ՍԵՒԱՆ ՏԷՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆ
narekian2000@yahoo.com
Մխիթարեանէ վտարումիս պատմութիւնը, որ դդումի համ սկսած է տալ այլեւս, վերջին արարով մը փակեց վարագոյրը։
Վարժարանէն վտարման թուղթս, թուարկուած Յունիսի 13-ին, հասաւ այդ թուականէն երկու օր ետք կարծեմ։ Այսինքն, հիմնադիրի ներկայացուցիչ Պերճ Մենզիլճիօղլու դպրոցներու փակումն իսկ չէր կրցած սպասել, նոյնիսկ Սարգիս Էրմէն վարդապետը, որ երկրէն կը բացակայէր այդ օրերուն, արտասահմանէն նամակ մը գրած էր իրեն՝ հարցնելով, թէ տակաւին չէ՞ր կրցած արդեօք հրաժարեցնել զիս։ (Այս նամակը Մենզիլճիօղլու բարձրաձայն կարդաց նաեւ ինծի ու տնօրէն Եւա Օրաքեանին)։ Կը զարմանայի։ Ի՞նչ կրնայի ըրած ըլլալ որ վարդապետը բորոտաւորի մը նման ուզէր ազատիլ ինձմէ։ Շատ յետոյ նոյն այդ Մենզիլճիօղլուն պիտի խոստովանէր, թէ (ի ներկայութեան խնամատար մարմնի ատենապետ Արման Գամառի) վարդապետները խոստացած էին հրաժարականս կամ վտարման թուղթս տանիլ ու դնել ազգայի՜ն բարերար Պետրոս Շիրինօղլուի գրասեղանին։
Թէ ազգայի՜ն բարերար Պետրոս Շիրինօղլու ի՛նչ գործ կրնար ունենալ ինծի հետ՝ հանելուկ մըն է։ Հանդիպեցայ նաեւ հետը։ Խոստովանեցաւ, որ կանչած է իր քով վարդապետները, սակայն չէ ըսած իրենց որ վտարեն զիս։ Միւս կողմէ վարդապետները, Մենզիլճիօղլու ու Գամառ ալ կ՚ըսեն, թէ ազգայի՜ն բարերարը պահանջած է իր սեղանին տեսնել իմ վտարման թուղթս։ Մէկը սուտ կը խօսի՝ կա՛մ վարդապետներն ու վարժարանին վարիչները եւ կամ ազգայի՜ն բարերարը։ Ինծի համար այս մէկն ալ տակաւին հանելուկ մըն է։
Կայ ուրիշ մը եւս, որ նոյնպէս իր ոտքը կանչած է վարդապետները։ Կարելի չեղաւ ստուգել անոր ինքնութիւնը։ Մութին մէջ գործող վարնոց մը ապահովաբար, որուն հետ եւս կասկածելի կապեր ունենալ կը թուին վարդապետները։ Վերջիններս այդ վարնոցին անունը ոչ մէկուն յայտնած են՝ ո՛չ Մենզիլճիօղլուին, որ դպրոցին հիմնադիրն է, ո՛չ Արման Գամառին, որ խնամատար մարմնի ատենապետն է։ Այսինքն այս մարդիկը, որոնք դպրոցին վարչութիւնը ստանձնած են, նման խորհրդաւոր պայմաններու տակ է որ զիս վտարեցին դպրոցէն, առանց բացայայտել ուզելու, հարցաքննել փորձելու վարդապետներուն կասկածելի յարաբերութիւնները։
Վտարման թուղթը ձեռքիս երբ կը մտածէի ինչ ընելիքս, բարեկամներու, սիրելիներու, հեռու ու մօտիկ բազմաթիւ անձերու կամ կազմակերպութիւններու զօրակցութեամբ շրջապատուեցայ յանկարծ։ Մեր հասարակութենէն, Սփիւռքէն, Հայաստանէն։ Վարժարանի ուսուցիչները ստորագրահաւաքով մը դատապարտեցին վարդապետներուն ու վարիչներուն այս որոշումը։ Տնօրէն Եւա Օրաքեան առաջին օրէն վերջինը եղաւ իմ կողքը. եւ դժբախտաբար հակառակ իր թելադրանքին առնուեցաւ նման որոշում մը։ Վարժարանի խնամատար մարմինէն անդամներ նոյնպէս յայտնեցին իրենց զօրակցութիւնը։
Այդ պահուն էր որ հարցին միջամտեց Լեւոն արք. Զեքիեան, որ Հռոմի քահանայապետէն ընդհանուր քննիչ նշանակուած էր Մխիթարեան միաբանութեան համար։ Զեքիեան գերապայծառ բաւական ջանք թափեց հարցը լուծելու համար։ Լուծեց ալ։ Հանդիպեցանք հետը, աւետեց, թէ հարցը լուծուած է, մամուլին համար քանի մը տող ալ շարադրեցինք։ Միայն խնդրեց, որ հանդիպում մը ունենամ վարժարանի վարիչներուն հետ ու վերջին անգամ մը եւս հաստատենք մեր բարեկամեցողութիւնը։
Փորթուկալի մէջ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի աշխատանոցին մասնակցելէ ետք, Պոլիս վերադարձիս յաջորդ օրն իսկ հանդիպեցայ Պերճ Մենզիլճիօղլուին եւ Արման Գամառին։
Ունէին ինձմէ երկու պահանջք։
Ա) Հրապարակաւ ներողութի՜ւն պէտք է խնդրէի իրենցմէ։ Վարդապետներու հասցէին գործածած «լեղապատառ կտրած» եւ վարժարանի վարիչներուն համար գործածած «ապիկար» բառերը անհանգստութիւն պատճառած էին իրենց։ Իրե՛նց, որոնք չէին գիտեր թէ զիս ինչու համար կը վտարեն, իրե՛նց, որոնց վարած խնամատար մարմնի անդամներէն ոմանք զիս փնտռած ու ներողութիւն խնդրած էին արդէն, իրե՛նց, որոնք բացարձակապէս չէին տիրապետեր իրենց վստահուած հաստատութեան ներքին անցուդարձին եւ պաշտօնական ոչ մէկ հանգամանք ունեցող երկու վարդապետներուն կասկածելի կապերը չէին ուզեր բացայայտել, այլ միայն ընթացք կու տային անոնց քմահաճ հրահանգներուն։ Եւ այս մարդիկը անհանգիստ եղած էին որ իրենց համար վարժապետ մը «ապիկար» ըսեր էր։ Ուրախ եմ որ գոնէ կրցած էի զիրենք անհանգստացնել։ Վարդապետներուն «լեղապատառ կտրելուն» մասին չեմ իսկ ուզեր խօսիլ։
Բ) Մենզիլճիօղլու եւ Գամառ կը պահանջէին ինձմէ նաեւ երաշխաւորագիր մը, թէ այսուհետեւ քաղաքական յօդուած պիտի չգրեմ։ Երանելիները չէին իսկ գիտեր, թէ ես քաղաքական յօդուած չեմ գրեր։ Երանելիները խոստովանեցան, թէ իմ յօդուածներս չեն ալ կարդար։ Բայց զիս կը վտարեն իմ յօդուածներուս պատճառով...
Ես անշուշտ չէի կրնար ընդունիլ այս պայմանները։ «Տէր ընդ ձեզ» ըսի, ելայ, գացի...
Վերջաբան։
Յանկերգ մը ունինք։ Կառավարութիւնը չ՚արտօներ որ հայերէնի ուսուցիչ ունենանք։ Ես Երեւանի պետական համալսարանը աւարտած եմ որպէս հայոց լեզուի ու գրականութեան ուսուցիչ եւ դժբախտաբար միակն եմ որ կը կրեմ այս կոչումը։ Կրթութեան նախարարութիւնը վաւերացուցած է վկայականս եւ արտօնած է որ պաշտօնավարեմ։ Եւ ահա կացութիւնը։ Զիս վտարեցին հայ վարժարանէ մը, որուն անունը Մխիթարեան է։
Հայերէնի վկայեալ ուսուցիչ մը հայ դպրոցէն վտարելու ողջ պատասխանատուութիւնն ու ամօթը կ՚իյնայ նախեւառաջ Մխիթարեան վարժարանի հիմնադիրի ներկայացուցիչ Պերճ Մենզիլճիօղլուին եւ խնամատար մարմնի ատենապետ Արման Գամառին (ոչ թէ միւս անդամներուն կամ վարժարանի տնօրէնին), Սարգիս Էրմէնին ու Յակոբոս Չօփուրեանին, զորս Մխիթարեան վարդապետ կոչել չեմ ուզեր, եւ վերջապէս ազգայի՜ն բարերար Պետրոս Շիրինօղլուին եւ մութին մէջ գործող կասկածելի վարնոցին։
Թէ ով ինչ շահեցաւ այս ողջ անցուդարձէն, ո՞վ իր եսը գոհացուց, ո՞վ հիմա մութին մէջ կեցած իր ձեռքերը կը շփէ՝ չեմ գիտեր։ Գիտեմ միայն մէկ բան, որ կորսնցնողը դարձեալ հայ դպրոցը եղաւ, եղան հայ աշակերտները։ Աւա՜ղ...