Բազմաթիւ փաստերով ապացուցուած է աշխարհագրական դիրքով հարեւան մշակոյթներու իրար հետ ունեցած փոխազդեցութիւնը։ Այս ազդեցութիւնը կրնանք նկատել մերթ խոհանոցի վերաբերեալ յատկութիւններու, մերթ ազգագրական երգ ու պարի նմանութիւններու եւ այլ բազմաթիւ առօրեայ երեւոյթներու մէջ։
Այս փոխադարձ ազդեցութիւնները միգուցէ լուրջ անհանգստութիւն չեն պատճառեր մանաւանդ, երբ շատ անգամ յստակօրէն չեն նկատուիր անգամ։ Բայց կարելի չէ նոյնը պնդել չար սովորութիւններու իրար ազդելու երեւոյթին համար։ Արդարեւ մենք Թուրքիոյ հայերս կարծես թէ այդքան ալ պատճառներ ունենալու ստիպուած չենք, որպէսզի մատնուինք բոլոր այն դժբախտ երեւոյթներուն որոնց մատնուած կ՚երեւի Թուրքիոյ քաղաքական կեանքը։
Նիւթը այժմէականացնելու համար նշենք թէ Թուրքիոյ իրողութեան մէջ մերօրեայ մեծագոյն խնդիրը ընտրութիւններու նիւթի շուրջ արձանագրուած անկարգութիւններն են։ Նախ եւ առաջ հասարակութիւնը կորսնցուցած էր ընտրութիւններու հաւաստիութեան մասին վստահութիւնը։ Հաստատուած էր համոզում մը, ըստ որու նախագահ Էրտողան ամէն ինչ կրնայ ընել ընտրութիւններէն յաջողած դուրս գալու համար։ Սա ինքնին արդէն շատ սուղ կարծիք մըն է ցանկացած պետական համակարգի հաշւոյն։ Բայց Թուրքիոյ պայմաններուն մէջ խնդիրը այդքանով չի վերջանար եւ արդարադատական համակարգը ամէն ջանք ի գործ կը դնէ նման համոզումը իրաւացի դարձնելու ուղղութեամբ։ Տեղացի հայերս երկար ժամանակէ ի վեր որդեգրած ենք երկրի խնդիրներուն շատ ալ միջամուխ չըլլալ եւ առհասարակ զբաղուիլ մեր նիւթերով։ Բայց հիմա ափսոսանքով կը տեսնենք թէ այն ինչ որ կը տեսնենք երկրի ընդհանուրին մէջ, ձեւով մը կ՚երթայ կը ցոլանայ նաեւ մեր խնդիրներուն։ Եթէ երկրի մէջ ընդհանրապէս ընտրութիւնները կորսնցուցած են իրենց վստահելիութիւնը առհասարակ մենք հայերս ալ կորսնցուցած կ՚ըլլանք մեր ներհամայնքային վստահելիութիւնը։
Եթէ երկրի իշխանութիւնը դիւրաւ կը շրջանցէ ընտրութեան կանոնները, նոյնը կ՚ընէ նաեւ մեր Պատրիարքարանը նման նպատակի համար։ Եթէ Էրտողանի կառավարութիւնը ունի իրեն հպատակեցուած մամուլ կամ զանգուածային լրատուամիջոց, նոյնն է, մեր Պատրիարքարանն ալ ունի իր լծակները, այդ նոյն նպատակին հասնելու համար։ Եւ աւելի մտահոգիչը եթէ երկրի բնակչութիւնը հետզհետէ ձանձրացած կ՚երեւի այս տգեղ ռազմավարութենէն եւ կը նախընտրէ չէզոքութիւն պահելով հեռու մնալ այս կեղտոտ միջավայրէն, նոյնն է՝ երկրի հայ համայնքն ալ կը զգուշանայ նման ցեխոտ դաշտի մը մէջ կողմ ըլլալէ։ Երանի տանք Հայաստանին, որ Թաւշեայ յեղափոխութեան շնորհիւ թօթափեց իր հասարակութեան վրայ բոյն դրած յուսալքութիւնը եւ կրցաւ նոր երանդ ու ոգի ներշնչել իր ժողովուրդին։
Իսկ մենք ո՞ր եղանակով պիտի յաջողինք նման դժբախտութիւնը յաղթահարելու, մանաւանդ այն պահուն, երբ իշխանաւորներու բոլոր անկարգութիւնները քօղարկուած են սրբազան անձեռնմխելիութեան մը ետին։ Իրենց սխալ արարքներուն ուղղուած բոլոր մեղադրանքները կը դիտուին որպէս եկեղեցական սրբութիւններու դէմ անարգանք։
Դժուար է իրենց միամիտ կողմնակիցները համոզել, թէ հոգեւորականի բացթողումները առհասարակ չեն կրնար քօղարկուիլ եկեղեցւոյ անձեռնմխելիութիւնով։ Ընդհակառակը, նման անձեռնմխելիութիւնը կը սպառնայ եկեղեցւոյ անսասանութեան։
Պատահականութիւնները այնպէս պարտադրեցին, որ 23 Յունիսին ընտրողներ ճշդեն ո՛չ մինակ Իսթանպուլի քաղաքապետը, այլ նաեւ նախագահ Էրտողանի ճակատագիրը։ Իսկ 24 Յունիսին Կրօնական ժողովի որոշումը բացի տեղապահ մը ճշդելէ, ճշդած պիտի ըլլայ նաեւ Արամ Արքեպիսկոպոսի ապագան։
pakrates@yahoo.com