Արտակարգ դրութեան պատկերներ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

pakrates@yahoo.com

15 Յուլիսի ձախողած յեղափոխութեան փորձէն ետք կառավարութիւնը որդեգրեց արտակարգ դրութեան կարգավիճակը։ Այսպէսով նախարարաց խորհուրդի որոշումները ինքնաբերաբար ունեցան օրէնքի համազօր արժէք։ Վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ այս նոր դրութիւնը յայտարարած ատեն կ՚երաշխաւորէր, որ քաղաքացիները ոչ մէկ կերպով պիտի տուժեն արտակարգ դրութենէն։ Սակայն յաջորդող օրերու փորձը ապացուցեց թէ իրաւացի չէ վարչապետի խոստումը։

«Ակօս»ի նախորդ շաբաթուայ թիւով արձագանգած էինք հայազգի բժիշկ, մանկաբարձ Արէտ Գամառի ենթարկուած անիրաւութեան։ Ընթերցողները պիտի յիշեն, թէ Գամառի դարմանատունը փակուած էր իշխանութիւններուն կողմէ, բժշկական սարքերը գրաւուած եւ բեղմնաւորուած սերմերն ալ փոխադրուած «Քոչ» համալսարանը։ Յաջորդող օրերուն եւս պատահեցան գայթակղութեան բնոյթով զարգացումներ։ Երաժիշտ Արի Հերկել պաշտօնանկ եղաւ իր ութը տարիներէ ի վեր աշխատած հաստատութենէն։ Ան իբրեւ կիթառի ուսուցիչ կ՚աշխատէր Իսթանպուլի քաղաքապետարանի Արուեստի, արհեստի եւ ասպարէզի կեդրոնին մէջ։

Արի Հերկել «Ակօս»ի թղթակիցին կը յայտնէ, թէ պաշտօնանկ ըլլալու որոշումը իրեն փոխանցուած է հեռախօսային էլ նամակով։ «Զիս կը մեղադրեն Ֆէթուլլահ Կիւլէնի շարժումին աջակցած ըլլալու մէջ։ Անշուշտ որ անհիմն պնդում մըն է այս, քանի որ ես բնականաբար չեմ կրնար որեւէ կապ ունենալ իսլամական հակումներով այդ աղանդին հետ։ Ցաւալին այն է որ այս թիւրիմացութիւնը ճշդելու կամ սրբագրելու իրաւասութենէ ալ զուրկ եմ։ Որոշումը ինծի համար նիւթական սպառնալիքի մը բնոյթը չունի, քանի որ ես իմ ապրուստը ապահովելու ուրիշ միջոցներ ալ ունեցած եմ։ Սակայն կան մարդիկ որոնց համար այս որոշումը շատ աւելի ծանր հետեւանք կը ներկայացնէ։ Օրինակի համար կան թոշակառու դառնալու համար իրենց վերջին օրերը համրողներ։ Հաւանական է որ որոշ տարիք մը ունեցող այդ մարդիկ պիտի դժուարանան նոր աշխատութիւն մը ճարելու համար»։ Արի Հերկել կ՚ափսոսայ որ նման մեղադրանք մը իր ճակտին քսուած մուր մըն է եւ ինք այժմ պիտի պայքարի այդ մուրը սրբելու համար։

Արտաքսում ֆրանսահայ գործարարի

Այս լուրէն ետք արձանագրուեցաւ նոր զարգացում մը եւս, այս անգամ նախկին պոլսահայ Ռիչըրտ Տէմիրճի Իսթանպուլի օդակայան մուտքին ենթարկուեցաւ ոստիկանական բռնութեան։ Տէմիրճի իր գործերուն բերմամբ գրեթէ ամիսը մէկ անգամ կ՚այցելէ Իսթանպուլ։ Ան վերջերս ալ կատարեց իր հերթական այցելութիւններէն մէկը, ուր ետ դարձի պահուն, երբ պիտի մտնէր Աթաթիւրքի օդակայանը ոստիկաններ կեցուցին իր գտնուած ինքնաշարժը եւ ուզեցին ճշդումներ ընել։ Ան որպէս անցագիր ներկայացուց ֆրանսական ինքնութիւնը, որ իր կարգին դժգոհութիւն պատճառեց ոստիկաններուն։ Անոնք հարցուցին թէ ինչո՞ւ համար Թուրքիոյ քաղաքացի ըլլալով հանդերձ կը հրաժարի թրքերէն խօսելէ։ Գործատէրը իզուր փորձեց փաստել թէ ինք առեւտրական մըն է եւ կապ չունի քաղաքական որեւէ հոսանքի կամ միութեան հետ։ Սակայն ոստիկանները մտադիր չէին զինք լսելու եւ Ռիչըրտ Տէմիրճին նախ առաջնորդեցին օդակայանին արգելանոցը եւ յաջորդ օր ալ զինք ճանապարհորդեցին Գումգաբուի գաղթականաց բանտ։ Յաջորդ օր ան ներկայացաւ դատարան միջազգային ահաբեկչութեան մեղադրանքով։ Ապահովուած փաստաբանը մերժեց այս անհիմն մեղադրանքը եւ այս անգամ դատախազը դիմեց ուրիշ մեղադրանքի մը՝ ոստիկանի դիմադրել։ Վերջապէս այս վերջին մեղադրանքով ան դատապարտուեցաւ մէկ տարի տեւողութեամբ Թուրքիա մտնելէ արգիլուելու պատժին։

Այս երեք դէպքերն ալ կ՚ապացուցեն թէ արտակարգ դրութեան հետեւանքով աւելի յաճախ պիտի ենթարկուինք ոստիկաններու քմահաճ վերաբերումին, որուն դէմ առարկելու միջոցներն ալ խիստ սահմանափակ պիտի ըլլան։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ