­րը պա­­­տերազ­­­մի դաշտ դարձնե­­­լու վար­­­կա­­­­­­­ծը, քա­­­ղաքա­­­ցիական կռիւ հրահ­­­րե­­­­­­­լու հա­­­ւանա­­­կանու­­­թիւնը եւ տա­­­կաւին բազ­­­մա­­­­­­­թիւ ու բազ­­­մաբնոյթ չա­­­րիք։

Նա­­­խախ­­­նա­­­­­­­մու­­­թեան թե­­­լադ­­­րանքն է, թէ ի՞նչ է երկրի հետ միասին գրե­­­թէ նոյն օրե­­­րուն պոլ­­­սա­­­­­­­հայու­­­թիւնը եւս կ՚ապ­­­րի ընտրու­­­թեան ան­­­սո­­­­­­­վոր օրի­­­նակ մը։ Տա­­­կաւին բա­­­ւական հե­­­ռու կ՚երե­­­ւինք պատ­­­րիար­­­քի մը ընտրու­­­թեան գոր­­­ծընթաց­­­քէն, բայց ար­­­դէն մտած ենք այթ հու­­­նին, քա­­­նի որ շու­­­տով պի­­­տի ճշդենք դէ­­­պի պատ­­­րիար­­­քի ընտրու­­­թիւն տա­­­նող գոր­­­ծընթա­­­ցը ղե­­­կավա­­­րելիք տե­­­ղապա­­­հի ընտրու­­­թեան։ Ինչպէս որ Պոլ­­­սոյ քա­­­ղաքա­­­պետի ընտրու­­­թեան մէջ բո­­­լոր հա­­­յեացքնե­­­րը ուղղո­­­ւած են նա­­­խագահ Էր­­­տո­­­­­­­ղանին, պատ­­­րիար­­­քա­­­­­­­կան ընտրու­­­թեան մէջ ալ շունչեր­­­նիս կտրած կը սպա­­­սենք Արամ Ար­­­քե­­­­­­­պիս­­­կո­­­­­­­պոսի հա­­­կազ­­­դե­­­­­­­ցու­­­թիւնը կան­­­խա­­­­­­­տեսե­­­լու։ Ար­­­դեօք պի­­­տի յօ­­­ժարի հո­­­գեւո­­­րական­­­նե­­­­­­­րու հա­­­մագու­­­մար նիս­­­տի ար­­­դիւնքին։ Թէ ոչ դար­­­ձեալ վեր­­­ջին վայրկեանին գլխար­­­կէն նոր նա­­­պաս­­­տակ մը պի­­­տի դուրս հա­­­նէ։ Ինչպէս որ Իս­­­թանպու­­­լի քա­­­ղաքա­­­պետի ընտրու­­­թիւնը քա­­­ղաքա­­­կան բնոյթ ու­­­նի, նոյնպէս քա­­­ղաքա­­­կան բնոյթ ու­­­նի պատ­­­րիար­­­քի ընտրու­­­թիւնը։ Ար­­­դա­­­­­­­րեւ մենք տա­­­կաւին եր­­­կար շա­­­բաթ­­­ներ ակա­­­մայ տո­­­ւայ­­­տինք մե­­­զի հա­­­մար ան­­­հա­­­­­­­ճոյ նիւ­­­թեր դար­­­ձած ընտրու­­­թիւննե­­­րու մա­­­սին միտ­­­քեր ածե­­­լու։ Այժմէն համ­­­բե­­­­­­­րու­­­թիւն բո­­­լոր ըն­­­թերցող­­­նե­­­­րուն։

pakrates@yahoo.com