ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Պետականութիւնը եւ մարդու իրաւունքները

Բեր­­­ման են­­­թարկո­­­ւելէն ետք ան­­­հետ կո­­­րած­­­նե­­­­­­­րու յի­­­շատակ­­­ման օր ըլ­­­լա­­­­­­­լով նշո­­­ւած է 17-31 Մա­­­յիս թո­­­ւական­­­նե­­­­­­­րը։ Թուրքիա այս առու­­­մով բա­­­ւակա­­­նին մեծ աւան­­­դութիւն մը ու­­­նի, որ կու գայ զի­­­նուո­­­րական յե­­­ղափո­­­խու­­­թեան շրջան­­­նե­­­­­­­րէն։ Մար­­­դու Իրա­­­ւունքնե­­­րու Միու­­­թեան յանձնա­­­խումբը այս շա­­­բաթո­­­ւայ հա­­­մար ծրագ­­­րած է զա­­­նազան մի­­­ջոցա­­­ռումներ։ Անոնցմէ առա­­­ջինը գոր­­­ծադրո­­­ւեցաւ Իս­­­թանպու­­­լի Սու­­­տի Արա­­­բիոյ դես­­­պա­­­­­­­նատան մուտքին, ուր լրագ­­­րող Ճե­­­մալ Քա­­­շըք­­­ճը ամուսնու­­­թեան թղթա­­­բանու­­­թիւննե­­­րու հա­­­մար մտած էր եւ չէր կրցած ան­­­գամ մը եւս դուրս ել­­­լել։ Այս ոճի­­­րը թէեւ զբա­­­ղեցուց հա­­­մաշ­­­խարհա­­­յին ԶԼՄ-նե­­­րու օրա­­­կար­­­գը, բայց վերջ ի վեր­­­ջոյ քօ­­­ղար­­­կո­­­­­­­ւեցաւ եր­­­կիրնե­­­րու տնտե­­­սական փո­­­խադարձ շա­­­հերու հե­­­տեւան­­­քով։ Ար­­­դա­­­­­­­րեւ Մար­­­դու Իրա­­­ւունքնե­­­րու Միու­­­թիւնը խորհրդան­­­շա­­­­­­­կան այս վայ­­­րի վրայ մեկ­­­նարկե­­­լով պատ­­­գամ փո­­­խան­­­ցած կ՚ըլ­­­լայ պե­­­տու­­­թիւննե­­­րու ձեռ­­­քով գոր­­­ծադրո­­­ւած յան­­­ցա­­­­­­­գոր­­­ծութիւննե­­­րու դէմ։

Ինչպէս ծա­­­նօթ է, բեր­­­ման են­­­թարկե­­­լով ան­­­հետ կորսնցնե­­­լու աւան­­­դութիւ­­­նը ու­­­նի պատ­­­մա­­­­­­­կան ան­­­ցեալ։ Ան միառ­­­ժա­­­­­­­մանակ իր մէջ կը պա­­­հէ որոշ ռազ­­­մա­­­­­­­վարու­­­թիւն։ Ռազ­­­մա­­­­­­­վարու­­­թիւն՝ որ կը մի­­­տի սար­­­սա­­­­­­­փի զգա­­­ցու­­­մով չէ­­­զոքաց­­­նել բո­­­լոր ընդդի­­­մադիր­­­նե­­­­­­­րը։

Թուրքիոյ հա­­­րաւ արե­­­ւելեան յատ­­­կա­­­­­­­պէս քրտաբ­­­նակ տա­­­րածքնե­­­րուն մէջ ար­­­դիւնք տո­­­ւած է այս ռազ­­­մա­­­­­­­վարու­­­թիւնը, քա­­­նի մար­­­դիկ գի­­­տէին թէ ինչ կը նշա­­­նակէ սպի­­­տակ գոյ­­­նով եւ «Թո­­­րոս» վա­­­ճառա­­­նիշով ինքնա­­­շար­­­ժի այ­­­ցե­­­­­­­լու­­­թիւնը։ Գի­­­տէին թէ այդ ինքնա­­­շարժնե­­­րով բեր­­­ման են­­­թարկո­­­ւած­­­նե­­­­­­­րը չեն կրնար ան­­­գամ մը եւս տե­­­սանե­­­լի ըլ­­­լալ։

Թուրքիոյ ներ­­­կայ կա­­­ռավա­­­րու­­­թիւնը նախ­­­քան իր դիր­­­քե­­­­­­­րը ամ­­­րապնդե­­­լը բազ­­­միցս ար­­­տա­­­­­­­յայ­­­տո­­­­­­­ւած էր այս մա­­­սին եւ խոս­­­տա­­­­­­­ցած, որ նման դէպ­­­քե­­­­­­­րը կը վե­­­րաբե­­­րին նախ­­­կին շրջա­­­նին եւ իրենց իշ­­­խա­­­­­­­նու­­­թեան օրով կա­­­րելի չէ այս բնոյ­­­թով ոճ­­­րա­­­­­­­գոր­­­ծութիւն մը։

Մինչդեռ ժա­­­մանա­­­կի ըն­­­թացքին Էր­­­տո­­­­­­­ղանի կա­­­ռավա­­­րու­­­թիւնը եւս գոր­­­ծադրեց այդ նոյն մար­­­դասպա­­­նու­­­թեան եղա­­­նակը, որու հե­­­տեւան­­­քով օրըս­­­տօ­­­­­­­րէ աճե­­­ցան բեր­­­ման են­­­թարկո­­­ւելով ան­­­հետ կո­­­րած­­­նե­­­­­­­րու թիւ­­­նը։

Նոյն սար­­­սա­­­­­­­փը այ­­­սօր ալ կը տի­­­րէ երկրէ ներս եւ միակ փո­­­փոխու­­­թիւնն է տա­­­րինե­­­րու պար­­­տադրան­­­քի հե­­­տեւան­­­քով սպի­­­տակ «Թո­­­րոս»նե­­­րու փո­­­փոխու­­­թիւնը, այժմ նոյն չար արար­­­քի հա­­­մար կը գոր­­­ծա­­­­­­­ծուի «Ֆօրտ Ռեն­­­ճըր»ներ, դար­­­ձեալ սպի­­­տակ գոյ­­­նով։

Այս տե­­­սակի ոճիր­­­նե­­­­­­­րու դէմ մեծ պայ­­­քար տա­­­րած են Հա­­­րաւա­­­յին Ամե­­­րիկա­­­յի մար­­­դու իրա­­­ւունքի պաշտպան­­­նե­­­­­­­րը։ Անոնք նոյ­­­նիսկ յա­­­ջողած են տո­­­ւեալ ժա­­­մանա­­­կահա­­­տուա­­­ծի յան­­­ցա­­­­­­­գործնե­­­րը դա­­­տելու։ Իսկ Թուրքիոյ մէջ նման դա­­­տավա­­­րու­­­թիւն մը չէ կա­­­տարո­­­ւած, պար­­­զա­­­­­­­պէս ար­­­դա­­­­­­­րաց­­­նե­­­­­­­լու հա­­­մար պե­­­տու­­­թեան յա­­­րատե­­­ւելու սկզբունքը։ Ճիշդ է որ շրջան­­­ներ կը փո­­­խուին, այդ շրջան­­­նե­­­­­­­րու հետ կը փո­­­խուին քա­­­ղաքա­­­կան գոր­­­ծիչներ, բայց պե­­­տու­­­թիւննե­­­րու ոճ­­­րա­­­­­­­գործ յատ­­­կութիւ­­­նը կը մնայ ան­­­փո­­­­­­­փոխ։

Թե­­­րեւս այ­­­սօր կա­­­րելի է նման յատ­­­կութեան մա­­­սին խօ­­­սիլ Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նէ ներս եւս։ Չէ որ հոն ալ պե­­­տու­­­թիւնը, ի դէմ քա­­­ղաքա­­­ցինե­­­րու բուռն բո­­­ղոքին ազատ թո­­­ղուց Հան­­­րա­­­­­­­պետու­­­թեան Բ. նա­­­խագահ Ռո­­­պերտ Քո­­­չարեանը։ Այս պատ­­­կե­­­­­­­րը եւս մտա­­­հոգիչ է, քա­­­նի որ Քո­­­չարեան իր յան­­­ցա­­­­­­­գոր­­­ծութիւննե­­­րով դա­­­տապար­­­տո­­­­­­­ւած էր ժո­­­ղովուրդի խղճին մէջ։ Բո­­­լորը գի­­­տէին անոր վե­­­րագ­­­րո­­­­­­­ւած յան­­­ցա­­­­­­­գոր­­­ծութիւննե­­­րուն մա­­­սին եւ հի­­­մա յոյ­­­սի նշոյլ մը գո­­­յացած էր, թէ ար­­­դա­­­­­­­րու­­­թիւնը իր տե­­­ղը կը գտնէ եւ յան­­­ցա­­­­­­­գոր­­­ծը կ՚են­­­թարկո­­­ւի ար­­­ժա­­­­­­­նի պատ­­­ժին։

Ցա­­­ւալի է տես­­­նել այն իրո­­­ղու­­­թիւնը, ըստ որու պե­­­տական միտ­­­քը կը դի­­­մադ­­­րէ ար­­­դա­­­­­­­րու­­­թեան, թէ Թուրքիոյ եւ թէ Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նի մէջ նոյն մտայնութեամբ։

pakrates@yahoo.com