Ոգեղէններու պաշտամունքը Վան-Վասպուրականում

ՕՔՍԱՆԱ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ

Հոն ոգիներ կ՚ապրէին... Հայոց աշխարհի այլեւայլ ծայրերում... Հոն հսկաներ կը քայ­լէին, յա­ւեր­ժա­հար­սունք կը պաշ­տուէին, արա­լեզք մար­տիկնե­րուն կեանք կը պար­գե­ւէին եւ Թուխ Մա­նուկք մայր հո­ղը կը սնէին։ Իսկ մռայլ ձո­րերում դե­ւեր ու քաջք կը բնա­կէին, Վա­նայ լճի յա­տակում վի­շապ­ներ կ՚ապ­րէին, Այսք քա­միներ կը բե­րէին։

Հայ­քի կեդ­րո­նական եւ ամե­նամեծ Վաս­պուրա­կան աշ­խարհում ոգի­ների պաշ­տա­մունքը կը գո­յատե­ւէր դեռ եր­կար դա­րեր եւ մինչ 20-րդ դա­րի սկիզ­բը մենք կա­րող էինք տես­նել դրա մնա­ցորդնե­րը։

Ահա վա­նեցի մա­միկ­նե­րը կը հա­ւատա­յին թէ ամէն ար­տուտքի, լի­նի դա ցո­րեն, բրինձ, ալիւր, իւղ կամ պա­նիր, տար­րա­յի մէջ Շնողք կ՚ապ­րի։ Շնողք ոգի­ները ար­տուտքի պա­հապան­ներն էին, ուստի ամէն ան­գամ, երբ ար­տուտքի տար­րան քիչ մը կը պար­պէին, ան­պատճառ «Յի­սուս Քրիս­տոս» կ՚ըսէին, զի Շնող­քը չնե­ղանայ եւ մէ­ջէն չել­նի, այ­լա­պէս տար­րան շատ շուտ ամ­բողջո­վին կը դա­տար­կուէր։ Իսկ եթէ Շնողքն ար­դէն գնա­ցած կ՚ըլ­լար, վերցրա­ծից քիչ մը ետ կը դնէին. այդպէս Շնող­քին ետ՝ ար­տուտքի տար­րայ, կը հրա­ւիրէին։

Իսկ ահա ար­տե­րի եւ դաշտ ու հան­դե­րի պա­հապան­նե­րը Խըլ­վը­լիկ­ներն էին։ Խըլ­վը­լիկը կ՚ապ­րէր ար­տե­րում եւ պա­տաս­խա­նատու կ՚ըլ­լար ար­տի բեր­րիու­թեան հա­մար։

Վաս­պուրա­կան­ցիք կը հա­ւատա­յին նաեւ Առ­նակ, Գրող եւ Փու­թիկ ոգի­ներու գո­յու­թեանը։ Առա­ւել զօ­րեղ կ՚ըն­կա­լուէր Գրո­ղը, որը յա­ճախ որ­պէս աս­տուածու­թիւն կը գի­տակ­ցուէր։

Փու­թի­կը կամ Շու­տի­կը կը նոյ­նացուէր եր­բեմն Գրող աստծոյ հետ, զի յա­ճախ «Գրո­ղը տա­նի քեզ» ար­տա­յայ­տութեան փո­խարէն կ՚ըսէին «Շու­տիկ տա­նի քեզ»։ Հե­տաքրքրա­կան է, որ նոր ոտք ել­նող մա­նուկնե­րուն ալ ծաղ­րա­բար «փու­թիկ» կը կո­չէին։

Փու­թիկնե­րը ան­չափ արա­գավազ ոգի­ներ էին, եւ սա­կայն, Գրո­ղի չափ ահար­կու չէին։ Ղե­ւոնդ Ալի­շանը Շու­տի­կին որ­պէս հրէշ կը կար­ծէ եւ կը նշէ թէ բժշկա­րան­նե­րում Շու­տի­կը «տա­րաժամ մահ» կը նշա­նակի՝ մէջ­բե­րելով հե­տեւեալը. «Թէ ան­կա­նի Շու­տիկ ի տեղ մի, որ է մահն, գրեն, եւ դու անդ պա­տահիս... ի մէջն մնաս», եւ այլն. «Աւագ թի­րեաքո­վէ դեղ պա­տուի­րիր»։

Թղպա կամ Թեպ­ղա կամ Թեպղ։ Ալի­շանը նրան ան­յայտ ծա­գու­մի չար ոգի մը կը դի­տար­կի, որ պար­զա­պէս յի­շատա­կուած է Ալ­քից յե­տոյ, անուանումն ալ՝ հա­յի ական­ջին խորթ։ Եւ անուան հնչիւ­նա­բանու­թեամբ կը նմա­նեց­նէ նրան յու­նա­կան դի­ցաբա­նու­թե­նէն Միւրտի­լոսի մօր եւ Հե­թես­տո­սի սի­րեցեալի հետ։ Մինչդեռ Վա­նի բա­նահիւ­սութեան մէջ մենք կը տես­նենք Թղպա­յին իր ողջ գոյ­նե­րով։

Թըպ­ղը, ինչպէս նրան կը կո­չէին Վաս­պուրա­կանի հա­յերը գոր­տանման չոր ոգի մըն է։ Ան, յղի կա­նանց ար­գանդը մտնե­լով, կը թու­նա­ւորէ անոնց սաղ­մը, այ­դու նո­րածի­նը կամ մե­ռած կը ծնուի, կամ խիստ սա­կաւա­կեաց կ՚ըլ­լայ։ Ըն­դունուած է ճա­հիճ­նե­րէն գոր­տեր բռնե­լով թա­լիս­մաններ պատ­րաստել եւ յղի կա­նանց մօտ պա­հել։ Կը հա­ւատան թէ այ­սո­ցիկ թըպ­ղա­ները չեն մեր­ձե­նար յղի­ներուն։ Թըպ­ղա­յէն զար­նուած կի­նը թպղոտ կը կո­չուի։

Թպղի եղած մա­նուկնե­րուն Քրմե­նուց քա­րէ կա­մուրջը կը տա­նէին, որ Շա­տախի Քրմենց գիւ­ղի վե­րեւը կը գտնուէր եւ բնա­կան քա­րէ կա­մուրջ մըն էր։ Թպղի եղած­նե­րին եօթն ան­գամ անցկաց­նէին կամրջի տա­կով, այ­դու ետք մէջ­քի վրայ կը պար­կեցնէին կամրջի քա­րերուն եւ մի բռա­չափ քար կը դնէին ման­կան փո­րին։ Եթէ երա­խան ձեռ­քը տա­նի եւ քա­րը վայր գլո­րէ, նշան է, որ թպղի հի­ւան­դութե­նէն բժշկուելու է, ապա թէ ոչ՝ մեռ­նե­լու է։

Վաս­պուրա­կանի բա­նահիւ­սութեան մէջ դեռ շատ ու­րիշ ոգե­ղէն­ներ կան, որոնց առա­ջիկա­յում, ան­շուշտ, դեռ առիթ կ՚ու­նե­նանք յի­շելու։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ