Խոստովանողն ու ուրացողը

ՍԵՒԱՆ ՏԷՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆ

narekian2000@yahoo.com

«Գերմանիա՛, նախ Ողջակիզումին հաշիւը տուր»։

«Հիթլերին թոռ­նե­րը Թուրքիան ցե­ղաս­պա­նու­թեամբ կ՚ամ­բաստա­նեն»։

«Գեր­մա­նիա՛, նախ քու կեղ­տոտ պատ­մութիւնդ դի­տէ»։

«Գեր­մա­նացի­ները կ՚ու­զեն Ող­ջա­կիզու­մը տա­րածել աշ­խարհով մէկ, կ՚ու­զեն այլ ազ­գե­րուն ցոյց տալ, որ ինչ որ հրեանե­­րուն պա­­տահած է, սո­­վորա­­կան է՝ եւ այս ձե­­ւով յան­­ցա­­­կից մը կը փնտռեն»։

Քա­­նի մը նմոյշ այն ար­­տա­­­յայ­­տութիւննե­­րէն, զորս յա­­ճախ կը լսենք վեր­­ջին օրե­­րուն՝ բա­­ւական բարձրաս­­տի­­­ճան պաշ­­տօ­­­նեանե­­րու կամ նոյնքան բա­­ւական մաս­­նա­­­գէտ պատ­­մա­­­բան­­նե­­­րու բեր­­նէն։

Ժա­­մանա­­կի կո­­րուստ պի­­տի ըլ­­լար ան­­շուշտ պա­­տաս­­խա­­­նել ամ­­բո­­­խավա­­րական այս յայ­­տա­­­րարու­­թիւննե­­րուն։

Քա­­նի որ Գեր­­մա­­­նիա Ող­­ջա­­­կիզու­­մին հա­­շիւը տո­ւած է եւ կը շա­­րու­­նա­­­կէ տալ (եւ այնքան լուրջի կ՚առ­­նէ այս հար­­ցը, որ վստա­­հաբար պի­­տի չհասկնայ նոյ­­նիսկ, թէ ի՞նչ կը նշա­­նակէ հա­­շիւ տալ՝ հա­­շիւ տալ աւե­­լի քան 6 մի­­լիոն զո­­հերու հա­­մար)…

Քա­­նի որ Հիթ­­լե­­­րին անունն իսկ չի յի­­շատա­­կուիր հան­­րա­­­յին վայ­­րե­­­րու մէջ, անե­­րեւա­­կայե­­լի բան է որե­­ւէ փո­­ղոց կամ վայր տես­­նել այդ անու­­նով, եւ պէտք է գիտ­­նալ նաեւ, որ գեր­­մա­­­նացի­­ները իրենք զի­­րենք Հիթ­­լե­­­րին թո­­ռը չեն նկա­­տեր, չեն հպար­­տա­­­նար իր­­մով…

Քա­­նի որ երե­­ւի ոչ մէկ եր­­կիր պատ­­մութեան հետ այնքան խո­­րին հա­­ղոր­­դակցու­­թիւն ու առե­­րեսում մը ու­­նի գեր­­մա­­­նացի­­ներուն նման։ Միայն Պեր­­լի­­­նի մէջ կայ յի­­շողու­­թեան աւե­­լի քան 40 թան­­գա­­­րան, կեդ­­րոն, վայր կամ ցու­­ցադրու­­թիւն՝ ոգե­­կոչե­­լու, պատ­­մե­­­լու, նոր սե­­րունդին փո­­խան­­ցե­­­լու հա­­մար ան­­ցեալի չա­­րագոր­­ծութիւննե­­րը (օր.՝ Ան­­նա Ֆրան­­քի կեդ­­րոն, Յու­­շարձան նա­­ցինե­­րու իշ­­խա­­­նու­­թեան օրօք զո­­հուած եւ­­րո­­­պացի ռո­­ման­­նե­­­րու ու սին­­թի­­­ներու, Յու­­շարձան ի յի­­շատակ գիր­­քե­­­րու հրկիզ­­ման, Գեր­­մա­­­նական դի­­մադ­­րութեան յի­­շատա­­կի կեդ­­րոն, Պեր­­լի­­­նի հրէական թան­­գա­­­րան եւլն. եւլն.)։

Յատ­­կա­­­պէս հրէական Ող­­ջա­­­կիզու­­մի հա­­մար կա­­ռու­­ցո­ւած կա­­րեւո­­րագոյն յու­­շարձա­­նը, ան­­կասկած, Եւ­­րո­­­պացի սպան­­նո­ւած հրեանե­­րու յու­­շա­­­կոթողն է՝ մայ­­րա­­­քաղա­­քի ճիշդ կեդ­­րո­­­նին, Պրան­­տենպուրկի դար­­պա­­­սէն դէ­­պի Փոց­­տա­­­մի հրա­­պարակ տա­­նող ճա­­նապար­­հին (վայր մը, ուր ոչ թէ առե­­րեսու­­մի, այլ առեւ­­տուրի հսկայ կեդ­­րոն մը տնկել նա­­խընտրէին թե­­րեւս հոս­­կէ հոն գեր­­մա­­­նացի­­ներուն ցու­­ցա­­­մատ թա­­փահա­­րող­­նե­­­րը)։ Խո­­նար­­հումի ու խո­­կու­­մի վայր մըն է ան, թան­­գա­­­րան ու յու­­շարժան միաժա­­մանակ, ուր մարդկա­­յին պատ­­մութիւննե­­րու ընդմէ­­ջէն եղե­­լու­­թիւնը կը պատ­­մո­ւի, գո­­նէ զգա­­լի կը դարձո­ւի իր բո­­վան­­դակ անըմբռնե­­լիու­­թեամբ։

Եւ դեռ կան ան­­շուշտ խո­­չըն­­դո­­­տաքա­­րերը, Stolperstein-նե­­րը, որոնք տե­­ղադրո­ւած են աք­­սո­­­րեալ, ապա սպա­­նեալ հրեանե­­րու տու­­նե­­­րուն առ­­ջեւ։ Կը սայ­­թա­­­քիք թե­­թեւ մը նախ, յե­­տոյ կը ծռիք ու կը դի­­տէք յա­­տուկ, պզտիկ քա­­ռակու­­սի յու­­շա­­­քարը, կը կար­­դաք անու­­նը այն ան­­ձին կամ ըն­­տա­­­նիքին, որ այդ տան մէջ կը բնա­­կէր, սա­­կայն նա­­ցինե­­րու կող­­մէ աք­­սո­­­րուած է այ­­լուր եւ չէ վե­­րադար­­ձած եր­­բեք։

Կան ան­­հա­­­տական կամ աւե­­լի լաւ է ըսել՝ մաս­­նա­­­ւոր նա­­խաձեռ­­նութիւններ։ Օրի­­նակ Dr. Oetker ըն­­կե­­­րու­­թիւնը դեռ քա­­նի մը տա­­րի առաջ խոս­­տո­­­վանած էր իր կա­­պերը նա­­ցինե­­րուն հետ, նոյ­­նը ըրած են նաեւ այլ ըն­­կե­­­րու­­թիւններ, ինչպէս BMW, Hugo Boss՝ նե­­րողու­­թիւն խնդրե­­լով հան­­րութե­­նէն եւ հա­­տու­­ցել խոս­­տա­­­նալով իրենց պատ­­ճա­­­ռած բա­­րոյա­­կան ու նիւ­­թա­­­կան վնա­­սը։

Պէտք չէ զար­­մա­­­նալ ու­­րեմն գիտ­­նա­­­լով, թէ Գեր­­մա­­­նիա 1945-էն վերջ փո­­խած է նոյ­­նիսկ իր ազ­­գա­­­յին քայ­­լերգը, քա­­նի որ անոր առա­­ջին եր­­կու տու­­նը ցե­­ղապաշ­­տա­­­կան միտ­­քեր կ՚ար­­տա­­­յայ­­տէր (թէեւ խօս­­քե­­­րը յօ­­րինո­ւած են 1841-ին, երբ նման գա­­ղափա­­րախօ­­սու­­թիւններ գո­­յու­­թիւն չու­­նէին եւ կամ դեռ հե­­ռու էին վնա­­սակար նկա­­տուե­­լէ)։

Քիչ թէ շատ փոր­­ձե­­­ցի ու­­րո­ւագ­­րել այն մթնո­­լոր­­տը, ուր տար­­բեր ձե­­ւով կը դաս­­տիարա­­կուի նաեւ մար­­դը, կ՚ու­­նե­­­նայ առե­­րեսու­­մի, պատ­­մութեան, ան­­ցեալի, յի­­շողու­­թեան, ու­­րա­­­ցու­­մի բո­­լորո­­վին տար­­բեր ըն­­կա­­­լում մը։ Գի­­տէ, որ բռնու­­թիւնը կը ծնի ու­­րա­­­ցու­­մէն։ Կը հա­­ւատայ, որ առե­­րեսում հար­­կա­­­ւոր է խու­­սա­­­փելու հա­­մար նոր յան­­ցանքնե­­րէ։ Սո­­րված է դէպ­­քե­­­րը կո­­չել իրենց անու­­նով՝ առանց սե­­թեւե­­թան­­քի։

Գեր­­մա­­­նիոյ մթնո­­լոր­­տը ծնունդ կու տայ, կը ստեղ­­ծէ, օրի­­նակ, թրքա­­կան ինքնու­­թեան տէր Ճեմ Էօզ­­տե­­­միրի նման կեր­­պարներ, որոնք ճշմար­­տութեան հա­­մար խի­­զախօ­­րէն կը պայ­­քա­­­րին, իսկ Թուրքիոյ մթնո­­լոր­­տը, որ յայտնի է բո­­լորիս, ան­­ձե­­­րը կը վե­­րածէ արամ-աթէշեաններու կամ մար­­գար-եսա­­յեան­­նե­­­րու, որոնք հա­­զար ու մի ծա­­մած­­ռութիւննե­­րով, անձնա­­կան տար­­բեր հա­­շիւ­­նե­­­րով կը նա­­խընտրեն կեղծիքը, երբեմն՝ քծինքը, քան ճշմար­­տութիւ­­նը։ Ինչպէս կը տես­­նո­ւի, ազ­­գա­­­յին պատ­­կա­­­նելիու­­թիւնը ո՛չ մէկ նշա­­նակու­­թիւն ու­­նի. Գեր­­մա­­­նիա թուրքը կրնայ վե­­րածել խոս­­տո­­­վանո­­ղի, իսկ Թուրքիանոյ­­նիսկ հա­­յէ մը կրնայ ու­­րա­­­ցող ծնիլ։ Ակնյայ­­տօ­­­րէն ու­­սուցա­­նելով մե­­զի, թէ խնդի­­րը հա­­յու կամ թուրքի մրցակ­­ցութիւն մը չէ, զուտ քա­­ղաքա­­կան հա­­շիւ չէ, այլ անոնցմէ շատ աւե­­լի տար­­բեր, թե­­րեւս աւե­­լի վեր՝ ըն­­կա­­­լու­­մի, մօ­­տեցու­­մի, մար­­դու որա­­կի նիւթ մը։

Պա­­րագայ մը եւս, զոր պի­­տի ու­­զէի նշել։ Ան­­հա­­­շուե­­լի են ապ­­րո­ւած (չապ­­րը­ւա՞ծ պէտք է ըսէի) կեան­­քե­­­րը, մար­­դոց վկա­­յու­­թիւննե­­րը, կոր­­ծա­­­նուած տա­­ճար­­նե­­­րը, քան­­դո­ւած յու­­շարձան­­նե­­­րը։ Տար­­բեր ազ­­գե­­­րէ պատ­­մա­­­բան­­նե­­­րու, լրագ­­րողնե­­րու կամ զուտ ան­­հատնե­­րու կող­­մէ գրո­ւած են հա­­զարա­­ւոր հա­­տոր­­ներ, յօ­­դուած­­ներ, աւե­­լին՝ կայ ՄԱԿ-ի Ցե­­ղաս­­պա­­­նու­­թեան վե­­րաբե­­րեալ հռչա­­կագի­­րը եւ դեռ քսա­­նինն եր­­կիրներ ալ պաշ­­տօ­­­նապէս ճանչցած են Հա­­յոց Ցե­­ղաս­­պա­­­նու­­թիւնը, սա­­կայն 1915-ը ոմանց հա­­մար, հայ կամ թուրք, այստե՛ղ, ա՛յս երկրին մէջ, ուր պա­­տահած է դէպ­­քը, տա­­կաւին կը շա­­րու­­նա­­­կէ մնալ որ­­պէս զուտ հայ­­կա­­­կան պնդում մը, հա­­յերու կող­­մէ տրո­ւած որա­­կում մը, հա­­յերու յա­­տուկ մօ­­տեցում մը։ Գո­­նէ ըսէք, թէ ցե­­ղաս­­պա­­­նու­­թիւնը պնդում մըն է, որա­կում, մօ­տեցում մըն է (ալ ինչ որ կ՚ըսէք ու­րա­ցողի ձեր բա­ռապա­շարով), զոր կ՚ըն­դունին աշ­խարհի քսանինը պե­տու­թիւննե­ր, սա ինչ քա­նակով ու ազ­գութեամբ պատ­մա­բան­նե­ր, լրագ­րողնե­ր։ Ալ հասկնալ պէտք է գո­նէ որ խնդի­րը հա­յու խնդիր մը չէ, այլ ճշմար­տութեան ու իրա­ւունքի։


Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ