ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Մի՛ Ձանձրանաք, կռուի պահ է

Կարելի է լրագրողի համար դաւաճանութիւն համարել, բայց խոստովանիմ որ ձանձրացած եմ շրջանային վարչութիւններու ընտրութեան խնդրին մասին գրելէ։ Ոչ միայն գրելէ, այլ նաեւ այդ նիւթը լսելէ ալ ձանձրացած եմ։

Թուրքիոյ պետութիւնը ներկայացնող գործիչներ մօտ անցեալին բազում անգամներ կրկնելու պահանջը զգացին. «Թուրքիա ցեղախմբային պետութիւն չէ» յայտարարութիւնը։ Ցեղախմբային պետութիւն ըսելով կ՚ակնարկուէր ափրիկէի նորանկախ երկիրներուն, որոնք ազատուելով Եւրոպական ծաւալապաշտ պետութիւններու լուծէն, անկախացած էին, բայց չէին կրցած յաջողիլ «պետութիւն» հասկացողութիւնը արդարացնող համակարգ մը գոյացնելու։ Միւս կողմէ Թուրքիա ակնարկելով առաջին սահմանադրութեան, կը սիրէր պնդել թէ աւելի քան 1,5 դարուայ ժողովրդավարական անցեալ մը ունի։

Ի՞նչ կը նշանակէ ժողովրդավարութիւն ըսուածը, երբ ժողովուրդը չէ կրցած իւրացնել ինքնակառավարման գիտակցութիւնը։

Թուրքիոյ նման երկիրներ կը սիրեն փրկարարի մը կախարդական ցուպին հաւատալ եւ ամէն բարիք իրմէ ակնկալել։ Յօժարած կ՚ըլլան ճորտի իրավիճակին եւ գթութիւն կը պաղատեն իշխողէն։

Իշխողն ալ իր կարգին չի խնայեր այդ գթութիւնը եւ կը շռայլէ իր ճորտերուն մերթ ածուխի օգնութեան, մերթ ալ բժշկական ձրի ծառայութիւն ապահովող կանանչ քարտերու միջոցով։ Անդին այդ գթութեան աւելի հսկայ բաժինները համեմատական կարգով կը հասնին բուրգի վերնախաւերուն։

Վերջին ընտրութիւններու դէմ կատարուած առարկութիւնները կ՚ապացուցեն, թէ Թուրքիա բառին բուն իմաստով ցեղախմբային պետութեան մը դիմագիծը կը պարզէ։ Ատոր հակակշիռն է օրինաց երկիր հասկացողութիւնը։ Երբ իշխանութիւնը կամայական կերպով կրնայ զանց առնել օրէնքի պարտադրածը, անդին մնացածը ո՛չ թէ հանրապետութիւն, այլ ցեղապետի մը իշխանութիւնն է։

Ձանձրացած ըլլալով պիտի չուզէի շրջանային վարչութիւններու ընտրութեան մասին գրել։ Չէ որ մեր առջեւ նոր մարտահրաւէր մը ըլլալով կանգնած է պատրիարքական ընտրութիւնը եւ համայնքային հաստատութիւններու վարչութիւններու ընտրութիւնը։ Ըստ երեւոյթի շատ ալ պիտի չուշանանք այդ ընտրութիւններու նիւթէն ալ ձանձրանալու։ Գոնէ այդ ուղղութեամբ ազդանշաններ արդէն իսկ սկսած են պարզուիլ։ Ներկայ օրինակներով կրնանք կռահել թէ ինչ տեսակ ցեխարձակումներով լեցուն ընտրարշաւ մը, քարոզչութեան շրջան մը կը սպասէ մեզ։ Խելք ունեցողը պարտի տասն անգամ մտածելու, պատրիարքական աթոռի համար իր թեկնածութիւնը առաջադրելէ առաջ։

Կարծեցեալ մտերիմներով շրջապատուած պահուն իսկ ենթական կրնայ դաւադրական սադրանքի մը զոհը դառնալ։ Օրինակները սկսած են հասնելու։ Համայնքի կալուածներով ամենահարուստ հաստատութիւններէն մէկուն ինը անդամներէ բաղկացող վարչութիւնը այժմ կը ներկայանայ խիստ կասկածելի երեք անուններով միայն։ Պետութիւնը, փոխան ընտրութեան, այդ երեքին կը թելադրէ իրենց համար հաճելի անուններով լրացնել պակսած ցանկը։

Հազիւ 2000 բնակչութիւն ունեցող քաղաքիս յոյն համայնքը գումարած ժողովով պաշտօնապէս առարկեց ընտրութիւնները նշանակումով փոխարինելու թելադրանքին դիմաց։ Իսկ հայ համայնքը ներկայացնելու յաւակնութիւն ունեցողները իրենց ժողովուրդը համոզել կը ջանան թէ առաջարկուածը ժամանակաւոր լուծում մըն է ի նպաստ մեր հասարակութեան։

Աղին նեխոտած պահն է, որ կ՚ապրինք։ Խնդրեմ դուք մի՛ ձանձրանաք։

pakrates@yahoo.com