Անոնք մեզ քիչ մը աւելի միացուցած են

ՄԱՆՈՒԷԼ ՔԷՇԻՇԵԱՆ

Ան որ չի՛ պաշտպաներ հայկական եկեղեցիի կառոյց մը՝ ուր ալ որ գտնուի այն, չի՛ զոհուիր նաեւ Էջմիած­նի, Ան­թի­լիասի կամ Գան­ձա­սարի հա­­մար։ Հայ­­կա­­­կան դպրո­­ցի մը, հայ­­կա­­­կան կա­­ռոյ­­ցի մը, հայ­­կա­­­կան թա­­ղամա­­սի մը, Հայ ժո­­ղովուրդի մաս­­­նի­­­­­­­կի մը հա­­­մար զո­­­հուո­­­ղը՝ ուր ալ որ գտնուի ասոնցմէ որե­­­ւէ մէ­­­կը, կը դառ­­­նայ ամ­­­բողջ ազ­­­գին նա­­­հատա­­­կը, ո՛ր կու­­­սակցու­­­թեան շար­­­քե­­­­­­­րուն ալ պատ­­­կա­­­­­­­նած ըլ­­­լայ ան, չէ՞ որ մեր բո­­­լորիս հա­­­մար կը պայ­­­քա­­­­­­­րի ան, կ՚ապ­­­րի, զէնք կը վերցնէ ու կը զո­­­հուի բո­­­լորիս հա­­­մար։

Այս մա­­­սին կը մտո­­­րեմ ներ­­­կայ գտնուելով նա­­­հատակ Ռաֆ­­­ֆիի քա­­­ռասունքին, մէկն եմ ներ­­­կայ հա­­­րիւ­­­րա­­­­­­­ւոր հա­­­լէպա­­­հայե­­­րէն։ Եկած ենք յար­­­գե­­­­­­­լու Ռաֆ­­­ֆին, եկած ենք ցա­­­ւակ­­­ցութիւն յայտնե­­­լու անոր հա­­­րազատ­­­նե­­­­­­­րուն, իր զի­­­նակից ըն­­­կերնե­­­րուն։

-Գի­­­տե՞ս,- կ՚ըսէ քովս նստած միու­­­թե­­­­­­­նական պա­­­տաս­­­խա­­­­­­­նատու մը, – Ամէն տա­­­րի մեր տղոց ու աղ­­­ջիկնե­­­րուն հա­­­րիւ­­­րա­­­­­­­ւոր շա­­­պիկ­­­նե­­­­­­­րու վրայ գրու­­­թիւններ ինք կը տպէր, անվճար. կ՚ըսէր. «Դրամ չեմ առ­­­ներ, հայ­­­կա­­­­­­­կան միու­­­թե­­­­­­­նէ դրամ չեմ գան­­­ձեր… դուք մի՛ յոգ­­­նիք, մի՛ հաս­­­նիք գոր­­­ծա­­­­­­­տեղիս, ես ակումբ կը բե­­­րեմ շա­­­պիկ­­­նե­­­­­­­րը»։

Ու ես կը ծա­­­նօթա­­­նամ Ռաֆ­­­ֆիի ապ­­­րած կեան­­­քի նաեւ այս երե­­­սին։

Կը նա­­­յիմ պատ­­­մո­­­­­­­ղի դէմ­­­քին. լուռ է ան, գլու­­­խը կախ։ Հոս՝ «Լե­­­ւոն Շանթ» բո­­­լոր հա­­­ւաքուած­­­նե­­­­­­­րը լուռ են- քիչ առաջ Ս. Աս­­­տուածա­­­ծին եկե­­­ղեց­­­ւոյ մէջ ալ անոնք լռու­­­թիւն պահ­­­պա­­­­­­­նած էին, եւ հոն ես ար­­­ձա­­­­­­­նագ­­­րած էի ներ­­­կա­­­­­­­յու­­­թի­­­­­­­ւը Հա­­­լէպի Հայ Կա­­­թողի­­­կէ հա­­­մայնքի առաջ­­­նորդ Պետ­­­րոս Ար­­­քե­­­­­­­պիս­­­կո­­­­­­­պոս Մի­­­րիաթեանի, ինչպէս որ թաղ­­­ման արա­­­րողու­­­թեան նշմա­­­րած էի ներ­­­կա­­­­­­­յու­­­թիւնը Հայ Աւե­­­տարա­­­նական­­­նե­­­­­­­րու հա­­­մայնքա­­­պետ Վե­­­րապա­­­տուե­­­լի Յա­­­րու­­­թիւն Սե­­­լիմեանին, Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նի Հան­­­րա­­­­­­­պետու­­­թեան հիւ­­­պա­­­­­­­տոսին ներ­­­կա­­­­­­­յու­­­թիւնը։

Խօսք կ՚առ­­­նէ Հ.Յ.Դ. Սու­­­րիոյ ներ­­­կա­­­­­­­յացու­­­ցիչ Կա­­­րօ Իւզպա­­­շեանը. ան միայն ու միայն դրուատա­­­լից խօս­­­քեր կ՚ուղղէ հա­­­ւատա­­­ւոր իր ըն­­­կե­­­­­­­րոջ հաս­­­ցէին, ան իրա­­­ւունք ու­­­նի հպար­­­տա­­­­­­­նալու իր գա­­­ղափա­­­րակից ըն­­­կերնե­­­րով, որոնք տո­­­գորուած են Ռաֆ­­­ֆիին զո­­­հողու­­­թեան ոգիով։ Կու­­­սակցու­­­թեան ներ­­­կա­­­­­­­յացու­­­ցի­­­­­­­չը Ռաֆ­­­ֆիի հա­­­ւատամ­­­քի բնու­­­թա­­­­­­­գիրը կ՚ամ­­­փո­­­­­­­փէ նոյն ինքն հե­­­րոս նա­­­հատակ բա­­­ռերով. «Կ՚ար­­­ժէ Սու­­­րիոյ մէջ պայ­­­քա­­­­­­­րիլ եւ զո­­­հուիլ նոյ­­­նիսկ եթէ մէկ հայ մնա­­­ցած ըլ­­­լայ հոն»։

Քիչ ետք ներ­­­կա­­­­­­­ներէն շա­­­տերու աչ­­­քե­­­­­­­րը կ՚ար­­­ցունքո­­­տին երբ կը դի­­­տեն Ռաֆ­­­ֆիին մա­­­սին պատ­­­մող տե­­­սաերի­­­զը, որուն մէջ Շա­­­հան Արք. Սար­­­գի­­­­­­­սեան խօս­­­քը ուղղե­­­լով Ռաֆ­­­ֆիին կ՚ըսէ. «Քու յա­­­ջորդներդ պի­­­տի քա­­­լեն քու ու­­­ղիէդ, որով­­­հե­­­­­­­տեւ դուն քա­­­լեցիր քու հայ­­­րե­­­­­­­րուդ ու­­­ղիէն»։

Բո­­­լորս սգա­­­կիր­­­ներ ենք, եւ սա­­­կայն բո­­­լորս լուռ կը շա­­­րուինք մեր ցա­­­ւակ­­­ցութիւննե­­­րը յայտնե­­­լու Նա­­­հատակ հե­­­րոսի հա­­­րազատ­­­նե­­­­­­­րուն։ Կը մօ­­­տենամ։ Ցա­­­ւակ­­­ցութիւններ ըն­­­դունող­­­նե­­­­­­­րու շար­­­քին է Բե­­­րիոյ Հա­­­յոց Թե­­­մի առաջ­­­նորդ Շա­­­հան Սրբա­­­զան Ար­­­քե­­­­­­­պիս­­­կո­­­­­­­պոս Սար­­­գի­­­­­­­սեանը. կը համ­­­բուրեմ Սրբա­­­զան հօր աջը, ան իր տաք ձեռ­­­քե­­­­­­­րով ամ­­­րօ­­­­­­­րէն կը սեղ­­­մէ ձեռքս, կար­­­ծես ուժ եւ հա­­­ւատք փո­­­խան­­­ցե­­­­­­­լու ին­­­ծի. Նոյն կերպ՝ մէկ առ մէկ ան պի­­­տի սեղ­­­մէ բո­­­լոր ներ­­­կա­­­­­­­ներուն ձեռ­­­քե­­­­­­­րը։

Կը մօ­­­տենամ Ռաֆ­­­ֆիի տիկ­­­նոջ։ Որո­­­շած եմ պի­­­տի ըսեմ. «ամուր մնա՛, զա­­­ւակ­­­նե­­­­­­­րուդ հա­­­մար»։ Կը մօ­­­տենամ, կ՚ող­­­ջա­­­­­­­գու­­­րուիմ հե­­­տը, լուռ կը մնամ, ան­­­հե­­­­­­­թեթ բա­­­ռեր կը թուին ամէն ըսե­­­լիք­­­ներս։ Կը նա­­­յիմ շատ ար­­­ցունք թա­­­փած երի­­­տասարդ հա­­­յու­­­հիի իր աչ­­­քե­­­­­­­րուն, որոնց մէջ ցա­­­ւի չափ ուժ ու կո­­­րով կը տես­­­նեմ։ Անոր աչ­­­քե­­­­­­­րը հի­­­մա չոր են, ան պի­­­տի չլայ մեր առ­­­ջեւ, վստահ եմ նաեւ զա­­­ւակ­­­նե­­­­­­­րուն առ­­­ջեւ. Հե­­­րոս Ռաֆ­­­ֆիի հե­­­րոսա­­­ցած այ­­­րին իր մէջ ուժ պի­­­տի գտնէ չտկա­­­րանա­­­լու, ար­­­ցունքնե­­­րը իրեն պա­­­հելու, առան­­­ձինն լա­­­լու, երբ ինքն ու Ռաֆ­­­ֆին մի­­­նակ­­­նին պի­­­տի մնան…

Ու ող­­­ջա­­­­­­­գուրման այս պա­­­հուն կը յի­­­շեմ դրուագ մը… Հե­­­րոս Ռաֆ­­­ֆիի տիկ­­­նոջ մօր լա­­­ցը 1992-ին։ Ան­­­կա­­­­­­­խացած Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նի հիւ­­­պա­­­­­­­տոսա­­­րանի բաց­­­ման օրն էր, հա­­­լէպա­­­հայ սկաուտնե­­­րը տան­­­տի­­­­­­­րոջ իրա­­­ւունքով կը տո­­­ղան­­­ցէին, հայ­­­կա­­­­­­­կան ֆան­­­ֆարնե­­­րը կը նուագէին, ո՛չ թէ՝ կար­­­ծէ՛ք իրենց երկրի հիւ­­­պա­­­­­­­տոսու­­­թեան բա­­­ցումն էր այլ իրօ՛ք իրենց երկրի.. իսկ Ռաֆ­­­ֆին զո­­­քան­­­չը մեր պատշգա­­­մէն դի­­­տելով այս բո­­­լորը կու լար, որով­­­հե­­­­­­­տեւ իր ամու­­­սի­­­­­­­նը այս կեան­­­քէն հե­­­ռացած էր առանց այս օրը՝ Ան­­­կախ Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նի հան­­­րա­­­­­­­պետու­­­թեան եռա­­­գոյն դրօ­­­շի ծա­­­ծան­­­ման օրը տես­­­նե­­­­­­­լու՝ առանց իր երազ­­­նե­­­­­­­րուն մէկ մա­­­սին իրա­­­կանա­­­ցու­­­մը տես­­­նե­­­­­­­լու։

Կ՚ու­­­զեմ Ռաֆ­­­ֆիի եր­­­կու զա­­­ւակ կորսնցու­­­ցած մօր ձեռ­­­քե­­­­­­­րը համ­­­բուրել եւ ըսել . «Դուն չի կորսնցու­­­ցիր զա­­­ւակ­­­ներդ, զա­­­նոնք մէ­­­կիկ-մէ­­­կիկ մե­­­զի տուիր…»

Դուրս կ՚ել­­­լեմ «Լե­­­ւոն Շանթ»էն, դուրս կ՚ել­­­լեմ «Արամ Մա­­­նու­­­կեան» կեդ­­­րո­­­­­­­նէն- զոր կը պաշտպա­­­նեն, Ռաֆ­­­ֆիին ըն­­­կերնե­­­րը, անոր ըն­­­կերնե­­­րէն ոմանք հի­­­մա կը պաշտպա­­­նեն Ար­­­ցա­­­­­­­խը։ Ամէն մէ­­­կը իր դիր­­­քին վրայ է, անոնցմէ ոեւէ մէ­­­կը պի­­­տի չլքէ իր դիր­­­քե­­­­­­­րը, անոնցմէ շա­­­տեր պի­­­տի զո­­­հուին, պի­­­տի միանան իրենց հե­­­րոս ըն­­­կեր

ՌԱՖ­­­ՖԻԻՆ՝ ԻՄԱ ՌԱՖ­­­ՖԻ­­­­­­­ՆԵՐՈՒՆ։

Հա­­­լէպի փո­­­ղոց­­­նե­­­­­­­րը այս պա­­­հուս վտան­­­գա­­­­­­­ւոր են, եւ ես կը քա­­­լեմ այդ փո­­­ղոց­­­նե­­­­­­­րով գլուխս կախ, ո՛չ թէ կքած, այլ խո­­­նար­­­հած մեր հե­­­րոս­­­նե­­­­­­­րուն առ­­­ջեւ, գի­­­տակ­­­ցե­­­­­­­լով որ անոնց մա­­­տու­­­ցած մեր յար­­­գանքի տուրքը իրենց պէտք չէ, այլ մե­­զի՝ անոնք մեզ քիչ մը աւե­­լի միացու­­ցած են, իրար հան­­դէպ քիչ մը աւե­­լի նե­­րողա­­միտ դար­­ձած ենք։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ