«Ազգային» կոչուած հասկացողութիւնը ինքնաբերաբար կը թելադրէ զտում։ Ազգայինը բնութագրելու համար ան կարիք ունի զուտ սահմաններով բնութագրելու երկիրը, լեզուն եւ նոյնիսկ անհատականութիւնը։ Գծած է ազգը բնորոշող յատկութիւններ եւ կը պահանջէ որ ազգի բաղադրիչներ ըլլալով անհատները համակերպին այդ սահմանումին։ Բաժնեն նոյն միտքը, նոյն մտածելակերպը, նոյնիսկ նոյն ճաշակը։ Խօսին նոյն լեզուով եւ բնակին այդ լեզուին թելադրած վայրերուն մէջ։ Անշուշտ որ հիւանդագին է նոյնի հանդէպ նման ձգտումը։ Օրինակի համար ազգային միտքը չի կրնար հանդուրժել բնագաւառի մը իր լեզուէն տարբեր, իր լեզուին համար խորթ որեւէ վայրի գոյութեան։ Ինքզինք պարտաւոր կը համարէ այդ տեղանունը, եթէ ազգային միտք ունեցողը հայ է հայացնելու, եթէ թուրք է թրքացնելու, եթէ ռուս կամ ֆրանսացի ռուսացնելու կամ ֆրանսացնելու։ Այս մէկը կ՚ընէ որպէս ազգային պարտականութիւն։ Եթէ թուրք է չի հանդուրժեր հայերէն կամ արաբերէն, ֆրանսերէն, գերմաներէն կամ քրտերէն որեւէ անուանումին։ Կ՚ուզէ որ այդ վայրը ունենայ իր գիտցած լեզուով անուանում։
Այս խնդիրը համեմատաբար դիւրին է, եթէ տուեալ վայրի մէջ կը բնակին միայն այդ նոյն ազգութենէն մարդիկ։ Բայց երբեմն կը պատահի հակառակը։ Նոյնիսկ փոքրամասնութիւն ըլլան բնակչութեան մէկ մասը խիստ համերաշխ է տուեալ վայրի պատմական անունով։ Ինչպէս ըսինք ազգային միտքը այս մասին հանդուրժողութիւն չունի։ Ազգային խնդիր մըն է այս։ Պէտք է գտնէ լուծումը եւ արգիլէ օտարաշունչ անուանումը։
Վերջերս մեծ խնդիր դարձած է Տէրսիմ գաւառի անունը։ Պետական ազգային միտքը 1938-ի զինեալ գործողութիւններով բնաջնջած է այդ գաւառի ժողովուրդը, վերապրածները աքսորի ենթարկած եւ բազմաթիւ որբեր ալ, որպէս աղախին բաժնած թուրք սպաներու։ Պատահածը լրիւ կը նմանի Հայոց ցեղասպանութեան։ Այս դէպքերը պատահեցան հանրապետական շրջանին, բայց այդ տարիներու պայմաններուն մէջ ոչ ոք կրցաւ զուգահեռներ կազմել Հայոց ցեղասպանութեան եւ Տէրսիմի կոտորածներու միջեւ։ Հայերս եւս չտեսանք, չլսեցինք եւ չնկատեցինք երկու կոտորածներու նմանութիւնը։ Չէ որ մենք բոլորս տարուած էինք մեր ողբով եւ միտքով իսկ չէինք անցուցած թէ այդ ողբերգութիւնը ռազմավարութեան մը, մտայնութեան մը բնական հետեւանքն է։ Խնդիրը դիտած էինք թշնամու վայրագութեան սահմանին մէջ։ Նմանապէս Տէրսիմի կոտորածներէն տարիներ անց, երբ Շենկալի էզտիները ենթարկուեցան նման սարսափի մենք դարձեալ չկրցանք տեսնել դէպքերու բնութեան նմանութիւնը։
Թերեւս ամէն ինչ կ՚ընթանայ մեր այս անտեսման հիման վրայ։ Յիշենք որ 15-ի նախորդող թուականներուն մեր քաղաքական վերնախաւն ալ, մեր ընտրանին ալ չէր կրցած լսել գաւառի հայութեան ահազանգը։ Տարուած ըլլալով երիտթուրքերու հետ համագործակցելու մարմաջին, չափազանցութիւն համարած էինք արեւմտեան հայաստանէն հնչող ահազանգը։
Անցնող ժամանակի ընթացքին հասկացողութիւնները եւ գիտակցութիւնները հետզհետէ ձեւափոխուեցան եւ հիմա նոյնքան տրամաբանական չի թուիր լոկ ազգայնացնելու համար որեւէ վայրի անունի փոփոխութիւնը։ Արդարեւ տէրսիմցիներ արդար են իրենց քաղաքի պատմական անունը վերահաստատելու պայքարին մէջ։
pakrates@yahoo.com