Տօնական ցնծութիւն

ՍԵՒԱՆ ՏԷՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆ

narekian2000@yahoo.com

Քանի մը օր առաջ՝ Սեպտեմբերի 26-ին, հանդիսաւորապէս նշուեցաւ Թրքերէնի տօնը։ Հանրապետութեան նախագահը, վարչապետը հրապարակեցին պատգամներ, կայացան զա­նազան ձեռ­նարկներ։ Ին­չո՞ւ սա­կայն Սեպ­տեմբե­րի 26-ը։ Որով­հե­տեւ 1932-ին, այդ օր բա­ցուած էր թրքե­րէնի առա­ջին հա­մագու­մա­րը, Տոլ­մա­պախ­չէի պա­լատին մէջ (մաս­նա­կից­նե­րու կար­գին էին քա­նի մը հայ մտա­ւորա­կան­ներ եւս՝ Յա­կոբ Մար­թա­եան, Ստե­փան Կուրտի­կեան, Գէորգ Սիմ­քե­շեան)։

Եր­կի­րը ազ­գայնաց­նե­լու ուղղու­թեամբ առ­նուած քայլ մըն էր ասի­կա. լե­զուա­կան միաս­նութեան մը ստեղ­ծումը այդ ձեռ­նարկին կա­րեւոր փու­լե­րէն մէկն էր ան­կասկած։ Գե­րիշ­խող տար­րին լե­զուն, այս պա­րագա­յին թրքե­րէնը, որ­պէս ազ­գա­յին լե­զու այլ ժո­ղովուրդնե­րուն պար­տադրե­լը դիւ­րին պի­տի չըլ­լար։ 1928-ին իրա­ւաբա­նու­թեան ու­սա­նող­նե­րը ար­դէն իսկ ձեռ­նարկած էին ար­շա­ւի մը՝ «Քա­ղաքա­ցի՛, թրքե­րէն խօ­սէ» անու­նով, որ պի­տի շա­րու­նա­կուէր 1930-ական­նե­րուն եւս՝ ու­նե­նալով կա­ռավա­րու­թեան նե­ցու­կը։ Այդ տա­րինե­րուն նիւ­թա­կան տու­գանք կը վճա­րէին անոնք, որոնք կը խօ­­սէին ու­­րիշ լե­­զու­­ներ, բա­­ցի թրքե­­րէնէ։ Երկրի ազ­­գայնա­­ցու­­մի այս հանգրուանը կը յա­­ջոր­­դէր 1915-ի Հա­­յոց ցե­­ղաս­­պա­­­նու­­թեան, երբ իր պատ­­մա­­­կան հայ­­րե­­­նիքին վրայ իսկ բնաջնջուեր էր ժո­­ղովուրդ մը, որու լե­­զուով՝ հա­­յերէ­­նով, այդ թուակա­­նէն սանկ 100 տա­­րի մը առաջ դեռ կը տպագ­­րուէր օս­­մա­­­նեան կա­­ռավա­­րու­­թեան պաշ­­տօ­­­նաթեր­­թը՝ «Թաք­­վիմ-ի վե­­քայի»ն («Լրոյ գիր մե­­ծի տէ­­րու­­թեանն օս­­մա­­­նեան», 1832-ին)։ Որու լե­­զուն՝ հա­­յերէ­­նը, նո­­րէն այդ թուակա­­նէն սանկ 15-20 տա­­րի մը առաջ մին­­չեւ կը դա­­սաւան­­դուէր երկրի բարձրա­­գոյն վար­­ժա­­­րանին՝ Մեք­­թե­­­պի Միւլքի­­յէին մէջ եւս։

Թուրքիա որ­­դեգրած է Օս­­մա­­­նեան կայսրու­­թեան վեր­­ջին տա­­րինե­­րու իթ­­թի­­­հատա­­կան մօ­­տեցու­­մը եւ 1924-ի սահ­­մա­­­նադ­­րութեամբ թրքե­­րէնը հռչա­­կած է պաշ­­տօ­­­նական լե­­զու։ Կան եր­­կիրներ, ուր պե­­տական լե­­զու մը գո­­յու­­թիւն չու­­նի պաշ­­տօ­­­նապէս (ինչպէս Գեր­­մա­­­նիան, Անգլիան կամ Միացեալ Նա­­հանգնե­­րը)։ Կան եր­­կիրներ ալ ուր գո­­յու­­թիւն ու­­նին քա­­նի մը պաշ­­տօ­­­նական լե­­զու­­ներ։ Իտա­­լիոյ մէջ, զոր օրի­­նակ, ալ­­պա­­­ներէ­­նը, քա­­թալա­­ներէ­­նը, խրվա­­թերէ­­նը, ֆրան­­սե­­­րէնը, գեր­­մա­­­ներէնն ու յու­­նա­­­րէնը տե­­ղական պաշ­­տօ­­­նական լե­­զու­­ներ են։ Հնդկաս­­տա­­­նը ու­­նի 35, Հա­­րաւա­­յին Ափ­­րի­­­կէն՝ 11, Սպա­­նիան՝ 5, Զուիցե­­րիան ու Լիւքսեմ­­պուրկը՝ 4, Պել­­ճի­­­քան, Իրա­­քը ու Պոս­­նիան՝ 3, Կիպ­­րո­­­սը, Իռ­­լանտան, Քա­­նատան, Ֆի­­լիփին­­ներն ու Ֆին­­լանտիան 2 պաշ­­տօ­­­նական լե­­զու։

Ի գործ դրուած ճնշումնե­­րու ար­­դիւնքին, Թուրքիոյ լե­­զու­­նե­­­րը, զի­­րենք խօ­­սող ժո­­ղովուրդնե­­րուն հետ, յայտնուած են ան­­դունդի եզ­­րին։ Այ­­սօր բա­­ցի թրքե­­րէնէ (%88.54), որ­­պէս մայ­­րե­­­նի լե­­զու կը խօ­­սուի քրդե­­րէն (%8.97), արա­­բերէն (%2.38), զա­­զայե­­րէն (%1.01), պալ­­կա­­­նեան լե­­զու­­ներ (%0.23), լա­­զերէն (%0.17), չեր­­քե­­­զերէն (%0.10), հա­­յերէն (%0.10), յու­­նա­­­րէն (%0.03), լա­­տինօ (%0.01), ղպտե­­րէն (%0.11) եւլն.:

Սահ­­մա­­­նադ­­րութեան 42-րդ յօ­­դուա­­ծը կը հրա­­մայէ. «Բա­­ցի թրքե­­րէնէ ո՛չ մէկ լե­­զու որ­­պէս մայ­­րե­­­նի լե­­զու կա­­րելի է ու­­սուցա­­նել թուրք քա­­ղաքա­­ցինե­­րուն, կրթա­­կան հաս­­տա­­­տու­­թիւննե­­րու մէջ։ Մի­­ջազ­­գա­­­յին պայ­­մա­­­նագիր­­նե­­­րուն որո­­շումնե­­րը կը յար­­գուին»։ Այ­­սինքն՝ մենք հայ­­կա­­­կան 16 վար­­ժա­­­րան­­նե­­­րուն մէջ եթէ այ­­սօր գէշ-աղէկ մեր մայ­­րե­­­նին կ՚ու­­սուցա­­նենք եւ այս ձե­­ւով գո­­նէ դոյզն դի­­մադ­­րութիւն մը կրնանք ցու­­ցա­­­բերել կա­­տարուած ճնշումնե­­րուն՝ ապա պար­­տա­­­կան ենք ո՛չ թէ մեր բա­­րեխ­­նամ պե­­տու­­թեան հո­­գածու­­թեան ու գուրգու­­րանքին, այլ մի­­ջազ­­գա­­­յին պայ­­մա­­­նագիր­­նե­­­րուն (այ­­սինքն՝ Լո­­զանին)։ Այ­­լա­­­պէս մեր վի­­ճակն ալ պի­­տի նմա­­նէր, օրի­­նակ, քիւրտե­­րուն, որոնք հա­­կառակ թուային ստուար ներ­­կա­­­յու­­թեան մը, իրա­­ւունք իսկ չու­­նին իրենց մայ­­րե­­­նին դա­­սաւան­­դե­­­լու վար­­ժա­­­րան­­նե­­­րու մէջ։

Մարդկա­­յին իրա­­ւանց պաշտպան­­ներ կը նշեն, որ Թուրքիոյ ազ­­գաբնակ­­չութեան 20-25 առ հա­­րիւր տո­­կոսը ու­­նի այլ մայ­­րե­­­նի լե­­զու մը եւ եթէ ատոնք գրա­­ւոր լե­­զուի մը չվե­­րածուին, չդառ­­նան ու­­սուցա­­նելի՝ ապա վաղ թէ ուշ պի­­տի ան­­հե­­­տանան, ինչպէս ու­­պը­­­խերէ­­նը։

Ի գին այլ լե­­զու­­նե­­­րու ոչնչաց­­ման ու ձուլման՝ թրքե­­րէնը պե­­տական լե­­զու դար­­ձուցած մտայ­­նութեան ար­­ձա­­­գանգնե­­րը տա­­կաւին լսե­­լի են այ­­սօր ալ, նոյ­­նիսկ նա­­խագա­­հի ու վար­­չա­­­պետի յայ­­տա­­­րարու­­թիւննե­­րուն մէջ։ «Թրքե­­րէնը մեր ազ­­գի միու­­թեան ու միաս­­նութեան գրա­­ւականն է», յայ­­տա­­­րարեր է մէ­­կը, իսկ միւսն ալ ըսեր է, որ «թրքե­­րէնը ազ­­գա­­­յին մշա­­կոյ­­թի ու ազ­­գա­­­յին ինքնու­­թեան գլխա­­ւոր տարրն է»։ Ըսուած­­ներն ու ըրուած­­նե­­­րը եթէ դնենք քով քո­­վի՝ ապա կը տես­­նենք, որ 30-ական­­նե­­­րու մտայ­­նութե­­նէն շատ հե­­ռու չէ երկրի ներ­­կան։ Դժբախ­­տա­­­բար…

Հար­­ցը ու­­նի այլ հար­­թութիւն մը եւս։ «Մեր լե­­զուի պահ­­պա­­­նու­­թեան հա­­մար յոյժ կա­­րեւոր է շա­­րու­­նա­­­կել մե­­զի յա­­տուկ մտա­­ծու­­մը, գի­­տական ու­­սումնա­­սիրու­­թիւններ կա­­տարե­­լը, մշա­­կու­­թա­­­յին, արուես­­տի ու գրա­­կան ըն­­տիր եր­­կեր ար­­տադրե­­լը», յայ­­տա­­­րարեր է անոնցմէ մէ­­կը, իսկ միւսն ալ ըսեր է, որ լե­­զուի զար­­գացման ուղղու­­թեամբ կա­­րեւոր պար­­տա­­­կանու­­թիւն կը վի­­ճակի մտա­­ւորա­­կան­­նե­­­րուն, արուես­­տա­­­գէտ­­նե­­­րուն ու ու­­սուցիչ­­նե­­­րուն։

Պարզ յի­­շեցու­­մով մը եզ­­րա­­­փակեմ։ Թրքե­­րէնի լա­­ւագոյն մաս­­նա­­­գէտ­­նե­­­րէն մէ­­կը՝ 69-ամեայ Նեճ­­մի­­­յէ Ալ­­փայ, ահա­­բեկ­­չա­­­կան կազ­­մա­­­կեր­­պութեան ան­­դամ ըլ­­լա­­­լու մե­­ղադ­­րանքով ամի­­սէ մը ի վեր բան­­տի մէջ է։ Անուանի ար­­ձա­­­կագիր Աս­­լը Էր­­տո­­­ղան, որու գիր­­քե­­­րը թարգմա­­նուած են 17 լե­­զու­­նե­­­րու, 41 օրէ ի վեր բան­­տի մէջ է՝ ահա­­բեկ­­չա­­­կան կազ­­մա­­­կեր­­պութեան ան­­դամ ըլ­­լա­­­լու մե­­ղադ­­րանքով։ Վեր­­ջին ամիս­­նե­­­րու ըն­­թացքին, շուրջ 30 հա­­զար ու­­սուցիչ տար­­բեր ամ­­բաստա­­նու­­թիւննե­­րով պաշ­­տօ­­­նէ հե­­ռացուած է, շուրջ 14 հա­­զարն ալ կ՚են­թարկուի հե­տաքննու­թեան։ Իսկ բան­տարկեալ լրագ­րողնե­րուն թի­ւը հա­տած է 90-ի սահ­մա­նը։

Թրքե­րէնի տօ­նը շնոր­հա­ւոր թող ըլ­լայ, ու­րեմն…

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ