Ցեղապաշտութիւնը եւ հակասեմիտութիւնը

ՌԱԿԸՊ ԶԱՐԱՔՕԼՈՒ

Յոյն գրող Նի­քօ Ակօ եւ ես մաս­նակցած ենք «Եւ­րո­պա, Յու­նաստան եւ Թուրքիոյ մէջ ցե­ղապաշ­տութիւն, հա­կասե­միտ հո­սանքներ» ժո­ղովին, որ կը կա­յանայ Շուէտի Տալ­հա­լա քա­ղաքը։ Ինչպէս պալ­քա­նեան թե­րակղզիի բո­լոր եր­կիրնե­րը, Յու­նաստան եւ Թուրքիա ալ վեր­ջին հա­րիւ­րա­մեակին ապ­րե­ցան կա­րեւոր վե­րիվայ­րումներ։ Պալ­քա­նեան պա­տերազ­մը, հա­մաշ­խարհա­յին եր­կու պա­տերազմներ, ծայ­րա­յեղ ազ­գայնա­կան եւ հա­կասե­միտ հո­սանքնե­րու իբր եզ­րա­կացու­թիւն, բա­ւական սուղ ար­ժած է «ազ­գա­յին պե­տու­թիւն» կա­ղապա­րը։

Ժո­ղովուրդնե­րու հա­մատեղ ապ­րած եր­կիրնե­րու մէջ ազ­գա­յին պե­տու­թեան հա­մակար­գը, բա­ցի Թուրքիայէ, ընդհան­րա­պէս յա­ջողե­ցաւ բայց բա­ւական ծանր հա­տու­ցուեցաւ։ Միւս կող­մէ եր­կիրնե­րու սահ­մաններն ալ ճշդուեցան առանց ժո­ղովուրդնե­րու կամ­քը նկա­տի ու­նե­նալու։

Պալ­քա­նեան եւ Ա. Հա­մաշ­խարհա­յին պա­տերազմնե­րու պատ­ճա­ռաւ տու­ժած Սեր­պիան կեր­պով մը պար­գե­ւատ­րուեցաւ ար­հեստա­կանօրէն ծա­ւալած Եու­կոսլա­վիայի մը ստեղ­ծումով։ Ֆրան­սա­կան եւ անգլիական գա­ղու­թա­տիրա­կան կայսրու­թիւննե­րու ինքնա­հաւա­նու­թեամբ, Մի­ջին Արե­ւել­քի, Պալ­քա­նեան թե­րակղզիի եւ Արե­ւելեան Եւ­րո­պայի մէջ վրէ­ժի եւ պատ­ժե­լու հո­գեբա­նու­թեամբ ճշդուեցան եր­կիրնե­րու սահ­մաննե­րը։

Այսպէ­սով ջուր հո­սեցու­ցին ապա­գայի մեծ ու փոքր ազ­գայնա­կանու­թիւննե­րու ջա­ղաց­քին։

Օրի­նակի հա­մար Աւստրիա-Հունգա­րական կայսրու­թիւնը պատ­ժե­լու հա­մար հունգար­նե­րով բնա­կեցուած բազ­մա­թիւ վայ­րեր կցուեցան Չե­խոս­լո­վաքիոյ, Եու­կոսլա­վիոյ եւ Ռու­մի­նիոյ։ Մէկ կող­մէն կը խօ­սուէր ժո­ղովուրդնե­րու ինքնորոշ­ման իրա­ւունքի մա­սին, կը փա­ռաբանուէր փոք­րա­մաս­նութիւննե­րու իրա­ւունքնե­րը, իսկ միւս կող­մէն պար­տուած եր­կիրնե­րը կը պատժուէին ծանր ձե­ւով։ Ան­շուշտ այդ հա­տու­ցումը կը վի­ճակէր ոչ թէ պա­տերազ­մին տե­ղի տուող կա­ռավա­րու­թիւննե­րուն, այլ ժո­ղովուրդնե­րուն։

1918-ին Յու­նաստան եւ նո­րակազմ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պետու­թիւնը պա­տերազ­մի յաղ­թողնե­րու, այ­սինքն ԱՄՆ-ի, Անգլիայի կամ Ֆրան­սա­յի կողմն էին։ Իսկ Օս­մա­նեան կայսրու­թիւնը պար­տուած­նե­րու դաշ­նակցու­թեան մաս կը կազ­մէր։ 1917-ի յե­ղափո­խու­թեան եւ աշ­խարհի նոր հա­ւասա­րակշռու­թիւննե­րու հե­տեւան­քով յաղ­թողնե­րու դաշ­նա­կից Հա­յաս­տան եւ Յու­նաստան տու­ժե­ցին, իսկ պա­րտուող­նե­րու շար­քին գտնուող Ան­գա­րայի կա­ռավա­րու­թիւնը շա­հաւոր դուրս եկաւ։ Պատ­մութիւ­նը եր­բեմն այս տե­սակ տա­րօրի­նակու­թիւններ կը թե­լադ­րէ։

Այս նոր ձե­ւաւո­րուած աշ­խարհագ­րութեան մէջ նախ­քան Բ. Հա­մաշ­խարհա­յին պա­տերազ­մը, ժո­ղովրդա­կան երկրի մը չա­փանիշ­նե­րը ար­դա­րաց­նող միակ օրի­նակը Չե­խոս­լո­վաքիան էր։

Յու­նաստան 1926-ին Մէ­թաք­սա­սի զի­նուո­րական բռնա­կալու­թեան են­թարկուած էր։ Իսկ տա­րի մը ետք Թուրքիա, երկրի միակ «տէ­ֆաք­թօ» ինքնա­վար շրջա­նը հան­դի­սացող Տէր­սիմ խուժեց։

Թէեւ իտա­լական ար­շա­ւի դէմ հե­րոսա­կան դի­մադ­րութիւն մը ցու­ցա­բերուած էր, բայց գեր­մա­նական ար­շա­ւը յոյն ժո­ղովուրդը սո­վամահ ընե­լով իր իշ­խա­նու­թիւնը կազ­մեց։ Սա­կայն յոյն ժո­ղովուրդը հե­րոսա­կան դի­մադ­րութիւն մը կազ­մա­կեր­պեց Նա­ցինե­րու ար­շա­ւին դէմ։ Յու­նաստան քա­ղաքա­ցիական պա­տերազ­մը ապ­րե­ցաւ եւ բնակ­չութեան փո­խանակումով Անա­տոլուէն եկած յոյ­նե­րը ան­գամ մը եւս ապ­րե­ցան պա­տերազ­մի սար­սա­փը։ Հրահ­րուեցաւ ազ­գայնա­կանու­թիւնը, բայց յոյն ժո­ղովուրդը սի­րեց հա­մայ­նա­վարու­թեան գա­ղափա­րախօ­սու­թիւնը։

Կո­մու­նիստ էն­թէրնաս­իո­նալը միշտ նա­խընտրած էր Պալ­քա­նեան Ֆե­տերա­ցիայի մը գա­ղափա­րը։ Այդ ամ­բողջու­թեան մէջ Մա­կեդո­նիա եւ Թրա­կիա իրենց բնակ­չութեան յատ­կութիւննե­րուն բեր­մամբ յա­տուկ տեղ մը պի­տի ու­նե­նային։ Իրա­կանու­թեան մէջ Մա­կեդոն ժո­ղովուրդ մը գո­յու­թիւն չու­նէր բայց ստեղ­ծուեցաւ։ Մա­կեդո­նիա կի­սուե­ցաւ Սեր­պիոյ եւ Յու­նաստա­նի մի­ջեւ։ Արեւմտեան Թրա­կիոյ մէջ թուրք, իսկ արե­ւելեան Թրա­կիոյ մէջ յոյն եւ պուլղար­ներ բնակ­չութեան մե­ծամաս­նութիւ­նը կը կազ­մէին։

Արեւմտեան Թրա­կիան Երկրորդ հա­մաշ­խարհա­յին Պա­տերազ­մի տա­րինե­րուն յա­ճախ ձեռ­քէ ձեռք ան­ցաւ Յու­նաստա­նի եւ Պուլղա­րիոյ մի­ջեւ։ Այ­սօր Յու­նաստա­նի մէջ պուլղար, մա­կեդոն, ալ­պա­նացի, ռո­մէն, ու­լահ ինքնու­թիւննե­րը իւ­րացնող խմբակ­նե­րը չա­փազանց փոքր են։ Յու­նա­կան ազ­գայնա­կանու­թեան սպառ­նա­լիքին տակ միայն Արեւմտեան Թրա­կիոյ թուրքերն են որ Լո­զանի դաշ­նագրի ըն­ձե­ռած իրա­ւունքնե­րու շնոր­հիւ ինքնու­թիւնը կը պա­հեն։ Ցա­ւօք նշենք որ Լո­զանի փո­խադար­ձութեան սկզբունքը չէ յար­գուած եւ Իս­թանպու­լի, Իմ­րոզ եւ Թէ­նէտոս կղզի­ներու յոյն բնակ­չութիւ­նը հա­մարեա փճա­ցաւ։

Ան­ցեալին Աթէն­քի մեր­ձա­կայ տա­րածքնե­րուն իսկ ալ­պա­նական գիւ­ղեր կա­յին։ Իսկ Ալ­պա­նիոյ սահ­մա­նամերձ ալ­պա­նական գիւ­ղե­րը Մէ­թաք­սա­սի բռնա­կալու­թեան շրջա­նին ճա­շակե­ցին այն կո­տորած­նե­րը, որոնց են­թարկուած էին տէր­սիմցի­ները։

Ինչպէս որ Զմիւռնիա իր բազ­մազգի բնակ­չութեան հե­տեւան­քով «կեավ­ուր Իզ­միր» կը կո­չուէր Թէ­սաղո­նիկէի մէջ ալ շատ կա­րեւոր հրեայ բնակ­չութիւն մը գտնուած էր։ Իսկ Յու­նաստա­նի մէջ հա­կասե­միտու­թիւնը միշտ զօ­րաւոր եղած է։

Օս­մա­նեան կայսրու­թեան շրջա­նին հրեանե­րը իբ­րեւ սպառ­նա­լիք չէին տես­նուեր, հե­տեւա­բար կա­րեւոր հա­կասե­միտու­թիւն մը գո­յու­թիւն չու­նէր։ Այդ ախ­տին հետ ծա­նօթա­նալը վի­ճակե­ցաւ 1930-ական տա­րեթի­ւերուն հան­րա­պետա­կան Թուրքիոյ։ Յետ­պա­տերազ­մեան շրջա­նին երբ Թուրքիա կը մեր­ձե­նար ԱՄՆ-ի, նո­րակազմ Իս­րայէլի պե­տու­թեան հետ յա­րաբե­րու­թիւններն ալ շուրջ 50 տա­րիներ որոշ հան­դուրժո­ղակա­նու­թեան սահ­մա­նին մէջ մնա­ցին։ Սա­կայն իս­լա­մական վար­դա­պետութեան բարձրաց­ման շրջա­նին ազ­գայնա­կան­նե­րէն կրօ­նամոլ­ներ, նոյ­նիսկ որոշ ազ­գա­յին բնոյ­թով ձա­խակող­մեան­ներ հա­մախմբուեցան հա­կասե­միտ ճա­կատի մը մէջ։ Թէ­սաղո­նիկէի հրեանե­րու թան­գա­րանին մէջ կա­րելի է տես­նել քա­ղաքի հրեայ ինքնու­թեան տա­րինե­րու ըն­թացքին քայլ առ քայլ վե­րացու­մը։

Մենք ինչպէս որ խիստ կաս­կա­ծելի 1914-ի Տի­յար­պէ­քիր եւ 1922-ի Զմիւռնիոյ հրդեհ­նե­րը ու­նինք, Թէ­սաղո­նիկէ ալ ու­նի 1917-ի հրդե­հը։ Կ՚երե­ւի ազ­գա­յին պե­տու­թիւն կա­ռու­ցե­լու մի­ջոց­նե­րէն մէկն ալ քա­ղաքա­կոր­ծան հրդեհ­նե­րը եղած են։

Յու­նաց պե­տու­թիւնը քա­ղաքացիական պա­տերազ­մէն ետք ձա­խակող­մեան գա­ղափա­րախօ­սու­թեան բարձրա­ցու­մը կա­սեցուց 1967-ի գնդա­պետ­նե­րու յե­ղափո­խու­թիւնով։ Թրքա­կան պե­տու­թիւնն ալ նոյն հո­սան­քը եւ քրտա­կան շար­ժումի վե­րել­քը կա­սեցուց 1971-ի եւ 1980-ի զի­նուո­րական յե­ղափո­խու­թիւննե­րով։

Յու­նաստան ներ­քին պա­տերազ­մին «հե­րոս» Կռի­վասը երբ Կիպ­րոս կ՚ու­ղարկէր, Թուրքիա ալ բա­նակի յա­տուկ գոր­ծիչնե­րը նոյն պաշ­տօ­նին կո­չեց եւ միաս­նա­բար ստեղ­ծե­ցին Կիպ­րո­սի հար­ցը։ Իբ­րեւ ար­դիւնք, Քու­պա­յի յե­ղափո­խու­թե­նէն ետք ինչպէս որ Կուան­թա­նամոյի խա­րիս­խը մնաց այդ կղզիի վրայ, անգլիական զի­նուո­րական խա­րիսխն ալ մնաց Կիպ­րոս։ Այ­սօր իբ­րեւ թէ փրկուած կիպ­րա­ցի թուրքե­րը երկրորդ կար­գի քա­ղաքա­ցիներ են եւ կղզիի հիւ­սի­սային հա­տուա­ծը թրքա­կան բա­նակի յա­տուկ ծա­ռայու­թիւննե­րու մար­զա­դաշտն է։

Ներկայիս յու­նա­կան խորհրդա­րանի մէջ կը գոր­ծէ նէօ-նա­ցի հա­կումնե­րով «Ոս­կի Այգ» կու­սակցու­թիւնը։ Սա­կայն իշ­խա­նու­թեան եկած է ձախ ինքնու­թիւնով կա­ռավա­րու­թիւն մը որ կը յա­ջողի ԵՄ-ի թղթաբանութեան դէմ իր գոյութիւնը պահել։ Իսկ մեր մօտ ինքնակոչ ազգային ճակատ մը կը գործէ։ Ազգային ճակատ կ՚ըսենք, քանի որ երբ գերմանական խորհրդարանի մէջ հայոց ցեղասպանութեան բանաձեւ մը օրակարգի գայ, կամ քրտերու իրաւունքներու յափշտակումը քննարկուի խորհրդարանին մէջ, ԱՔՓ, ՃՀՓ, ՄՀՓ միաձայն դիրք կը բռնեն։ Թէեւ երկու երկիրներն ալ ձեւաւորուած են ազգային պետութեան կաղապարով, սակայն երկուքի միջեւ կայ որակի տարբերութիւն մը, որ կը պարզէ վերեւի նկարը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ