ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Բարոյական անկում

Նախորդ յօդուածով խորհրդակցած էինք կրօնքի հասարակութիւններու հաշիշը ըլլալու երեւոյթին շուրջ։

Թուրքիոյ Հանրապետութեան կրօնամոլ կառավարութիւնը իսկոյն օրակարգի բերաւ աղմկահարոյց օրէնքի նախագիծ մը, որ կը խոստանայ մարդկային խիղճը եւ ամէն տեսակ սրբութիւնը գրգռելու։

Խորհրդարանի մէջ կէսգիշերուայ ժամերուն իշխող կուսակցութեան պատգամաւորներու ձայնով ընդունուած օրէնքի նախագիծը պայմանաւոր ազատութիւն կը շնոր­հէ ման­կապղծու­թեան յան­ցանքով բան­տարկուած­նե­րուն։ Կա­ռավա­րու­թեան ներ­կա­յացու­ցիչնե­րը այս նա­խագի­ծը կը պաշտպա­նեն ըսե­լով որ օրէնքնե­րու սխալ կի­րար­կումէն տու­ժած աւե­լի քան երեք հա­զար ըն­տա­նիք­նե­րու հո­գերուն դար­ման պի­տի ըլ­լան։

Թուրքիոյ ան­լուծե­լի մնա­ցած խնդիր­նե­րէն մէկն է ան­չա­փահաս­նե­րու ամուսնու­թիւնը։ Բա­րոյա­կան բո­լոր ար­ժա­նիք­նե­րը կի­ներու սրունքնե­րուն արան­քը տես­նող յի­մար մտայ­նութեան բնա­կան դրսե­ւորումն է այս։ Աւան­դա­պաշտ հա­սարա­կու­թեան մէջ կին էակը եր­բեք ինքնին ան­հատ ըլ­լա­լով չէ դի­տուած։ Անոր որոշ դե­րակա­տարու­թիւններ վե­րագ­րուած են տղա­մարդկանց կող­մէ եւ ըն­կե­րու­թիւնը կը պա­հան­ջէ որ կի­նը մնայ այդ վե­րագ­րուած սահ­մա­նին մէջ միայն։

Բա­րոյա­կան իմաս­տով լկրտած կրօն­քի հաս­կա­ցողու­թիւնը անխտիր բո­լոր կրօնքնե­րու մէջ կի­նը մատ­նած է նոյն դիր­քին։ Չէ որ բո­լոր կրօն­նե­րու հա­մաձայն Եւան ստեղ­ծուեցաւ Ադա­մի կո­ղէն։ Այդ յի­մար պատ­մութիւ­նը ինքնին պատ­ճառ եղաւ որ բո­լոր ադա­մոր­դի­ներ իրենց վրայ իրա­ւասու­թիւն գտնեն կնոջ դէմ իշ­խե­լու հա­մար։ Ան­շուշտ որ մարդկու­թիւնը ապ­րե­ցաւ մայր իշ­խա­նական շրջան մը, բայց երբ այդ հա­մակար­գը խան­գա­րուե­ցաւ ի նպաստ տղա­մարդկանց, այդ օրէն սկսեալ կինն ալ գե­րավա­րուե­ցաւ տղա­մար­դու կող­մէ։ Յի­շենք որ միջ­նա­դարեան խա­ւար ժա­մանակ­նե­րուն կի­ներն էին որ կը մե­ղադ­րուէին վհու­կութեամբ եւ կը հրկի­զուէին խա­րոյկնե­րու վրայ։ Այդ ան­մարդկա­յին ոճի­րով տղա­մար­դը իր իշ­խա­նու­թիւնը ալ աւե­լի կը պար­տադրէր կի­ներուն։ Սա­կայն պատ­մութեան այս տխուր շրջա­նը աշ­խարհի զար­գա­ցած հա­տուա­ծին հա­մար մնաց միայն պատ­մութեան էջե­րու նիւթ։ Բայց ան­դին մնա­ցին հին բար­քե­րու մնա­ցոր­դացներ, որոնք մին­չեւ օրս այդ նոյն ըմբռնու­մը կը պար­տադրեն։ Իրենք կը թա­փառին ան­պա­տուու­թեան մէջ եւ պա­տուոյ վե­րաբե­րեալ ծանր բե­ռը կը բեռցնեն կի­ներու ու­սե­րուն։

Ցա­ւալի է ներ­կայ ժա­մանակ­նե­րուն իսկ իրենց չա­րամիտ տի­րապե­տու­թեան ակա­նատես ըլ­լալ։ Ահա այդ մկլո­տած միտ­քը այ­սօր եւս կը շա­րու­նա­կէ իր չա­րագոր­ծութիւ­նը եւ Թուրքիոյ Խորհրդա­րանին մէջ կը յայտնուին մար­դիկ, որոնք կրօն­քի թե­լադ­րած հրա­ման ըլ­լա­լով կ՚ըն­դունին ման­կապղծու­թիւնը։ Անոնց հա­մար աղ­ջիկ զա­ւակը հօ­րը պա­տիւն է կամ եկէք ըսենք աւե­լի յստակ բա­ռով՝ «հօ­րը ապ­րանքն» է եւ հայ­րը իրա­ւունք ու­նի այդ ապ­րանքը իրեն հա­մար հա­ւանա­կան փոր­ձանք մը պատահելէ առաջ յար­մար գի­նով վա­ճառե­լու։ Ահա այս իրա­ւունքն է որ ԱՔՓ ական­նե­րը կը պաշտպա­նեն, իբ­րեւ ազ­գա­յին սո­վորոյթ։ Իրա­ւունք կը ճանչնան հօր իր ապ­րանքին վրայ, իր կամ­քին հա­մապա­տաս­խան ամէն տե­սակ գնա­հատա­կանի։ Կ՚ան­տե­սեն այն իրո­ղու­թիւնը, թէ մարդկա­յին միտ­քը շա­տոնց ան­ցած է այդ ան­մարդկա­յին մտա­ծելա­կեր­պը եւ կի­նը ըն­դունած է, իբ­րեւ ան­հատ։ Այդ զար­գա­ցու­մէն զուրկ չեն նաեւ թուրքիացի կի­ները։ Այդ պատ­ճա­ռաւ ալ կա­ռավա­րու­թեան այս որո­շու­մը դա­տապար­տուած է կի­ներու հա­լածան­քին։ Պա­հը ճա­կատագ­րա­կան է հա­մայն մարդկու­թեան հա­մար։ Այս պա­հուն ցու­ցա­բերուած ան­տարբե­րու­թիւնը շատ ծանր հե­տեւանքներ պի­տի ու­նե­նայ մօտ ապա­գայի մեր կեան­քին վրայ։ Ու­րեմն այր կամ կին պար­տա­ւոր ենք միաս­նա­բար դի­մադ­րե­լու եւ այս բնոյ­թի կրօ­նական բո­լոր նա­խաձեռ­նութիւննե­րը իրենց ծա­գած խու­ցին մէջ փճաց­նե­լու։