ՍԵՒԱՆ ՏԷՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆ
narekian2000@yahoo.com
Տարիներ առաջ դիտեր եմ ժապաւէն մը, որու գլխաւոր հերոսը, ուսուցիչ մը, երջանկութեան օղակ մը կը փորձէ ստեղծել իր աշակերտներով. օղակ մը, որ դասարանէ մը պիտի տարածուի դէպի փողոց, աշխարհն ալ իր մէջ առնելով վերջապէս։ Վիպապաշտ մօտեցումի ներկայութեամբ հանդերձ՝ ժապաւէնի աւարտին բաւական մը ոգեւորուած էի, կը յիշեմ, ու անկարելին կարելի կը նկատէի։ Այնքան որ Զահրատի բանաստեղծութիւնը, ուր հեղինակը Մարմարայի ալիքներու օղակներուն կառչած մինչեւ Քանատա կը հասնի, ոչ թէ երազ այլ իրականութիւն կը թուէր։
Անցեալ շաբաթ Լիզպոնի մերձակայ, ծովափնեայ Քոլարես աւանին մէջ կայացած հանդիպումը, «Արեւմտահայերէնի ամառնային աշխատանոց» անունով, օղակներու այս խորհուրդը մտածելու մղեց զիս, եւ վստահ եմ նաեւ մասնակից շատերը։ Տարբեր գաղութներէ, տարիքէ, մասնագիտութենէ անձեր առաջին իսկ օրէն հաստատուած մտերմութեան կամ անցեալէն յամեցող ու հետզհետէ ամրացող բարեկամութեան մը արդիւնքները քաղելու համար երկար պիտի չսպասէին։ Ժողովին առաջին իսկ օրը պայմանականութիւնները թօթափած էին անոնք ու անկեղծ զրոյցի բռնուած իրարու հետ՝ հիմնականին արեւմտահայերէնի վերաշխուժացման վերաբերեալ նիւթերու շուրջ։
Աշխատանոցը, ինչպէս «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հաստատութեան կողմէ կազմակերպուած նախորդ հաւաքոյթները, հեռու էր կուտակուած խնդիրներուն սպառիչ լուծում մը տալու յաւակնութենէն, զոր ունենալու գայթակղութեամբ կը տարուին երբեմն հաստ ու մեծ վերնագիրներով ժողովներու փողկապաւոր մասնակիցները։ Ո՛չ յաւակնող, այլ յամառող, շարունակական հաւաքոյթներու յառաջացուցած եռանդը կը նկատեմ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հաստատութեան արեւմտահայերէնի հարցերուն նուիրուած ժողովներուն ուժանիւթը, որ կը բորբոքի իւրաքանչիւր մէկտեղումով ու հետզհետէ մասնակիցներու միջեւ արմատացող մտերմութեան զգացումով ու միասնաբար խմբային աշխատանք կատարելու փորձառութեամբ։
Չոր նկարագրութիւն մը արդար պիտի չըլլար ոչ սովորական այս հաւաքոյթի պարագային։ Ժողովներէ առաջ Ժիրայր Չոլաքեանի առաջնորդութեամբ մեր կատարած մարզական շարժումները, որոնց մէջ հայկական պարերու տարրեր չտեսնել անկարելի դարձած էր ալ, Վահէ Պէրպէրեանի ու Քրիս Պետեանի գլխաւորութեամբ ու սիրող կամաւորներու մասնակցութեամբ թատերական հեղումները, Քերովբեանց երգերն ու խաղերը, յատկապէս նորահնար «Թագաւոր, թագաւոր»ը, ծովու իրիկնային լոգանքները եւլն. դուրսէն դիտող աչքի մը համար «պարապ վախտի խաղալիք» մը երեւէին միայն թերեւս, սակայն ստիպուած չէինք համոզելու ոեւէ մէկը, թէ բանակատեղիի սենեակի մը մէջ փակուած սա խումբը յիրաւի կ՚աշխատի, հաճելին զուգակցելով օգտակարին, գլուխ հանելու մանկապատանեկան հատորներու բազմանուն ցուցակ մը, իսկ միւս մը կը ջանայ արհեստագիտական նորութիւնները միահիւսել լեզուի ուսուցման ու տարածման կերպերուն, սա մէկը ընթերցանութեան ու ստեղծագործական գրութեան նրբութիւններուն հաղորդ կը դառնայ, իսկ ժողովը պարտէզին մէջ կայացնել նախընտրած մեր բարեկամները՝ ամառնային ճամբար մը ուսուցիչներուն ու պատանիներուն համար հաւասարապէս արդիւնաւէտ դարձնելու միջոցները կը մտածեն։
Անի Կարմիրեան, որ կրած տիտղոսը անձովը երկրորդական դարձնող նուազ անհատականութիւններէն է, հաւաքոյթի առաջին իսկ օրը մեր առջեւ դրաւ որթատունկի խօսուն ու դիպուկ այլաբանութիւն մը։ Որթի տերեւներու նման աճիլ, մագլցիլ, տարածուիլ, դառնալ պատաղիճ մը՝ միաժամանակ ըլլալ պտղատու, ինչ որ հիմնական բնոյթն է բոյսին, պտուղը հասցնել ամենախուլ անկիւնները։ Մտահորիզոն ընդարձակող այս այլաբանութեան միացաւ խանդավառող այլ տողեր, Զահրատէն։ «Աղուոր բաներ երբ պատահին / Աղուոր բաներ կը պատահին»։ Անմիջական, պարզ, անկեղծ, մտերիմ տողեր, որոնք կը կանխանշէին հոն հաւաքուածներուս ուղղութիւնը։
ԼՈՒՍԱՆԿԱՐ՝ ԳԱՅԻԱՆԷ ԿԱՎՐԻԼՕՖ
Աշխատանոցի մասնակիցները
Վահէ Պէրպէրեան (ԱՄՆ)- Ինծի համար հոյակապ փորձառութիւն մըն էր։ Հոյակապ էր, որովհետեւ մասնակիցները խենթենալիք թիփեր էին եւ նման ձեռնարկի մը յաջողութիւնը կը պարտիս այն բանին, որ մարդոց հետ կ՚ապրիս այսքան ժամանակ՝ բոլորին կը սիրահարիս... Ասիկա յաջողութիւն է, որովհետեւ կ՚անդրադառնաս, որ բոլորն ալ նոյն մտահոգութիւններով եկած են, տարբեր ենթապաստառներէ են, տարբեր տեղերէ եկած են, նոյն ներաշխարհը կը բաժնեն։ Ամէն ինչ հաճոյքով եղաւ, բռնազբօսիկ բան չկար, ամէն անձ հաճոյքով ըրաւ ընելիքը եւ վերջաւորութեան ահագին գործ արտադրուեցաւ։
Անի Կարմիրեան («Գալուստ Կիւլպէնկեան» հաստատութիւն)- Ամփոփումը դիւրին չէ նման ծրագիրի մը։ Կար նպատակ մը։ Զանազան վայրերէ արեւմտահայերէնով ստեղծագործող, զայն հաճոյքով գործածող, արեւմտահայերէնով աշխատող մարդիկ... Ծանօթ էի կամ գիտէի անձեր, որոնք դրական կեցուածք մը ունին, չեն հարցադրեր, այլ իրենց համար շունչ առնելու պէս բան մըն է այդ լեզուով աշխատիլը։ Ուզեցի այդպիսի անձեր միասին ըլլան, երազային մակարդակի ըլլալիք ծրագիրները տեսնեն։ Մտածել, յղանալ, պատրաստել այդ բոլոր կարելիութիւնները, ճշդել թէ մեզ ուր կը տեսնենք այդ ամբողջին մէջ։ Խօսքս պարզապէս լեզուն արդիական ձեւով գործածողներու միջեւ կապ հաստատելու մասին է։ Մարդիկ, որոնք կը մտածեն թէ անհրաժեշտ է միասնական աշխատանք։ Կը խօսէի որթատունկի մասին։ Որթատունկը տնկեցինք եւ հիմա պտուղ պէտք է տայ։ Կարելիութիւն ստեղծենք միասնական աշխատանքի եւ ապահովենք շարունակականութիւն մը։ Չեմ ուզեր որ ոեւէ մէկը մտածէ թէ դուրս մնացած է։ Ճամբայ ելած ենք, առանց մեծ յաւակնութիւններու։
Վահան Քերովբեան (Փորթուկալ)- Շատ աղուոր խումբ մը կազմուեցաւ։ Զիրար ներշնչեցինք, կարծեմ իւրաքանչիւրին մէջ խենթութիւն մը արթնցաւ, որ ամենակարեւորն էր հետաքրքրական ծրագիրներ ծնելու համար։ Իրարու կը յիշեցնէինք, որ մղիչը պատասխանատուութիւնը կամ առկայ աշխատանք մը կատարելը չէ։ Ի՞նչն է ուրեմն որ մեզ կը խանդավառէ։ Կ՚ուզենք ընել, որովհետեւ մեր մէջ կայ բան մը որ մեզի կ՚ըսէ՝ ա՛ս ընել կ՚ուզեմ։ Ծրագիրները բնաւ վերացական չեն։
Յասմիկ Շահինեան (Փարիզ)- Շատ հետաքրքրական էին յատկապէս նոյն մտահոգութիւնը բաժնող մարդոց հետ հանդիպումները։ Բայց մանաւանդ տարիներէ ի վեր ունիմ երազը, որ հայերէնի թարգմանուին մանկապատանեկան գրականութեան լաւ գործերը, համաշխարհային չափանիշով։ Այս երազը կարծեմ պիտի իրականանայ։
Նաթալի Պաղտատ Թուրաչ (Պոլիս)- Նախեւառաջ մեծ ուրախութիւն է միասին ըլլալ նման հմուտ անձերու հետ, ծանօթանալ իրենց, գաղափարներ փոխանակել եւ անշուշտ ծրագիրներ մշակել։
Մարալ Էպէօղլու Սաթար (Պոլիս)- Օգտակար ժողով մըն էր, որովհետեւ ութը օր տարբեր երկիրներէ անձերու հետ հայերէն խօսելու, մտածելու, բաներ մը մէջտեղ դնելու առիթը գտանք։ Գիտաժողովէ ալ տարբեր էր, աշխատանոց մը, որու ընթացքին մասնակի աշխատանքներ կրցանք ընել։
Ժիրայր Չոլաքեան (Փարիզ)- Այս ժողովը շատ ինքնատիպ էր իբր ծրագիր եւ յաջող էր իբր կազմակերպութիւն։ Կազմուեցան հետաքրքրական խումբեր, որոնք կ՚ենթադրեմ նաեւ կազմուեցան ըստ օրուան պահանջներուն։ Ըստ իս այս բոլորը դրական շարժում մըն է, հիմնուած ստեղծագործական հիմերու վրայ։ Այս բոլորին «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան ներդրումը կարեւոր է։ Մինչեւ հիմա արեւմտահայերէնը սփիւռքի մէջ այսպիսի կարեւոր հաստատութիւն մը իր ետին չէր ունեցած։
Սերուժ Ուրիշեան (ԱՄՆ)- Լաւ էր որ այսքան հայեր եկան տարբեր շրջաններէ եւ քննարկեցին տարբեր շրջաններու պէտքերը։ Ընդհանրապէս կարեւոր է ծանօթանալ տարբեր համայնքներու խնդիրներուն, մանաւանդ որ ցրուած ենք։