Հայոց Մեծ Եղեռնի կամ իրաւական անուանումով Ցեղասպանութեան 104 ամեակը կը թելադրէ պահ մը դուրս գալ մեր ազգային ողբերգութենէն եւ դիտել համաշխարհային համայնապատկերը։ Տեսնել թէ այսօր ի՞նչ է դէպի ցեղասպանութիւն ձգտող ոխի ու ատելութեան, անձերու անհատական պատկանելութեան դէմ անհանդուրժողութեան ընդհանուր պատկերը։ Երեւի թէ նման փորձ մը պիտի պարզէ թէ աշխարհ այսօր շատ աւելի դիւրին պիտի համակերպի այս բառով բնութագրուած վայրագութիւններուն։ Պատմութեան էջերը արդէն իսկ ընդմիշտ լեցուն էին վայրագութեան զանազան օրինակներով։ Բայց ներկայ ժամանակի սպառնալիքները կը գերազանցեն անցեալի բոլոր վայրագութիւնները։ Անշուշտ որ այս զարգացումին մէջ խիստ կարեւոր դերակատարութիւն ունի ճարտարագիտական զարգացումները։ Մարդիկ գիտութիւնը շահագործեցին վայրագութեան եղանակները զարգացնելու համար պարզապէս։ Յաջողութիւն տեսան աւլի կործանիչ, աւելի մարդասպան զէնք ու զինամթերքի տիրանալու մրցումին մէջ յառաջանալով։ Չկրցանք գիտակցիլ, թէ նման յաջողութիւնը իրականութեան մէջ մարդկային առումով կատարեալ սնանկացում մըն էր։ Փիրուզի յաղթանակ մըն էր այդ մէկը, որուն համար կարելի չէր ուրախանալ։ Բայց իբրեւ թէ «քաղաքակիրթ» ածականով ներկայացող երկիրներ պահ մը իսկ չվարանեցան այդ Փիրուզեան յաղթանակին հասնելու չար մտքին մէջ։ Վասնզի մեր մարդկութեան առումով չար համարածը, իրենց համար շահ շահոյթ կը նշանակէր։ Հարստութիւններ դիզեցին մարդկային սրբութիւնները ոտնակոխելով։ Բայց ամէն չարիք հունտի մը նման աճեցաւ իր ինկած հողաշերտին մէջ եւ բերաւ այսօրուայ չարիքներու կուտակումը։ Մենք հայերս բնականաբար ունէինք սեփական ողբը եւ չի կրցանք անդրադառնալու թէ այդ մեր ընդունած կաղապարով քաղաքակիրթ համարած երկիրներու վարիչները ի՞նչ դերակատարութիւն ունեցան բոլոր այս չար արարքներու կուտակումին մէջ։
Օրինակի համար երբ Թրամբ կը խօսէր Մեքսիկայի սահմանին պատ հիւսելու մասին ի՞նչ էր մեր հակազդեցութիւնը։ Ինչե՞ր զգացինք, երբ ՏԱԻՇ-ի մարդասպանները վայրագօրէն կ՚առեւանգէին Շենկալ լերան էզտիները։ Արդեօք ազգովին կրցա՞նք զօրակցութեան ճիգ մը վատնել մեր ժամանակներուն ցեղասպանութեան զոհ դարձած անմեղներուն հետ զօրակցելու համար։ Կարծես այս հարցումները շատ ալ ցանկալի չեն մեր ազգային մտածելակերպի մէջ, քանի որ մենք որդեգրած ենք մեր հարազատ ողբը եւ մնացեալ բոլորին հանդէպ նախընտրած ենք անհաղորդ մնալ։ Սակայն ժամանակները կը թելադրեն այլ կերպ մերձեցումներ։ Խնդիրը համամարդկային է եւ հայը չի կրնար ինքզինք չեղեալ համարել այդ համամարդկային պայքարէն։ Ընդ հակառակը պիտի գիտակցինք թէ ինչպէս որ չարիքը ազգութիւններէ դուրս կը սպառնայ բոլորին, այդ չարիքի դէմ միախմբուել, ուժերը դիմադրական կարողութիւնները միացնելն ալ անհրաժեշտութիւն մըն է։
Պարտիք գիտակցելու թէ երկրագունդի վրայ անհնար է առանձին փրկութեան հասնիլ։ Փրկութիւնը պիտի իրականանայ համամարդկային հետզհետէ համաշխարհային դիմադրութեան միջոցաւ։
pakrates@yahoo.com