«Քարքարոտ Արահետներ»ուն մէջ երբ կը տեսնէք Առնօ Խայաճանեանը, լուռ մնացէք։ Եկած է իր նախնիներուն հետքերը որոնելու։ Բարեւեցէք լուռ ու մունջ, անձայն անշշուկ անցէք քովէն։ Հարցնող հայեացքներով մի՛ նայիք երեսին, գործ ունի՝ մի՛ խանգարէք։ Կարող է լսէ ձայն մը, որ ծանօթ է իրեն։ Տատը խօսած է այն բարբառով, պապը ըսած է նոյն բառը։ Թողէք քար մը վերցնէ ճամբու եզրէն։ Քարը վաղուց քար դարձած է ձեզի համար, բայց անոր համար նոր կեանք է, նոր աշխարհ… Բարով եկար սիրելիս, փնտռէ ինչ որ գտնես՝ քու նախնեաց շուքն է։ Շուք՝ որ անցեալին շունչ ալ ունէր։
ԼՈԻՍՅԷՆ ՔՈՓԱՐ
lusyenkopar81@hotmail.com
Լուսյէն Քոփար-Ի՞նչ առիթով եկած էք Իսթանպուլ։
Առնօ Խայաճանեան-2014-ին ֆիլմի նկարահանումներու համար Իսթանպուլ եւ Երզնկա եկած էի։ Իսկ հիմա Իսթանպուլ եկած եմ «Քարքարոտ Արահետներ» վաւերագրական ֆիլմիս «ՏոքումանթալԻսթ» ֆիլմի փառատօնին մասնակցելու համար։
Լ. Ք.-Ե՞րբ սկսաք ֆիլմի համար աշխատիլ։
Ա. Խ.-Ես առաջին անգամ որ 2012-ին Թուրքիա այցելեցի Երզնկա գացի։ Մտածումս պապենական քաղաքս եւ իր բնակիչները ճանչնալ էր։ Իսկ 2014-ին նկարահանումներու համար կրկին Թուրքիա եկայ, այցելեցի Իսթանպուլ եւ Երզնկայ։
Երզնկայէն Քէմահ 40 քմ. ճամբան ոտքով անցայ։ Ինչպէս որ ընտանիքս գաղթած էր։ Այս ուխտագնացութիւնը կատարեցինք երեք հոգիով։ Իմ հետ էին նաեւ թարգմանիչս, ձայնագրողը եւ նկարողը։ Առօրեայ 5քմ-ի չափ քալած եւ յետոյ հիւրանոց վերադարձած ենք։ Մինչեւ նախորդ օր հասած կէտը ինքնաշարժով կ՚երթայինք ապա կրկին կը սկսէինք քալել։
Լ. Ք.-Երանի բացօթեայ ճանապարհին քնանայիք։
Ա. Խ.-Ուզեցինք, բայց չյաջողեցանք, քանի որ ոստիկան զօրաց զինուորները մեզ զգուշացուցած էին՝ «եթէ այս նիւթին շուրջ պիտի աշխատիք, աւելի լաւ կ՚ըլլայ գիշերները հիւրանոց մնաք», ըսելով։
Իրականութեան մէջ ես այս ֆիլմը նկարահանելու համար պետութենէն արտօնութիւն ունէի։ Ֆրանսա Թուրքիոյ հիւպատոսարան գացած, ծրագիրը պատմած եւ «չեմ ուզեր որ սխալ հասկնաք այս Թուրքիան քննադատող ծրագիր մը չէ, այլ եկած եմ իմ ընտանիքս փրկող անձերուն մասին խօսելու եւ մարդոց դրական պատմութիւններ ցոյց տալու։ Իմ գործս մարդկութեան մասին է այլ ոչ թէ թշնամութեան» ըսի, բայց նորէն ալ ուզեցին հիւրանոց մնանք։
Լ. Ք.-Այս ֆիլմը Հայոց ցեղասպանութեան 100 ամեակի՞ն առթիւ պատրաստած էք։
Ա. Խ.-Մասնաւորապէս ասանկ բան մը չեմ մտածած, բայց ժամանակը եւ ֆիլմի պատրաստութիւնը 2015-ին աւարտեցի։ Ֆիլմը առաջին անգամ մօտ 300 հոգիի ցուցադրուեցաւ, 24 Ապրիլ 2015-ին Վալանսի մէջ։ Այստեղ ֆիլմը դիտողներուն մեծ մասը հայեր էին եւ քանի որ իրենք այս ֆիլմին մէջ իրենցմէ բաժին մը գտան շատ զգացուած էին։
Իմ ֆիլմս մասնաւորապէս եղեռնի մասին չէ, աւելի կեդրոնանալ ուզած եմ այն նիւթին վրայ, թէ կարգ մը մարդիկ ինչպէս գաղթականներուն օգնած եւ զիրենք ազատած են։ Մանաւանդ մեծ մեծ մայրս այդպէս ազատուած էր։
Լ. Ք.-Ի՞նչ զգացած ես ճանապարհը քալած ատեն։
Ա. Խ.-Երբ որ Երզնկայի տարածքը, կանանչութիւնը, ցորենի արտերը, Եփրատ գետը տեսայ՝ առաջին մտածածս հետեւեալն էր. այսքան գեղեցիկ տարածքի մը վրայ ինչպէ՞ս պատահեցաւ մարդկային այս ողբերգութիւնը կամ վայրագութիւնը։ Լսածներս եւ գիտցածներս տարածքին հետ պատկերացնելը շատ դժուար եղաւ։ Ասոր պատճառը այն էր, որ հայերուն հետքերը ջնջուած էին, ուրեմն պէտք է փորէինք եւ հողատակի հետքերը գտնէինք։
Լ. Ք.-Ինչո՞ւ Երզնկայ եւ ո՞վ ապրած էր հոն։
Ա. Խ.-Իմ հօրս մեծ հայրը՝ Վահան, երզնկացի էր, իսկ մեծ մեծ մայրը, այսինքն «եաեա»ն, մալաթիացի։ Աքսորի ժամանակ իմ մեծ մեծ հայրս Վահան Երզնկայէն մինչեւ Քէմահ երկարող ճանապարհը քալած էր։ Ապա գթասիրտ գիւղացիներ զինքը գիւղի մը մէջ պահած, օգնած եւ յետոյ փախցուցած են Հալէպ։ «Եաեաս» գիտենք որ ունեւոր ընտանիքի մը զաւակ եղած էր եւ իր հայրը 1915 թուին Մալաթիոյ գաւառներէն մէկուն մէջ գաւառապետ եղած։ Ինք ալ ընտանիքի մը կողմէ պահուած է։ Այդ ընտանիքին մէջ բաւական լաւ պայմաններով անցուցած է մանկութեան տարիները։ Ապա այդ ընտանիքը թողլով Հալէպ փախած կամ փախցուած է։ Բայց ափսոս ճիշդ պատմութիւնը, անունը եւ մականունը չենք գիտեր։ Հաւանաբար ասոր պատճառը անոնց Հալէպ կեղծ անցագիրերով անցնիլն է։
Իմ լսածներս մեծ հօրս՝ Սարգիս Խայաճանեանին ինծի պատմածներն են։ Անոր հայրը Վահան եւ «եաեաս» Հալէպի ճամբարին մէջ ամուսնացած եւ հոն մէկ աղջիկ, մէկ տղայ երկու երախայ ունեցած են։ Ապա միասին Մարսէյլ գացած, այնտեղէն ալ Վիյէն անցած են։ Հոն երկար տարիներ գործարանի մը մէջ բանուոր ըլլալով աշխատած են։
Լ. Ք.-Չորս սերունդ ետք ինչո՞ւ անձ մը կու գայ եւ շնորհակալութեան մաղթանքներով ֆիլմ մը կ՚ընէ։
Ա. Խ.-Հօրաքոյրս որ գիտէր ամբողջ պատմութիւնը, այնքան մեծ թրավմա մը ունէր որ նոյնիսկ չէր կրնար քանի մը բառով իսկ այս նիւթը թուրքի մը հետ խօսիլ։ Քանի որ իրենք չէին արտայայտուիր, ուրեմն իրենց փոխարէն ուզեցի ես արտայայտուիլ ու իրենց օգնող ընտանիքներուն յայտնել շնորհակալութիւն։
Իմ ընտանիքիս մէջ մասնաւորապէս կոտորածին մասին խօսիլ անհնար էր։ Երբ նիւթը բացուի՝ լռութիւն կը տիրէր։ Այս վարմունքը նիւթը ինծի աւելի հետաքրքիր դարձուց։ Երբ որ մեծցայ աւելի հետաքրքիր դարձայ նիւթին նկատմամբ։
Լ.Ք.-Ֆիլմի մէջ մարդոց հետ Երզնկայի հայերուն մասին խօսած ե՞ս եւ ինչպէ՞ս բացած ես նիւթը։
Ուղղակի 1915-ի մասին չեմ խօսած։ Անոնց նկարներ եւ գծագրութիւններ ցոյց տուած եւ այսպէսով զրոյցը բացած եմ։ Աւելի առաջ մարդիկ փորձած էին ջարդի մասին խօսիլ եւ չէին յաջողած։ Ես աւելի զգոյշ վարուելու ջանք թափեցի։ Ոմանք խօսեցան, իսկ կարգ մը մարդիկ չխօսեցան ջարդի մասին։
Օրինակ՝ Իսթանպուլի մէջ Քոնիայի քաղաքապետ Մեհմէտ Ճելալ Պէյի թոռան՝ Ֆիքրէթ Պէյին հետ ծանօթացայ եւ մեր հարցազրոյցը բաւականին յաջող անցաւ։
Լ. Ք.-Ֆիլմը ուրիշ փառատօններուն մասնակցեցա՞ւ կամ պիտի մասնակցի՞։
Ա. Խ.-Այո, մօտ տասը փառատօններու մասնակցեցաւ եւ Եգիպտոսի մէջ դատակազմի յատուկ մրցանակին արժանացաւ։ Եւ Հայաստանի մէջ 24 Ապրիլին ցուցադրուեցաւ։ Հիմա կը պատրաստուինք Հայաստան «Ոսկէ Ծիրանե փառատօնին մասնակցելու։