Մտքի երկօրեայ փոթորիկ Փարիզի մէջ

«Եւ­րո­պայի տա­րած­քին հա­կացե­ղապաշտ շար­ժում» (EGAM) կազ­մա­կեր­պութիւ­նը Փա­րիզի «Քրտա­կան Ինստու­տուտի» եւ Թուրքիոյ ցե­ղապաշ­տութեան եւ խտրա­կանու­թեան դէմ պայ­քա­րող «ՏուրՏէ» հար­թա­կի զօ­րակ­ցութեամբ կազ­մա­կեր­պած էր եր­կօ­րեայ ծրա­գիր մը, Ֆրան­սա­յի մայ­րա­քաղաք Փա­րիզի մէջ։

EGAM բա­ւական երկար նա­խապատ­րաստու­թիւնով մը կազ­մա­կեր­պեց Թուրքիայէն եկած պա­տուի­րակու­թեան Ֆրան­սա­յի խորհրդա­րանի եւ ծե­րակոյ­տի ան­դամնե­րուն հետ հան­դի­պու­մը։

20 Սեպ­տեմբե­րին, Ֆրան­սա­յի Ազ­գա­յին Ժո­ղովի (Assemble Nationale) սրա­հին մէջ կա­յացած առա­ջին հան­դի­պու­մին մաս­նակցե­ցան ՏուրՏէ հար­թա­կի ներ­կա­յացու­ցիչ Լե­ւենտ Շեն­սե­վէր, «Ակօս»ի հա­յերէն էջե­րու խմբա­գիր Բագ­րատ Էս­դուգեան, «Էօզ­կիւր Կիւնտէմ» թեր­թի խմբա­գիր­նե­րէն Պայ­րամ Պալ­ճը, ՀՏՓ կու­սակցու­թեան Վա­նի պատ­գա­մաւոր Թուղպա Հե­զէր, «Նոր Զար­թօնք» շար­ժումի անու­նով Ալեք­սիս Քալք, լրագ­րող Մու­րատ Չե­լիք­քան, «Այս յան­ցա­գոր­ծութեան մեղ­ցա­կից չենք ըլ­լար» խո­րագ­րեալ բո­ղոքագ­րութեան մաս­նա­կից­նե­րէն օգ­նա­կան տոց. Էս­մէ­րայ Եողուն եւ Ֆահ­րի­յէ- Մուսթա­ֆա Չու­քուր ամո­լը։ Այս վեր­ջիննե­րը ծնողքն են Տի­յար­պէ­քիրի Սուր թա­ղամա­սի պաշտպա­նու­թեան դիր­քե­րուն զո­հուած 16 ամեայ Ռո­զելին Չու­քուրի։

Ֆրան­սա­կան ազ­գա­յին խորհրդա­րանը կը ներ­կա­յաց­նէին Կա­նանչնե­րու կու­սակցու­թե­նէն, Խորհրդա­րանի Եւ­րո­պայի գոր­ծե­րու յանձնա­խումբի նա­խագահ Տա­նիէլ Աու­տո­րի, Սո­ցիալիստ կու­սակցու­թե­նէն, պաշտպա­նու­թեան յանձնա­խումբի ան­դամ Ֆա­նելի Քա­տէյ Գոնթ, նոյն կու­սակցու­թեան ար­դա­րադա­տու­թեան յանձնա­խումբի ան­դամ Փաս­քալ Գրո­զոն, Իվ Տա­նիէլ Կւոյ Տել­քուրթ, մշա­կու­թա­յին եւ կրթու­թեան յանձնա­խումբի ան­դամ Հիր­վէ Ֆե­րոն եւ դար­ձեալ Կա­նանչնե­րու կու­սակցու­թե­նէն Նոէլ Մա­մեր եւ Ժան Լուի Ռու­մե­ժա։

Կլոր սե­ղանի բնոյ­թով կազ­մա­կերպուած հան­դիպման ըն­թացքին ֆրան­սա­ցի քա­ղաքա­կան գոր­ծիչնե­րը բա­ցատ­րութիւններ փո­խան­ցե­ցին Եւրո­պա­յի Մի­ջին Արե­ւել­քի եւ Թուրքիոյ զար­գա­ցումնե­րուն դի­մաց իրենց վա­րած քա­ղաքա­կանու­թիւննե­րուն մա­սին։ Ապա ժո­ղովը շա­րու­նա­կուե­ցաւ եւ­րո­պացի­ներուն ուղղուած հար­ցումնե­րուն Թուրքիայէն եկած­նե­րուն տուած պա­տաս­խաննե­րով։

Խիստ ցնցիչ էր Ռո­զելին Չու­քուրի ծնող­նե­րուն ելոյ­թը։ Մուսթա­ֆա Չու­քուր խօս­քի սկսաւ Սու­րի մէջ նա­հատա­կուած երի­տասարդնե­րու ծնող­նե­րուն ող­ջոյնը փո­խան­ցե­լով։ «Երբ պե­տու­թիւնը մեր զա­ւակ­նե­րը կ՚սպան­նէր, Եւ­րո­պա չէր լսեր մեր աղա­ղակ­նե­րը, որով­հե­տեւ զբա­ղած էր գաղ­թա­կան­նե­րով», ըսաւ ան։ Իսկ մայ­րը Ֆահ­րի­յէ Չու­քուր աղջկան նկա­րը ցոյց տա­լով ընդվզում յայտնեց ան­չա­փահաս պա­տանիին վե­րագ­րուած «ահա­բեկիչ» կո­չու­մին հա­մար։ «Իմ զա­ւակս ու­սա­նող էր եւ յա­ջող ու­սա­նող մը։ Բա­խումնե­րու հե­տեւան­քով չէր կրցած յա­ճախել լի­սէի աւար­տա­կան դա­սարա­նը։ Այդ օր ալ Սուր գա­ցած էր վեր­ջին դա­սանիւ­թե­րը ըն­դօ­րինա­կելու հա­մար։ Ոչ թէ իմ աղ­ջիկս, այլ զինք սպան­նողներն են ահա­բեկիչ­նե­րը»։

Եր­կօ­րեայ մի­ջոցառ­ման 21 Սեպ­տեմբերի ծրա­գիրը սկսաւ ֆրան­սա­կան ծե­րակոյ­տի՝ SENAT-ի շէն­քին մէջ, ծե­րակու­տա­կան­նե­րու հետ հան­դի­պու­մով։ Մի­շէլ Ամիէլ, Մի­շէլ Պիլ­լու, Ֆի­լիփ Քալ­թէնպահ եւ Ժիլ­պէր Ռո­ժէի մաս­նակցու­թեամբ կա­յացած այս նիս­տին ծե­րակու­տա­կան­նե­րը զա­նազան հար­ցումնե­րով փոր­ձե­ցին պատ­կե­րացում գո­յաց­նել Թուրքիոյ վեր­ջին ան­ցուդար­ձե­րու մա­սին։

Այս ժո­ղովին կրկին խոր յու­զում յա­ռաջա­ցուց Ֆահ­րի­յէ Չու­քուրի ելոյ­թը, որ կ՚աղա­ղակէր Սու­րի մէջ զո­հուած երի­տասարդնե­րու ծնող­նե­րուն անու­նով։ Թուրքիայէն եկած պա­տուի­րակու­թեան ան­դամնե­րը ծե­րակու­տա­կան­նե­րուն յայտնե­ցին իրենց ընդվզու­մը, գաղ­թի հո­սան­քը կան­խե­լու հա­մար Թուրքիոյ կա­ռավա­րու­թեան հետ տա­րած սա­կար­կութիւննե­րու մա­սին։

Հան­դիպման աւար­տին EGAM-ի նա­խագահ Պեն­ժա­մին Ապ­թան յայ­տա­րարեց Հոկ­տեմբեր ամ­սուն Տի­յար­պէ­քիրի մէջ կա­յանա­լիք ու­սումնա­սիրա­կան այ­ցե­լու­թեան եւ կոչ ըրաւ այդ մի­ջոցառ­ման մաս­նակցե­լու հա­մար։

Օրուայ երկրորդ կէ­սի ժո­ղով­նե­րուն հա­մար ընտրուած էր Քա­ղաքա­կան Գի­տու­թիւննե­րու Հա­մալ­սա­րանի՝ Փա­րիզի Sciences Po ԲՈՒՀ-ի լսա­րան­նե­րը։

Առա­ջին հեր­թին ելոյթ ու­նե­ցան մի­ջոցառ­ման զօ­րակ­ցութիւն բե­րող հա­սարա­կական կազ­մա­կեր­պութիւննե­րու ներ­կա­յացու­ցիչներ Սո­լէն Տե­լու­սէ Ժե­լոտին, Ժիւլ Վին, Պեն­ժա­մին Ժի­լէ, Քա­միլ Շե­վալ­յէ, Լու­քաս Ռո­շէթ, Պեն­ժա­մին Ապ­թան եւ Տոն Սո­փօ։

Ապա կա­յացան եր­կու նիս­տեր «Ի՞նչ է ժո­ղովրդա­վարա­կան­նե­րուն եւ փոք­րա­մաս­նութիւննե­րուն ապա­գան Թուրքիոյ մէջ» եւ «Ինչպէս կան­խել կո­տորած­նե­րը արե­ւելեան Թուրքիոյ մէջ» խո­րագիր­նե­րով։

Կ՚ար­ժէ նշել, որ խորհրդա­րանի եւ ծե­րակոյ­տի դռնփակ ժո­ղով­նե­րէն ետք հա­մալ­սա­րանի մէջ կա­յացած հան­դի­պու­մին հե­տեւե­ցան բազ­մա­թիւ երի­տասարդներ։

Այս նիս­տե­րու ըն­թացքին բա­ցի Թուրքիայէն եկած­նե­րէն ելոյթ ու­նե­ցան նաեւ ՀԲԸՄ-ի Եւ­րո­պայի վա­րիչ Նա­տիա Գոր­ծունեան, «Նո­վէլ տ՛ Ար­մէ­նի» թեր­թի խմբա­գիր Արա Թո­րանեան, Փա­րիզի Քրտա­կան ինստի­տուտի տնօ­րէն Քէն­տալ Շե­զան, նախ­կին նա­խարար Պեր­նար Քուշներ, Եւ­րո­խորհրդա­րանի ան­դամ Կի­յոմ Պա­լաս եւ ու­րիշներ։

Հա­մալ­սա­րանի բա­նախօ­սու­թեան հե­տեւող­նե­րը, որոնց մե­ծամաս­նութիւ­նը դպրո­ցի ու­սա­նող­ներ էին, շատ մեծ հե­տաքրքրու­թիւն կը ցու­ցա­բերէին Թուրքիա ար­ձա­նագ­րուած վեր­ջին զար­գա­ցումնե­րու նկատ­մամբ։ Այդ հե­տաքրքրու­թեան պատ­ճա­ռով ժո­ղովը աւար­տե­ցաւ նա­խատե­սուած ժա­մէն բա­ւական ուշ։

Բա­ւական ըն­դարձակ քննար­կումնե­րով եւ բազ­մաբնոյթ մաս­նակցող­նե­րով այս նա­խագի­ծը հա­կառակ բծախնդիր նա­խապատ­րաստու­թեան շրջա­նին դժուարա­ցաւ առ­կայ ակնկա­լու­թիւննե­րը գո­հաց­նե­լու, որուն հե­տեւան­քով Ապ­թան հար­կադրուեցաւ խոս­տա­նալու նման բնոյ­թով ու­րիշ մի­ջոցա­ռումներ։

Խտա­ցեալ օրա­կար­գով եր­կօ­րեայ այս նիս­տը, իր բաց­թո­ղումնե­րով հան­դերձ շատ կա­րեւոր հար­ցադրումներ յա­ռաջա­ցուց ֆրան­սա­կան քա­ղաքա­կան գոր­ծիչնե­րու եւ ու­սա­նող­նե­րու մտքին մէջ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ