Հաւանաբար ինձ նման ուրիշներ ալ գտնուին, որոնք խիստ մտահոգուած ըլլան ապագայի մասին։ Ուրիշները չեմ գիտեր բայց ես իսկապէս ալ շատ հետաքրքրուած եմ, թէ յառաջիկայ սերունդները ինչպէ՞ս պիտի մեկնաբանեն այն օրերը, որոնք մենք այժմ կ՚ապրինք։ Մենք որ օրը օրին զարմանքներու մատնուած կը հետեւինք ներկայ անցուադարձներուն արդեօք ապագայ սերունդները ինչպէս պիտի մեկնաբանեն այսօրուայ անցուդարձները։ Իսկապէս ալ մեզի համար զարմանալի է երկրի աւանդական կանոններուն այսքան հեշտ, այսքան դիւրին յեղաշրջուելու երեւոյթը։ Օրինակի համար բացման թու
ականը յատուկ տօնակատարութեամբ նշուած խորհրդարանին այսքան դիւրին, այսքան հեշտ վերանալը, այժեզրկուիլը, անգործութեան մատնուիլը ինչպէս պիտի գնահատուի ապագային։ Բովանդակ երկրի մը այսքան մեծ թիւով լրագրողներու, ակադամականներու, բանակայիններու կարգալոյծ ըլլալու երեւոյթը ո՞ր գործօններով պիտի բացատրուի։ Ինչո՞վ պիտի պարզաբանեն բոլոր այս կարգերու վերացումը։ Կարելի է ըսել թէ ինչ իմաստ ունի մտմտալ այն օրերուն մասին, ուր արդէն դուն չկաս։ Ճիշդ է, տեղին է այս առարկութիւնը, բայց ո՞վ ըսաւ որ ամէն բան պարտաւոր է տրամաբանութեան սահմաններուն մէջ մնալու։ Ես չեմ կրնար սանձել իմ այս յիմար հետաքրքրութիւնը։ Չեմ կրնար, որովհետեւ զանազան օրինակներով գիտեմ բռնակալի մը ետեւէն պատահածները եւ այս մէկն ալ անշուշտ որ իր կարգին խիստ հետաքրքրական է։ Օրինակ բերենք Համաշխարհային պատերազմէն։ Ո՞վ չէր հետաքրքրուիր պատերազմի աւարտին մասին, նոյնիսկ երբ ինքը առաջին ռազմական գործողութեան միջոցին նահատակուած ըլլայ։ Այսօր որ կը լողանք անիմաստութեան աւազանի մը մէջ, գիտենք որ եթէ ոչ այսօր, բայց շուտով պիտի ցամքի այդ աւազանի ջուրը եւ ներկայի անհոգ լողացողները պիտի յայտնուին զարմանալի պարապութեան մը մէջ։
Խոստովանիմ՝ ես բացի հետաքրքրութենէ ցանկութիւն ունիմ նաեւ այդ դատարկ աւազանը տեսնելու, այդ աւազանին մէջ երբեմնի փառաւոր լողուորչուններուն շնչահեղծ մնալուն պատկերը վայելելու։ Սա միայն չարիք ցանկալու խնդիր մը չէ։ Այլ այսօրուայ հզօրներու ճարահատութեան պատկերը վայելելու մարմաջ մը։ Վստահ չեմ թէ կ՚արժանանամ այս միամիտ ցանկութեան։ Բայց կրնամ ենթադրել թէ ապագայ սերունդները ինչ տեսակ յիմարութիւն պիտի վերագրեն մեզ այսօր այս անիմաստութեան մէջ տուայտողներուս։ Թէ ինչո՞ւ համար գրեցինք այս բոլորը։
Հազիւ շաբաթ մը մնացած է այսօրուան հզօր վարչամեքենայի կողմէ կենաց եւ մահու խնդիր ըլլալով գնահատուած ընտրութիւններուն։ Ցաւալի է որ ժողովուրդի աւելի ճիշդ իր հաւատարիմներու զգօնութիւնը ապահովելու միտումով օրակարգի եկած սա կենաց մահու խնդիրը իսկապէս ալ այդ բնոյթի իմաստ մը պիտի նշանակէ իշխանութեան համար։ Շատ հաւանական է որ քորող վարչամեքենան կորսնցնէ իր հզօր ուժը եւ նահանջէ նոյնիսկ չեղեալ համարելով կործանած նախկին արդիւնքներէն ալ ետ դիրքի մը։ Այս մէկը աղմկալի անկում մը պիտի ըլլայ իշխանութեան համար։ Մի՛ մեղադրէք հետաքրքիր եմ։
pakrates@yahoo.com