Արտակարգ ժողովրդավարութիւն

ՍԵՒԱՆ ՏԷՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆ

narekian2000@yahoo.com

Զինուո­րական յե­ղաշրջման ձա­խող փոր­ձէն ետք եր­կի­րը սկսած է ապ­րիլ բո­լորո­վին նոր պայ­մաննե­րով։ Ար­տա­կարգ դրու­թիւնը, զոր ԱՔՓ հռչա­կած է իբր թէ պե­տական մար­միննե­րը մաք­րա­գոր­ծե­լու հա­մար ՖԵ­ԹԷՕ կո­չեցեալ կազ­­մա­­­կեր­­պութե­­նէն, կը վե­­րածուի ընդդի­­մադիր ու այ­­լա­­­խոհ մտա­­ւորա­­կան­­նե­­­րը, արուես­­տա­­­գէտ­­նե­­­րը, քա­­ղաքա­­կան ու հա­­սարա­­կական գոր­­ծիչնե­­րը, լրագ­­րողնե­­րը, նոյ­­նիսկ հա­­սարակ քա­­ղաքա­­ցինե­­րը օղա­­կելու, զա­­նոնք մամ­­լի­­­չի տակ առ­­նե­­­լու մի­­ջոցի մը։ Մինչդեռ միամ­­տօ­­­րէն կար­­ծեր էինք, թէ յա­­ւակ­­նորդ յայ­­տա­­­րարու­­թիւննե­­րը, հա­­նապա­­զօրեայ ցոյ­­ցե­­­րը, հե­­ռատե­­սիլի պաս­­տառնե­­րուն վրայ տիւ ու գի­­շեր հնչող վեր­­լուծու­­թիւննե­­րը, մի­­նարէ­­ներու կա­­տար­­նե­­­րէն, հայ եկե­­ղեց­­ւոյ խո­­րան­­նե­­­րէն նա­­հատակ­­նե­­­րու հոգ­­ւոցն ի հան­­գիստ ու պե­­տակա­­նու­­թեան ան­­սա­­­սանու­­թեան հա­­մար առ աս­­տուած ար­­ձա­­­կուած աղօթքնե­­րը (մա՛նա­­ւանդ) պի­­տի նպաս­­տեն, ա՛լ աւե­­լի պի­­տի զար­­գացնեն Թուրքիոյ մէջ ար­­դէն իսկ իր ոս­­կե­­­դարը ապ­­րող ժո­­ղովրդա­­վարու­­թիւնը։

Գի­­տենք, ներ­­կայ իշ­­խա­­­նու­­թիւննե­­րը կա­­տարե­­լապէս կը տի­­րապե­­տեն ամէն ինչ վար­­պե­­­տօրէն նեն­­գա­­­փոխե­­լու արուես­­տին։ Հան­­րա­­­հաւա­­քի խումբ մը մաս­­նա­­­կից­­ներ կա­­խաղա՞ն կ՚ու­­զեն։ Հե­­տեւա­­բար, ժո­­ղովրդա­­վարու­­թեան հպա­­տակիլ պի­­տի նշա­­նակէ գլուխ հա­­կել «ազ­­գա­­­յին կամ­­քի» առ­­ջեւ ու մա­­հապատ­­ժի օրէն­­քը վերստին ըն­­դունիլ։ Անոնք, որոնք յա­­նուն կա­­ռավա­­րու­­թեան պաշտպա­­նու­­թեան փո­­ղոց կ՚ել­­լեն, մին­­չեւ առ­­տու հրա­­պարակ­­նե­­­րը կը բռնեն՝ ժո­­ղովրդա­­վարու­­թեան պա­­հակ­­ներ են։ Մինչդեռ անոնք, որոնք ընդդէմ կա­­ռավա­­րու­­թեան փո­­ղոց կ՚ել­­լէին, մին­­չեւ առ­­տու հրա­­պարակ­­նե­­­րը կը բռնէին՝ ոս­­տի­­­կանա­­կան մա­­հակ­­նե­­­րու, նոյ­­նիսկ օրի­­նաւոր փամ­­փուշտնե­­րու ար­­ժա­­­նի ահա­­բեկիչ­­ներ էին։ Այ­­սինքն, բո­­լոր քա­­ղաքա­­ցինե­­րը հա­­ւասար են, սա­­կայն ոմանք աւե­­լի հա­­ւասար են, ինչպէս պի­­տի ըսէր Օրուըլ։ «Հա­­սարա­­կու­­թեան իշ­­խող գա­­ղափար­­նե­­­րը կը պատ­­կա­­­նին իշ­­խող դա­­սակար­­գին» (Մարքս), հե­­տեւա­­բար ժո­­ղովրդա­­վարու­­թիւն հաս­­կա­­­ցողութեան վերստին բնու­­թագրու­­մը կը կա­­տարուի ըստ իշ­­խող դա­­սակար­­գի հա­­յեցա­­կար­­գին։ Այ­­սօր Պոլ­­սոյ մէջ սո­­վորա­­կան դար­­ձած երե­­ւոյթ մըն է փաթ­­թո­­­ցաւոր շե­­րիաթա­­կան­­նե­­­րու «Ալ­­լա­­­հու էք­­պեր» աղա­­ղակե­­լով պո­­ղոտա­­ներու ու փո­­ղոց­­նե­­­րու վրայ քա­­լելը եւ նոյնքան սո­­վորա­­կան է ասի­­կա ժո­­ղովրդա­­վարու­­թեան վառ դրսե­­ւորում որա­­կելը։

Կա­­խաղանն ու մա­­հապա­­տիժը, «Ալ­­լա­­­հու էք­­պեր»ն ու փաթ­­թո­­­ցը, մօ­­տաւոր ան­ցեալին գոր­­ծուած բո­­լոր յան­­ցանքնե­­րը ՖԵ­­ԹԷՕ-ին վե­­րագ­­րե­­­լը, «Ալ­­լահն ու ժո­­ղովուրդը թող նե­­րեն մե­­զի, խա­­բուե­­ցանք» եւ նման ան­­կեղծ, սրտա­­բուխ յայ­­տա­­­րարու­­թիւննե­­րը Յու­­լիս 15-էն ետք ա՛լ աւե­­լի ուռճա­­ցած թրքա­­կան ժո­­ղովրդա­­վարու­­թեան վառ դրսե­­ւորումներն են։

Ար­­տա­­­կարգ դրու­­թեան պայ­­մաննե­­րը հետզհե­­տէ կը թե­­լադ­­րեն հան­­դուրժե­­լիի նոր սահ­­մաններ ալ, որոնք ակնյայ­­տօ­­­րէն աւե­­լի սեղմ պի­­տի ըլ­­լան։ «Վհուկնե­­րու որ­­սը», որուն անար­­գել ձեռ­­նարկած է իշ­­խա­­­նու­­թիւնը, ար­­տա­­­կարգ դրու­­թեան առ­­ջեւ ան­­պաշտպան գտնե­­լով արուես­­տի ու յատ­­կա­­­պէս թա­­տերա­­կան շրջա­­նակ­­նե­­­րը՝ իր քմա­­հաճ կար­­գադրու­­թիւննե­­րով կ՚ար­­ծարծէ անոնց ար­­դար զայ­­րոյթը։ Ընդվզե­­ցու­­ցիչ առա­­ջին որո­­շու­­մը, զոր կա­­ռավա­­րու­­թիւնը ըն­­դունե­­ցաւ ար­­տա­­­կարգ դրու­­թեան իրեն տուած յա­­տուկ իրա­­ւասութեամբ, քա­­ղաքա­­պետա­­կան թատ­­րո­­­նի վեց դե­­րասան­­նե­­­րուն պաշ­­տօ­­­նէ հե­­ռացումն էր։ Դե­­րասան­­ներ Մահ­­պե­­­րի Մեր­­թօղլու, Իրեմ Արսլան, Ար­­տա Այ­­տան, բե­­մադ­­րիչ Ռա­­կըփ Եավուզ, Սե­­վինչ Էր­­պուլաք եւ Քե­­մալ Քո­­ճաթիւրք, որոնք ծա­­նօթ են իրենց դէ­­մոկ­­րատ կե­­ցուած­­քով, դար­­ձան առա­­ջին զո­­հերը։ «Անոնք, որոնք յե­­ղաշրջման նա­­խաձեռ­­նած են պէտք է դա­­տուին եւ ըստ օրի­­նի պատ­­ժուին։ Սա­­կայն կա­­ռավա­­րու­­թիւնը այս վի­­ճակը կը վե­­րածէ առի­­թի մը ու կը ձեռ­­նարկէ քայ­­լե­­­րու՝ հե­­ռաց­­նե­­­լու հա­­մար ընդդի­­մադիր նկա­­տած ան­­ձե­­­րը, յե­­ղաշրջու­­մը ի դե­­րեւ հա­­նելու աշ­­խա­­­տան­­քը կը վե­­րածուի քա­­ղաքա­­կան ու­­ժի մը», նշուած է արուես­­տա­­­գէտ­­նե­­­րու, թա­­տերա­­կան գոր­­ծիչնե­­րու, գրող­­նե­­­րու եւ այլ մտա­­ւորա­­կան աշ­­խա­­­տաւոր­­նե­­­րու միու­­թիւննե­­րու կա­­տարած յայ­­տա­­­րարու­­թեան մէջ։

Ար­­տա­­­կարգ դրու­­թեամբ կա­­տարուած քմա­­հաճ կար­­գադրու­­թեան մը ար­­դիւնքին ար­­գի­­­լուե­­ցաւ նաեւ տա­­ղան­­դա­­­շատ արուես­­տա­­­գէտ­­ներ Կեն­­ճօ Էր­­քա­­­լի ու Թիւ­­լայ Կիւ­­նա­­­լի կա­­տար­­մամբ վեր­­ջին ամիս­­նե­­­րուն բե­­մադ­­րուող «Արե­­ւի սե­­ղանին - Նա­­զըմ եւ Պրեխտ» խո­­րագ­­րեալ երաժշտա­­կան զրոյ­­ցին ներ­­կա­­­յացու­­մը, որ կը կա­­յանար Քա­­տըգիւ­­ղի Մահ­­մուտ Մուխտար փա­­շայի ապա­­րան­­քին մէջ։ Ներ­­կա­­­յաց­­ման կա­­սեց­­ման պատ­­ճա՞ռը։ Ապա­­հովու­­թեան մի­­ջոցա­­ռումներ, հար­­կա՛ւ… Կեն­­ճօ Էր­­քալ իրա­­ւամբ հարց կու տայ. «Եթէ ապա­­հովու­­թեան հարց է՝ այն մի­­ջոցա­­ռումնե­­րը, որոնք կը կի­­րար­­կուին մի­­լիոն­­նե­­­րու մաս­­նակցու­­թեամբ կա­­յացող հան­­րա­­­հաւաք­­նե­­­րուն հա­­մար, ին­­չո՞ւ կա­­րելի չ՚ըլ­­լար կի­­րար­­կել 250 հո­­գինոց թատ­­րո­­­նի մը մէջ»։ Էր­­քալ նո­­րէն կը հարցնէ, իրա­­ւամբ. բուն նպա­­տակը ար­­դեօք յե­­ղաշրջման պատ­­րուակով ընդդի­­մադիր ձայ­­նե­­­րը լռեց­­նե՞լ է։ Ան կը յի­­շեց­­նէ, թէ 1981-ին Քե­­նան Էվ­­րեն ար­­գի­­­լած էր «Ամէն օր դար­­ձեալ» ներ­­կա­­­յաց­­ման բե­­մադ­­րութիւ­­նը, իսկ հի­­մա՝ 35 տա­­րի վերջ, ԱՔՓ-Ար­­տա­­­կարգ դրու­­թիւնը կը խո­­չըն­­դո­­­տէ «Արե­­ւի սե­­ղանին»ը։ Վերջին պահուն տեղեկացանք, որ այս սխալ որոշումը յետս կոչուած է։

Արուես­­տա­­­գէտ­­նե­­­րը այս առ­­թիւ ալ հան­­դէս եկած են գրա­­ւոր յայ­­տա­­­րարու­­թեամբ մը։ Անոնք կը յի­­շեց­­նեն, թէ ար­­տա­­­կարգ դրու­­թեան առա­­ջին շրջա­­բերա­­կանը կ՚ընդգծէր, թէ «պի­­տի կար­­գա­­­ւորուին մշա­­կոյ­­թի եւ արուես­­տի ձեռ­­նարկնե­­րը, փա­­ռատօն­­նե­­­րը»։ Այս որո­­շու­­մէն ետք է որ բազ­­մա­­­թիւ քա­­ղաք­­նե­­­րու մէջ թատ­­րոննե­­րը փա­­կուած են, փա­­ռատօն­­նե­­­րը՝ ար­­գի­­­լուած եւ դե­­րասան­­ներ՝ վտա­­րուած։

Եւ այ­­սօր քա­­ղաքա­­ցինե­­րու մտքին մէջ կան չըլ­­լա­­­լիք հար­­ցումներ.

Եթէ յե­­ղաշրջման փոր­­ձը յա­­ջողէր՝ ար­­դեօք մեր ներ­­կայ կեան­­քը աւե­­լի՞ տար­­բեր պի­­տի ըլ­­լար։ Եթէ յե­­ղաշրջու­­մը յա­­ջողէր՝ ընդդի­­մադիր­­նե­­­րը, այ­­լա­­­խոհ­­նե­­­րը, արուես­­տի գոր­­ծիչնե­­րը եւ բո­­լոր անոնք, որոնք կը մեր­­ժեն ըլ­­լալ իշ­­խա­­­նու­­թիւննե­­րու դրա­­նիկը, ճնշումնե­­րու պի­­տի չեն­­թարկուէի՞ն։

Ինչպէս հի­­մա է, թե­­րեւս, երբ յե­ղաշրջման փոր­ձը, կ՚ըսուի, թէ խա­փանուած է…

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ