ՕՔՍԱՆԱ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ
oksana.karapetian@gmail.com
Խորհրդաւոր թռչուն մըն է բուն։ Յայտնապէս, այն խորհրդանիշն է իմաստութեան եւ խորաթափանցութեան, նաեւ՝ հարստութեան։ Միւս կողմէ, այն յաճախ կը բնակի աւերակներում եւ կը համարուի նաեւ չարագուշակ թռչուն։ «Ի՞նչ ես բուի նման չար գուշակութիւններ անում գլխիս» կ՚ասուի ժողովրդական խօսքի մէջ։ Գիշերն արթուն մնալով՝ բուն այնպիսի ճուոցներ կը հանի, որ ժողովուրդը նրան աղէտի ազդարար կը համարի։
Բուն գիշատիչ թռչուն է, կը սնուի մկներով, մանր թռչուններով, միջատներով։ Նա այն եզակի թռչունն է, որ կրնայ շրջել իր գլուխը 270 աստիճանով, լսել ամենէն չնչին ձայնն ու շարժումը, տեսնել անգամ մոմի լոյսի հեռաւոր ստուերի տակ ապաստանած իր որսին եւ ճախրել գրեթէ անձայն։
Հայոց մէջ նրա հետ կապուած աւանդազրոյցները կը պատմեն, թէ բուն հինէն ծոյլ ու անբան մարդ մըն էր։ Նա չէր կրնար նոյնիսկ իր համար հագուստ գտնել։
Օր մը ծանօթ մարդիկ հագուստ կու տան նրան եւ իրենց հետ եկեղեցի կը տանեն։ Սակայն եկեղեցու մէջ անսպասելի կը յարձակուին ծոյլի վրայ եւ ետ կ՚առնեն իրենց նուիրած հագուստները։ Խեղճը մերկ շուարած կը մնայ բազմութեան առաջ։
Բայց երկնքի թռչունները կը գթան ծոյլին եւ օգնութեան կը շտապեն։ Ամէն մէկը մի-մի փետուր կը բերի նրան, փետուրներով կը պատէ անոր մերկութիւնը։ Մարդը կը դառնայ թռչուն մը։ Միւս թռչունները նրա անունը բու կը կնքեն, կը թռցնեն ու կը տանին իրենց հետ։
Սակայն բուն ապերախտ կը գտնուի իրեն փրկած թռչուններու նկատմամբ։ Իւրաքանչիւր գիշեր նա կ՚ուտէր թռչուններէն մէկին։ Վերջը թռչունները որոշում կ՚առնեն՝ բուին տեսնելուն պէս պատժել նրան։
Այս պատճառով էլ բուն կը փախչի լոյսէն, ցերեկները կը թաքնուի, գիշերներն ալ դուրս կու գայ որսի։
Այս թռչունի մասին մէկ այլ աւանդոյթը կը պատմի, որ օր մը պառաւ մը եկեղեցուց տուն դառնալիս կը լինի, ճամբին իր Պօղոս անունով մինուճար որդուն մեռած կը գտնի։ Ծանր վիշտէն այնքա՜ն կ՚ողբայ, ձեռներն այնպէ՜ս գլխին կը խփէ... Վերջը Աստուծմէ կը խնդրէ իրեն թռչուն դարձնել, որ թեւեր առնի, թռչի, գնայ։
Աստծու կամքով նա բու կը դառնայ եւ այդ օրէն ի վեր ո՛չ հանգիստ ունի, ո՛չ քուն ու դադար։ Միայն անդադար գիշերները կը կանչի իւր որդուն՝ Պօղո՛ս, Պօղո՛ս, Պօղո՜ս....
Ահաւասիկ երրորդ աւանդազրոյցը բու թռչնի վերաբերեալ.
Քոյր ու եղբայր խորթ մայր մը կ՚ունենան։ Ամէն օր իրենց եզը կը տանեն հանդերը՝ արածելու։ Օր մըն ալ խօսքով ընկած են եւ եզը կորած է։
Բաւական ժամանակ կը փնտռեն, սակայն չեն գտներ եզը։ Տուն կը դառնան եւ խորթ մօրը կը պատմեն գլխներուն եկածը։ Խորթ մայրը խիստ կը զայրանայ եւ կ՚անիծէ երախաներին։ Տնից կը վռնտէ նրանց՝ «առանց եզի տուն դառնալ չկայ» կը պատուիրէ խորթ մայրը։
Երկար ու փուչ որոնումներէն ետքը քոյր ու եղբայր իրենց ձայները Աստծուն կը յղեն՝ թեւեր կը խնդրեն Աստուծմէ։ Աստուած կը խղճայ նրանց, քոյր ու եղբայր թեւեր կ՚առնեն, բու կը դառնան։
Ցայսօր էլ քոյր ու եղբայր կ՚որոնեն իրենց կորած եզը, ձայն կու տան մէկմէկու.
-Սհա՜կ...
-Հէ՜յ...
-Գտա՞ր...
-Չէ՜...