Հարցաքննութիւնը կը հասնի Հրանդ Տինքի ոճիրին

ԿԷՕԶՏԷ ՔԱԶԱԶ

gozdekazaz@agos.com.tr

15 Յուլիսի ձախողած յեղափոխութենէն ետք պետական կառոյցներու մէջ գործադրուող մաքրագործումը նոր զարգացումներու տեղի տուաւ Հրանդ Տինքի ոճիրի դատավարութեան գործընթացի շուրջ։

Զանազան նախարարութիւններու եւ պետական կառոյցներու անձնակազմին դէմ գործադրուած մաքրագործումով ցարդ 49 հազար 337 պաշտօնեաներ իրենց պաշտօններէն հեռացուած են։ Այս ծիրէն ներս Ներքին Գործոց Նախարարութեան շրջանակներու մէջ պաշտօնազրկուածներու եւ հսկողութեան տակ առնուածներուն մէջ կան նաեւ Տինքի սպանութեան մէջ ունեցած պատասխանատուութիւնով ամբաստանուած անձեր։ Այսպէս նախկին պետական քննիչներ Մեհմէտ Ալի Էօզքըլընչ, Շուքրիւ Եըլտըզ, Մեհմէտ Ճանօղլու եւ Մուսթաֆա Իւչքույուի անունները կը նշուին։

Պալըքէսիրի փոխ-կուսակալ Մուսթաֆա Իւչքույու եւ Տէնիզլիի փոխ-կուսակալ Մեհմէտ Ճանօղլու որպէս պետական քննիչներ ուսումնասիրական տեղեկագիր մը պատրաստած եւ ջրած էին «Վարչապետական Քննիչ Յանձնախումբ»ի քննիչներուն նախապէս պատրաստած տեղեկագիրը։

Նշենք որ Մեհմէտ Ալի Էօզքըլընչ Օրտույի փոխ-կուսակալ, Շիւքրիւ Եըլտըզ ալ Մէրսինի փոխ-կուսակալ է։ Երկու պաշտօնեաներն ալ առանց ձերբակալուելու կը դատուին Հրանդ Տինքի սպանութեան կապակցութեամբ։

Միւս կողմէ ոճիրի պահուն դէպքի վայրը գտնուող Ոստիկան Զօրաց պաշտօնեաներուն հետ հաղորդակցութիւնը յայտնաբերուած գնդապետ մըն ալ հսկողութեան տակ առնուած է։ Հարցաքննող մարմինները այս գնդապետին կը վերագրեն ոճիրէն անմիջապէս առաջ եւ ետք Տրապիզոնի ու Իսթանպուլի Ոստիկան Զօրաց Լրաքաղութեան Բաժնի միջեւ հաղորդակցութիւնը։

Երբ Թուրքիոյ մէջ քաղաքական դաշտը ալեկոծուած էր 15 Յուլիսի ձախողած յեղափոխութեան արձագանգներով, Հայաստանի մէջ եւս կը պատահին մտահոգիչ զարգացումներ։ Այս մասին Ծովինար Լոքմակէօզեանի բովանդակալից մեկնաբանութիւնը կարդալ հայերէնի Գ. էջին վրայ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ