Նարեկ Սէֆէրեանի հետ հնդկահայոց մասին

ՎԱՐԴԱՆ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

estukyan@gmail.com

Վարդան Էսդուգեան- Նախ ձեզ ճանչնանք, ո՞ւրկէեն ձեր նախ­նի­ները։

Նա­րեկ Սէ­ֆէրեան- Հա­յու մը հա­մար դժուար հար­ցում է «ո՞ր տե­ղացի էք»։ Ծնող­ներս Սու­րիա եւ Լի­բանա­նէն են։ Մեծ ծնող­ներս Մա­րաշէն։ Ես ծնած եմ Հնդկաս­տան՝ Տէլ­հի։ Հոն ու­սա­նած եմ ու ապա ըն­տա­նեօք փո­խադ­րուած ենք Հա­յաս­տան։ Հօրս հայ­րե­նասի­րու­թեան հե­տեւան­քով կա­յացաւ այս ներ­գաղթը։ Հա­յաս­տա­ն փո­խադ­րուելէ ետք ու­սումս շա­րու­նա­կելու հա­մար վեց տա­րի ալ ապ­րե­ցայ Միացեալ Նա­հանքներ եւ Եւ­րո­պա։

Վ.Է.- Իսկ ի՞նչ կը պատ­մէք հնդկա­հայոց մա­սին։

Ն.Ս.- Հա­յոց Հնդկաս­տա­նի մէջ գո­յու­թիւնը հե­տաքրքրա­կան երե­ւոյթ է։ Հա­սարակ հնդի­կը պատ­կե­րացում մը չու­նի հա­յոց մա­սին, քա­նի եր­կի­րը ըն­դարձակ է եւ բազ­մա­մարդ։ Իսկ հա­յեր հա­մախմբուած են միայն քա­նի մը քա­ղաք­նե­րու մէջ։ ԺԵ. եւ ԺԶ. դա­րերէն սկսեալ պարսկա­հայ վա­ճառա­կան­ներ սկսան բնա­կու­թիւն հաս­տա­տել Հնդկաս­տա­նի քա­ղաք­նե­րուն մէջ։ Սա­կաւա­թիւ այս հա­մայնքնե­րու մե­ծագոյ­նը կը կազ­մէր Կալ­կա­թայի հա­յու­թիւնը։

Ես ծնած եմ մայ­րա­քաղաք Տէլ­հիի մէջ։ Այն տեղ հայ­կա­կան դպրոց չըլ­լա­լուն, ու­սա­նեցայ տե­ղական դպրոց­նե­րու մէջ։ Մինչդեռ Կալ­կա­թայի մէջ կայ 200 տա­րուայ ան­ցեալ ու­նե­ցող դպրոց, որ կը պատ­կա­նի Էջ­միածնին, ուր կը յա­ճախեն Հա­յաս­տա­նէն, Իրա­քէն եւ Պարսկաս­տա­նէն եկած աշա­կերտներ։ Մատ­րաս եւ Մումպա­յի մէջ կան եկե­ղեցի­ներ։

Վ.Է.- Ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէ ետք Հնդկաս­տան գաղ­թող հա­յեր եղա՞ն։

Ն.Ս.- Ո՛չ։ Հնդկաս­տան գաղ­թա­վայր մը ըլ­լա­լէ աւե­լի անցման կէտ մը եղած է։ Յատ­կա­պէս երկրի անգլիական գե­րիշ­խա­նու­թեան տակ գտնուած վայ­րե­րը եկած ու ապա այլ եր­կիրներ ան­ցած են։ Հնդկա­հայու­թիւնը դա­սական սփիւռքի մը յատ­կանշա­կան բա­ղադ­րիչնե­րէն, օրի­նակի հա­մար միու­թիւննե­րէն կամ կու­սակցու­թիւննե­րէն զուրկ եղած է։ Այս առու­մով բա­ցառու­թիւն մըն է 1794-ին հայ առա­ջին պար­բե­րական մա­մու­լին՝ «Ազ­դա­րար»ին Մատ­րա­սի մէջ հրա­տարա­կու­թիւնը։

Վ.Է.- Իսկ ձեր ըն­տա­նիքին Հնդկաս­տան եր­թա­լու պատ­ճառնե­րը ին­չե՞ր են։

Ն.Ս.- Տէլ­հիի մէջ կը գոր­ծէ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պետու­թեան Աւագ Դես­պա­նատու­նը։ Հայրս դի­ւանա­գէտ է եւ պաշ­տօ­նով Տէլ­հի նշա­նակուած։ Այ­սօր ալ ու­րիշ քա­ղաքի մը մէջ նոյն պաշ­տօ­նով կը զբա­ղի։

Վ.Է.- Տրուած ըլ­լա­լով որ ձեր ապ­րած քա­ղաքին մէջ հայ­կա­կան կենցաղ կը բա­ցակա­յէին, ինչպէ՞ս հա­ղոր­դուեցաք հա­յերէ­նին եւ հայ­կա­կան մշա­կոյ­թին։

Ն.Ս.- Եր­կու գոր­ծօններ։ Առա­ջին եւ կա­րեւո­րագոյ­նը ըն­տա­նեկան յարկն է։ Մենք տան մէջ հա­յախօս էինք եւ հայ­կա­կան կեն­ցա­ղով կ՚ապ­րէինք։ Երկրորդ՝ Հնդկաս­տան բազ­մա­լեզու եր­կիր է, ու­րեմն մայ­րե­նիի զու­գա­հեռ սո­րուած եմ անգլե­րէն եւ հնդկե­րէն։ Սա­կայն տան մէջ իմ գիտ­ցուածը միայն խօ­սակ­ցա­կան հա­յերէնն էր։ Մես­րո­պեան տա­ռերուն հետ ծա­նօթա­ցայ Հա­յաս­տան գա­լէ ետք։ Իմ ման­կութեան տա­րինե­րուն ոչ հա­մացանց գո­յու­թիւն ու­նէր ոչ ալ բջջա­յին հե­ռախօս։ Հա­յերէ­նը միայն տնե­ցինե­րու հետ կը խօ­սուէր։ Ես զիս եր­բեք սփիւռքա­հայ մը ըլ­լա­լով չեմ տե­սած։ Շուրջս շատ քիչ հա­յեր կա­յին, որոնք ին­ծի տա­րեկից ան­գամ չէին։

Վ.Է.- Այս երե­ւոյ­թը բա­ցասա­կան կը գտնէ՞ք։

Ն.Ս.- Ո՛չ ընդհա­կառա­կը, ես կեան­քիս որոշ մէկ շրջա­նը ապ­րած եմ սփիւռքի մէջ։ Թէեւ ընդհան­րացնե­լը սխալ է բայց նկա­տեցի որ Պոլ­սոյ մէջ հա­յերը իրենց մի­ջեւ ըն­կե­րային կեանք մը ու­նին։ Մինչդեռ Պոս­թը­նի հա­յերը հայ մշա­կոյ­թը լա­ւագոյնս կ՚ապ­րին։ Միւս կող­մէն կան ոչ հա­յերու հետ ժա­մանակ անցնող­ներ կամ գոր­ծի ըն­կե­րու­թիւն ընող­ներ։ Ան­շուշտ այս բո­լորին հա­մար յա­տուկ ջանք մը չեն վատ­ներ։ Կը զար­մա­նամ այս երե­ւոյ­թով։ Եր­բեմն կը տա­րուիմ մտա­ծելու, ար­դեօք այս մէ­կը շատ բնա­կան է բայց ե՞ս չեմ հասկցած։ Ի վեր­ջոյ Հնդկաս­տա­նի մէջ այս տե­սակ բա­ներ չէին պա­տահեր։

Վ.Է.- Հա­սարակ հնդի­կի մը հա­մար նշա­նակու­թիւն ու­նի՞ հա­յու մը հան­դի­պիլ։

Ն.Ս.- Հնդկաս­տա­նի հա­մար պարզ երե­ւոյթ մըն է այս, ոչ մէկ հե­տեւանք ու­նի։ Մենք ալ չէինք գի­տակ­ցիր թէ ինչ կը նշա­նակէ հայ ըլ­լա­լը։ Մի գու­ցէ 100 տա­րի առաջ Կալ­կա­թայի մէջ ապ­րած հայ մը ըլ­լա­լով հնդիկ­նե­րու հա­մար իմաստ մը պի­տի կրնա­յինք ու­նե­նալ։ Պի­տի խոր­հէին որ լաւ ու­սում ստա­ցած եւ ու­նե­ւոր մար­դիկ ենք։ Այ­սօր նման պատ­կե­րացում մը գո­յու­թիւն չու­նի։

1950-1960-ական տա­րեթի­ւերուն երբ Կալ­կա­թա անգլիացի­ներու հսկո­ղու­թեան մտած էր հա­յերն ալ սկսան գաղ­թել։ Անոնցմէ շա­տեր Անգլիա, մաս մըն ալ Քա­նատա կամ Աւստրա­լիա գա­ցին։ Այդ ժա­մանա­կուայ կալ­կա­թացի հա­յերու հա­մար կա­րելի էր Անգլիական կայսրու­թեան զա­ւակ­նե­րը ըսել։ Հայ ինքնու­թիւնը պա­հելով հան­դերձ իշ­խա­նու­թեան խա­ւերուն մէջ տեղ ու­նէին։ Այդ պատ­ճա­ռաւ ալ կայսրու­թեան հե­տեւե­լով Անգլիա գա­ցին։

Վ.Է.-Իսկ Հնդկաս­տա­նի պատ­մութեան մէջ ի՞նչ հետք թո­ղու­ցին հա­յերը։

Ն.Ս.- Առ­հա­սարակ խօ­սեցանք Հնդկաս­տա­նի ներ­կայ հա­յերուն մա­սին։ Սա­կայն շատ յստակ չըլ­լա­լով հան­դերձ այս երկրի հայ ան­ցեալին մա­սին ալ բազ­մա­թիւ հետ­քեր կան։ Օրի­նակի հա­մար Հնդկաս­տա­նի հա­րաւա­րեւմ­տեան ծո­վափ­նե­րուն քրիս­տո­նեայ ժո­ղովուրդ մը կայ որ 451 թուակա­նէն ի վեր Հա­յաս­տա­նեայց եկե­ղեց­ւոյ յա­րանուանու­թիւնը կը վա­յելեն։ Այդ թուակա­նին հա­յերը ան­ջա­տուե­ցան քրիս­տո­նեայ աշ­խարհէն եւ ղպտի­ներու, եթով­պիացի­ներու, ասո­րինե­րու եւ վե­րեւ նշուած հնդիկ­նե­րու հետ միասին կազ­մե­ցին արե­ւելեան ուղղա­փառ եկե­ղեցին։ Որոշ հետ­քեր կան նաեւ նա­խաք­րիստո­նէական հա­յու­թեան մա­սին։ Կա­րելի է ըսել որ Հա­յաս­տա­նի եւ Հնդկաս­տա­նի մի­ջեւ կա­րեւո­րագոյն շաղ­կա­պը Պարսկաս­տանն է։ Ինչպէս հա­յերէ­նի, հնդկե­րէնի մէջ ալ յա­ճախ կը հան­դի­պինք պարսկե­րէն ար­մատնե­րու։

Կ՚ու­զեմ խօ­սիլ նաեւ Հնդկաս­տա­նի կա­րեւո­րագոյն դէմ­քե­րէն Աք­պար թա­գաւո­րի մա­սին։ Ան պատ­մութեան մէջ ծա­նօթ է նաեւ «Մեծն Աք­պար» տիտ­ղո­սով։ Այստեղ տա­րօրի­նակը այն է որ «աք­պար» ինքնին ար­դէն մեծ կը նշա­նակէ։ Մոն­կո­լական ծա­գու­մով այս ար­քա­յատոհ մը ան­ցեալին տի­րացած էր ամ­բողջ Հնդկաստա­նին։ Աք­պար հե­ռատես թա­գաւոր մըն էր, որու գա­հակա­լու­թեան շրջա­նին բո­լոր կրօն­նե­րը ազա­տու­թիւն ապ­րե­ցան։ Ինք իս­լամ էր, ու­նէր բազ­մանդամ հա­րեմ եւ երեք օրի­նական կի­ներ։ Անոնցմէ մին իս­լամ էր, մէ­կը հնդկու­հի իսկ մէկն ալ քրիս­տո­նեայ։ Կը նշուի թէ այս քրիս­տո­նեայ կի­նը Մա­րիամ անու­նով հա­յու­հի մը եղած է։ Հնդկաս­տա­նի բար­գա­ւաճ տա­րիներն էին։ Հայ վա­ճառա­կան­ներ առեւ­տուր կ՚ընէին։ Իր պա­լատն ալ կա­ռու­ցած էր «Թաճ Մա­հալ»ի գտնուած Ակ­րա քա­ղաքին մէջ։

Երեք սե­րունդ անց իր ծո­ռան շրջա­նին կը շա­րու­նա­կուէր տա­կաւին իր տոհ­մը։ Թէեւ այդ տա­րինե­րուն անգլիացիք քայլ առ քայլ կ՚ար­շա­ւէին Հնդկաս­տա­նը։

ԺԸ. դա­րուն Տէլ­հիի մէջ Սար­մա անու­նով երե­ւելիի մը մա­սին զրոյցներ կան եւ ոմանք կը պնդեն թէ ան ալ հայ է։ Իր դամ­բա­նը մին­չեւ օրս ուխտա­տեղի կը համարուի։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ