Եթէ կը կարծէք թէ սիւնակագիրներ առհասարակ ազատ են իրենց նիւթերը ընտրելու պահին կը սխալիք լրջօրէն։ Սիւնակագիրը ունի զանազան մտատանջութիւններ, մինչեւ որ ճշդէ իր սիւնակի բովանդակութիւնը։ Այդ դժուարութեան ծնունդ տուողը ընթերցողի նկատմամբ պատասխանատուութեան զգացումն է։ Սիւնակագիրը լրջօրէն կը սոսկայ ընթերցողի ուշադրութեան չարժանացող նիւթ մը գրի առնելէ։ Վերջապէս առեւտուր մըն է, որ կը կատարուի ընթերցողի եւ հեղինակի միջեւ։ Ընթերցողը կրնայ հաշիւ պահանջել ըսելով թէ «Ինչո՞ւ կը գրես այս նիւթը, որ զիս բնաւ չի հետաքրքրեր»։ Անշուշտ որ յօդուածագիրը իր միտքն է որ պիտի փոխանցէ թուղթին։ Հետեւաբար ազատ է իր միտքը ցոլացնելու մէջ։ Այդ միտքը ընթերցողին հաճելի կը թուի, թէ ոչ ուրիշ խնդիր։ Բայց նիւթը բոլորովին տարբեր է ճիշդ ալ տուեալ նիւթը ընտրելու պահուն։ Իբրեւ խոստովանութիւն յայտնեմ յաճախ կը մտաբերեմ որոշ նիւթեր, որոնք պիտի ուզեմ ընթերցողին հետ կիսել, բայց ապա կը խրտչիմ Չըլլայ որ անհատական ըլլայ եւ ընթերցողը մեղադրէ «Ինծի ինչ քու ապրածներէդ» ըսելով։ Սակայն ինչ որ ալ ըլլայ տեսնելով Կրետէի Սուրբ Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 350-ամեակի հանդիսութեան մանրամասնութինները, ընթերցողին հետ պիտի կիսեմ 20 տարուայ անցեալ ունեցող յիշատակ մը։
Արդարեւ ուղիղ 20 տարիներ առաջ էին, երբ Սայաթ Նովա երգչախումբով որոշեցինք այցելել Կրետէ կղզիի այս պատմական եկեղեցին։ Լոկ հետաքրքրութիւն էր այս որոշումին դրդապատճառը։ Նախ միտքը աճեցուցինք մեր ընկերական շրջանակին մէջ։ Տեսանք որ նման կազմակերպութիւն մը որոշ հետաքրքրութեան պիտի արժանանայ։ Անմիջապէս սկսանք ուսումնասիրել դէպի Կրետէ երթալու ճանապարհային հաւանականութիւնները։ Գտանք ամենամատչելի եղանակը։ Հանրաշարժով պիտի երթայինք Աթէնք եւ հոնկէ ալ կառաբարձով պիտի հասնէինք Կրետէ։
Պարզապէս տեղեակ պահեցինք մեր պատասխանատու եղած հաստատութիւնը՝ այսինքն Պատրիարքարանը, իմաց տալով, թէ մտադիր ենք դէպի Կրետէ ուխտագնացութիւն մը կատարելու։ Չեմ գիտեր ինչ էր պատճառը որ ընդհանրապէս «Ոչ» ըսելու տրամադրուած Պատրիարքարանը որեւէ առարկութիւն չդրաւ մեր այս ցանկութեան դիմաց։ Բծախնդրօրէն մշակեցինք ծրագիրը։ Նախապէս որպէս հովուապետ բազում անգամներ Կրետէ պատարագի գացող Տէր Տիրան քահանայ Րէիսեանի միջոցաւ հայթայթեցինք Կրետէի համայնքի ամենաաշխոյժ դէմքերէն Ստեփան սարկաւագի հեռախօսահամարը։ Պարզեցինք մեր միտքը եւ հարց տուինք թէ «Կրետէի համայնքը քանի՞ հոգի է»։ Այդ օր կղզիի հայութիւնը կը հաշուէր ընդամէնը 51 շունչ։
Ճշդեցինք թուականները եւ ճամբայ ելանք դէպի այս շահեկան ուխտավայրը։ Հարիւր հոգիէ կը բաղկանար մեր ուխտաւորներու խումբը, որոնց 91-ը ճամբայ ելաւ Պոլիսէն եւ 9 Եւրոպայի տարբեր քաղաքներէն հասնելով միացան մեզի։
Եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 350-ամեակը պատճառ եղաւ այս ուրախ անցեալը վերյիշելու համար։ Այսօր միթէ կը համարձակի՞նք ամբողջովին անորոշութիւններով լեցուն նման արկածախնդրութեան մը ձեռնարկելու։ Դժուար է դրական պատասխան տալ, իսկ եթէ պէտք է մեկնաբանութիւն այդ մէկը շատ դիւրին է՝ Խենդ էինք ու ապրեցանք խենդաբար։ Վայելեցինք հազարումի տեսակ ուրախութիւն, որը դժուար թէ վայելեն խելօքները։
pakrates@yahoo.com