ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Դիտելով Լէյլաներու զօրակցութիւնը

ՀՏՓ կու­սակցու­թեան պատ­գա­մաւոր Լէյ­լա Կիւ­վե­նի Ապ­տուլլահ Էօճա­լանի դէմ գոր­ծադրո­ւած մե­կու­սացման պատ­ժի դէմ բո­ղոքի նպա­տակով սկսած հա­ցադու­լը կը շա­րու­նա­կուի աւե­լի քան 160 օրե­րէ ի վեր։ Բժիշկներ կը զգու­շացնեն, թէ այսքան եր­կա­րատեւ հա­ցադու­լը կրնայ ան­դարմա­նելի աւեր­ներ գոր­ծել մարմնի վրայ։ Սա­կայն Լէյ­լա Կիւ­վեն այս իրո­ղու­թեան գի­տակ­ցե­լով հան­դերձ կը շա­րու­նա­կէ հա­ցադու­լը, վտան­գե­լով իր սե­փական առող­ջութիւ­նը։ Նա­խապէս ալ գրած ենք, որ հա­ցադու­լը կա­րելի չէ անձնաս­պա­նու­թեան եղա­նակ մը ըլ­լա­լով գնա­հատել։ Ան պայ­քա­րելու վեր­ջին մի­ջոց ըլ­լա­լով օրա­կար­գի կու գայ եւ հա­ցադու­լի դի­մողն ալ քա­ջաբար կը գի­տակ­ցի այդ արար­քի հա­ւանա­կան հե­տեւանքնե­րուն։ Ար­դա­րեւ հա­ցադուլ հռչա­կելու հա­մար անհրա­ժեշտ եղա­ծը վճռա­կամու­թիւնն է միայն, ոչ աւե­լին։ Հա­ցադու­լի 160-րդ օրը Լէյ­լա Կիւ­վեն ու­նե­ցաւ ար­տա­կարգ այ­ցե­լու մը։ Լէյ­լա Հա­լիտն էր ան, որ եկած էր իր գա­ղափա­րի պայ­քա­րին հա­մար կեան­քը վտան­գած անո­ւանակ­ցին հետ զօ­րակ­ցե­լու։ Տպա­ւորիչ էր եր­կու Լէյ­լա­ներու հան­դի­պումն ալ։ Հա­լիտ 1970-ական թո­ւական­նե­րուն Պա­ղէս­տի­նի ժո­ղովուրդի մատ­նո­ւած անար­դա­րու­թիւնը տե­սանե­լի դարձնե­լու հա­մար առե­ւան­գած էր «Լուֆթան­սա» ըն­կե­րու­թեան քա­ղաքա­ցիական սա­ւառ­նա­կը։ Պա­տանդ վեր­ցուցած էր սա­ւառ­նա­կի ու­ղե­ւոր­նե­րը եւ յայ­տա­րարած էր, թէ եթէ պա­տաս­խան չտրուի իր պա­հանջնե­րուն, պատ­րաստ է օդա­նաւը օդը հա­նել իր ճամ­բորդնե­րով միասին։

Երկրորդ հա­մաշ­խարհա­յին պա­տերազ­մէ ետք «քա­ղաքա­կիրթ աշ­խարհ»ը առա­ջին ան­գամ այս դէպ­քով է, որ դէմ­հանդի­ման կը մնար նման սպառ­նա­լիքի մը հետ։ Առա­ջին ան­գամ ոչ պե­տական ու­ժը կը յանդգնէր այսքան խի­զախ կեր­պով աս­պա­րէզ կար­դալ «պե­տու­թիւն» կո­չուած ու­ժի մը դի­մաց։

Բո­լորս գի­տենք թէ այդ դէպ­քէն ետք շատ ջու­րեր հո­սեցան կա­մուրջնե­րու տա­կէն եւ ան­ցեալին ահա­բեկ­չութիւն անո­ւանո­ւած այդ եղա­նակ­նե­րը ըն­դունո­ւած ռազ­մա­վարու­թիւն դար­ձան զա­նազան եր­կիրնե­րու հա­մար։

1970-ական տա­րինե­րուն Լէյ­լա Հա­լիտի կա­տարած գոր­ծը շատ նման է այ­սօր Լէյ­լա Կիւ­վե­նի ըրա­ծին։ Եր­կուքն ալ ճա­րահա­տու­թեան դրսե­ւորումներ են, որոնք կը փոր­ձեն ու­շադրու­թիւն ստեղ­ծել կա­տարո­ւած անար­դա­րու­թիւննե­րու դի­մաց։ 1970-80-ական տա­րեթի­ւերուն հայ մար­տիկնե­րու գոր­ծած արարքներն եւս նոյն բնոյ­թը կը կրէին։ Անոնք ալ պատ­մա­կան անար­դա­րու­թիւնը տե­սանե­լի դարձնե­լու հա­մար իրենց թի­րախ ընտրե­ցին, այդ դէպ­քե­րու հետ ուղղա­կիօրէն առնչու­թիւն չու­նե­ցող զո­հերը։

Հա­մաշ­խարհա­յին մարդկու­թիւնը հա­ւանա­բար դեռ շատ պի­տի ցնցո­ւի ան­նա­խադէպ ու անակնկալ պա­տահար­նե­րով։ Առա­ջին հեր­թին պի­տի դժո­ւարա­նայ օրի­նակի հա­մար 11 Սեպ­տեմբեր 2001-ին Նիւ Եոր­քի զոյգ աշ­տա­րակ­նե­րու դէմ գոր­ծադրո­ւած յար­ձա­կու­մի իմաս­տը, նշա­նակու­թիւնը ըմբռնե­լու։ Պի­տի կար­ծէ, թէ ամէն ինչ չար ոգիով լցո­ւած մարդկանց թշնա­մու­թեան հե­տեւանքն է։ Պի­տի չգի­տակ­ցի, թէ իր երկրի իշ­խա­նաւոր­նե­րու մեղ­քերն է, որ կը հա­տու­ցէ այդ մեղ­քե­րուն մէջ բա­ժին չու­նե­ցող ան­մեղ քա­ղաքա­ցինե­րը։

Այդ գի­տակ­ցութիւ­նը պի­տի գո­յանայ Ժուլյան Ասան­ժի նման մարդկանց ու­րիշնե­րու կող­մէ «ահա­բեկ­չութիւն» անո­ւանո­ւած գոր­ծե­րով։

Այս միտ­քով է, որ կ՚ող­ջունենք Լէյ­լա Հա­լիտը, Լէյ­լա Կիւ­վե­նը, Ժուլյան Ասան­ժը եւ անար­դա­րու­թեան դէմ պայ­քա­րող հայ մար­տիկնե­րը։

pakrates@yahoo.com