Վերադարձ խաւար տարիներուն

15 Յուլիսի ձախողած յեղաշրջումի փորձէն ետք Թուրքիոյ տարածքին բազմահազար պետական պաշ­տօ­նեաներ գոր­ծազրկո­ւած են։ Զա­նազան նա­խարա­րու­թիւննե­րէ եւ պե­տական կա­ռոյցնե­րէ դուրս հա­նուած պաշ­տօ­նեանե­րու թի­ւը թեր­թիս հրա­տարա­կու­թեան յանձնո­ւած ժա­մերուն հա­սած էր 55 հա­զար 578-ի։ Մաք­րա­գործման մե­ծագոյն հո­սան­քը կա­յացաւ Կրթա­կան նա­խարա­րու­թեան շրջա­նակ­նե­րուն մէջ։ Նա­խարա­րու­թեան կազ­մին մէջ պաշ­տօ­նավա­րող 15 հա­զար 200 ան­ձեր գոր­ծա­զուրկ եղած են։ Միւս կող­մէ յա­տուկ դպրոց­նե­րուն մէջ ու­սուցչա­գոր­ծող աւե­լի քան 21 հա­զար ու­սուցիչ­ներ ալ կորսնցու­ցած են իրենց ու­սուցչա­գոր­ծե­լու ար­տօ­նու­թիւնը։ Բո­լոր այս գու­մա­րին վրայ Չո­րեք­շաբթի օր եւս 6 հա­զար 538 ու­սուցիչ­ներ դուրս մնա­ցած են իրենց ծա­ռայու­թե­նէն։ Այս տո­ւեալ­նե­րով պաշ­տօ­նանկ եղած ու­սուցիչ­նե­րուն ընդհա­նուր թի­ւը կը հաս­նի 42 հա­զար 731-ի։ Բարձրա­գոյն ուսման խոր­հուրդն ալ իր կար­գին հրա­ժարե­լու հրա­ւիրեց բո­լոր պե­տական եւ հիմ­նադրա­մային հա­մալ­սա­րան­նե­րու տե­սուչնե­րը։ Այսպէ­սով պե­տական հա­մալ­սա­րան­նե­րու 1.176 եւ յա­տուկ հա­մալ­սա­րան­նե­րու 401 տե­սուչնե­ր հրա­ժարեցան։

Նման հրա­ժարումներ պատահած են ար­դա­րադա­տական հա­մակար­գէն ներս ալ։ Հոս ալ բազ­մա­թիւ դա­տաւոր­ներ հսկո­ղու­թեան տակ առ­նո­ւած կամ պաշ­տօ­նազրկո­ւած են։ Նոյնպէս մաք­րա­գոր­ծումը թա­փան­ցած է բա­նակի շար­քե­րուն եւ բիւ­րա­ւոր սպա­ներ հե­ռացո­ւած են բա­նակի շար­քե­րէն։ Մին­չեւ թեր­թիս տպա­րան յանձնո­ւած պա­հուն ձեր­բա­կալո­ւած էին 43 ոս­տի­կան­ներ եւ 121-ն ալ հսկո­ղու­թեան տակ առ­նո­ւած։ Հսկո­ղու­թեան տակ առ­նո­ւած դա­տախազ­նե­րու եւ դա­տաւոր­նե­րու թի­ւը հա­սած է 1.005-ի, որոնցմէ 587 ար­դէն ձեր­բա­կալո­ւած։ Չեն բա­ցառո­ւած նաեւ զի­նուո­րական դա­տախազ­նե­րը եւ դա­տաւոր­նե­րը։ Պաշտպա­նու­թեան նա­խարա­րու­թեան փո­խան­ցած տե­ղեկութեամբ ռազմական ար­դա­րադա­տու­թեան մէջ ծա­ռայող ողջ անձնա­կազ­մը հար­ցաքննու­թեան են­թարկո­ւած է եւ անոնցմէ 262-ը ար­դէն պաշ­տօ­նազրկո­ւած։

Մա­հապա­տիժ­նե­րու խնդի­րը

Այս թոհուբո­հի մէջ իշ­խա­նու­թիւնը կրկին օրա­կար­գի կը բե­րէ մա­հապա­տիժ­նե­րու նիւ­թը, որ վա­ղուց դուրս բե­րուած էր Թուրքիոյ սահ­մա­նադ­րութե­նէն։ Յե­ղափո­խու­թեան օր կէս գի­շերին յա­ջոր­դող ժա­մերուն Հան­րա­պետու­թեան նա­խագա­հը կոչ ըրաւ երկրի ժո­ղովրդին փո­ղոց գա­լով ժո­ղովրդա­վարու­թիւնը պաշտպա­նելու հա­մար։ Իս­կոյն քա­ղաք­նե­րու հրա­պարակ­նե­րը խու­ժած ամ­բո­խը սկսաւ դիրք բռնել դի­մացը ելած ոս­տի­կան­նե­րուն դէմ։ Զա­նազան տե­ղեր բուռն մի­ջադէ­պեր պա­տահե­ցան, որոնց հե­տեւան­քով բազ­մա­թիւ շար­քա­յին­ներ զո­հուե­ցան։ Սա­կայն ժո­ղովուրդը ան­յագ էր իր այս պոռտկու­մին մէջ եւ յա­ճախ կը վան­կարկէր «մա­հապա­տիժ կը պա­հան­ջենք» ըսե­լով։ Հան­րա­պետու­թեան նա­խագա­հը օգ­տո­ւեցաւ գո­յացած ան­կարգութե­նէն եւ խոս­տա­ցաւ հա­սարա­կու­թեան, որ եթէ խորհրդա­րանը նման առա­ջար­կով ներ­կա­յանայ ինք իս­կոյն վա­ւերաց­նէ մա­հապա­տիժի առիթ տո­ւող օրէն­քի փո­փոխու­թիւնը։ Սա­կայն դէ­տեր բո­լորո­վին տար­բեր կար­ծի­քի են եւ անոնք կ՚ըսեն թէ ան­կա­րելի է այս նիւ­թին շուրջ ետ քայլ մը որ­դեգրել։ Այս մա­սին ամե­նալուրջ հա­կազ­դե­ցու­թիւնը եկած է Թուրքիոյ Մար­դու իրա­ւունքնե­րու միու­թեան եւ Մար­դու իրա­ւունքնե­րու հիմ­նադրա­մի շրջա­նակ­նե­րէն։ Միու­թիւնը այս առ­թիւ կը յի­շեց­նէ նախ­կին վար­չա­պետ­նե­րէն Ատ­նան Մեն­տէ­րէսի օրի­նակը, որուն ժա­ռան­գորդը ըլ­լա­լու կը յա­ւակ­նի նա­խագահ Էր­տո­ղան։

ԵՄ-ի առար­կութիւ­նը

ԵՄ ալ իր կար­գին կ՚առար­կէ Թուրքիոյ քա­ղաքա­կան շրջա­նակ­նե­րու լոկ քա­րոզ­չա­կան դրդու­մով յայ­տա­րարու­թիւննե­րուն։ Այս վեր­ջի­նի հա­մաձայն Եւ­րո­միու­թեան ան­դա­մակ­ցե­լու ձգտում ու­նե­ցող որե­ւէ եր­կրի մէջ անըն­դունե­լի է մա­հապա­տիժի խնդի­րը վի­ճաբա­նութեան նիւթ դարձնել։ Եւ­րո­միու­թեան Ար­տա­քին յա­րաբե­րու­թիւննե­րու եւ անվտան­գութեան քա­ղաքա­կանու­թիւննե­րու բարձրա­գոյն ներ­կա­յացու­ցիչ Ֆէ­տէրի­քա Մո­կէրի­նի յայտնեց թէ մա­հապա­տիժ գոր­ծադրող ոչ մէկ եր­կիր կրնայ Եւ­րո­միու­թեան ան­դա­մակ­ցիլ։

Տան­ջանքը անըն­դունե­լի է

Նիւ Եոր­քի մէջ գոր­ծող մար­դու իրա­ւունքնե­րու HRW կազ­մա­կեր­պութիւնն ալ իր կար­գին զգու­շա­ցուց Թուրքիոյ կա­ռավա­րու­թիւնը՝ նշե­լով, որ յե­ղափո­խու­թեան սպառ­նա­լիքի դէմ պայ­քա­րելու մի­ջոցին անհրա­ժեշտ է օրի­նակա­նու­թեան սահ­մաննե­րուն մէջ մնալ։ Յայ­տա­րարու­թեան մէջ կը նշուի թէ Թուրքիոյ կա­ռավա­րու­թիւնը վեր­ջին տա­րինե­րուն օրըս­տօ­րէ աւե­լի կարծր ռազ­մա­վարութեան կը դի­մէ ընդդի­մադիր­նե­րու նկատ­մամբ։ Կա­ռավա­րու­թիւնը պէտք չէ որ այս խնդի­րը իրեն դէմ հա­մարած բո­լոր շրջա­նակ­նե­րու դէմ վհու­կի պա­տերազ­մի մը վե­րածէ։ «Պէտք է խու­սա­փիլ ձեր­բա­կալո­ւած­նե­րու նկատ­մամբ տան­ջանք գոր­ծադրե­լէ»։

Ար­տա­կարգ դրութեան գոր­ծադրու­թիւն

20 Յու­լիս Չո­րեք­շաբթի օր Հան­րա­պետութեան նա­խագահ Ռէ­ճէփ Թայ­յիպ Էր­տո­ղանի գլխա­ւորու­թեամբ գու­մա­րուած Ազ­գա­յին անվտան­գութեան խոր­հուրդը իր չորս ժամ 40 վայրկեան տե­ւած նիս­տի աւար­տին որո­շեց ար­տա­կարգ դրու­թեան գոր­ծադրու­թիւնը։ Նա­խագա­հը կէս գի­շեր­ուայ մօտ ժա­մերուն հեռատեսիլի դի­մաց ժո­ղովուրդին ձայ­նե­լով յայ­տա­րարեց սոյն որո­շու­մը։ «Սահ­մա­նադ­րութեան 120-րդ յօ­դուա­ծով ճշդո­ւած ար­տա­կարգ դրու­թիւնը երեք ամիս տե­ւողու­թեամբ գոր­ծադրե­լու հա­մար կոչ կ՚ուղղենք կա­ռավա­րու­թեան»։

Նշենք որ ար­տա­կարգ դրու­թիւնը 1990-ական տա­րեթի­ւերուն գոր­ծադրը­ւած էր քրտաբ­նակ շրջան­նե­րու մէջ եւ ան­պատժե­լիու­թեամբ ապա­հովո­ւած պե­տութեան զի­նեալ ու­ժե­րը բազ­մա­թիւ ինքնա­կամ գործողութիւններ կատարած էին։ Այդ շրջանը Թուրքիոյ պատմութեան մէջ կը յիշուի ձերբակալուելէ ետք անյայտ կորսուածներու պատմութիւններով։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ