Տարեդարձ… Անդրադարձ…

ՍԵՒԱՆ ՏԷՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆ

narekian2000@yahoo.com

Տարե­դար­ձը անդրա­դար­ձի լա­ւագոյն առիթն է։

Դէպք մը, իրա­դար­ձութիւն մը, անձ մը նախ աննշան, ապա նշա­նակա­լի ներ­կա­յու­թիւն մը կրնայ դառ­նալ մե­զի հա­մար։ Կ՚անդրա­դառ­նաք, վերստին կը գնա­հատէք, աչ­քէ կ՚ան­ցը­նէք, նո­րէն ու նո­րէն կը մտա­ծէք իրա­դար­ձութիւն մը կամ անձ մը, զոր ան­կա­րեւոր հա­մարեր էիք մի­ջոց մը, նե­տեր էիք ան­դին, անու­շադրու­թեան մատ­ներ էիք։

Քա­րը, զոր ար­հա­մար­հեր էիք, կը վե­րածուի ան­կիւնա­քարի մը։

Տա­րեդար­ձը կու գայ մշտե­լու քեզ։ Բո­թելու։ Բռթե­լու։ Հրմշտկե­լու… Մղե­լու բա­ներ մը ընե­լու՝ խօ­սելու, գրե­լու, քա­լելու կամ նոյ­նիսկ պար­զա­պէս կանգնե­լու՝ ցոյց տա­լու կե­ցուածքդ, ըսե­լու հա­մար, թէ կա՛ս, հո՛ն ես, թէեւ լուռ ես, բայց եւ լուր ես։

Անձնա­կան ու հան­րա­յին կեան­քերդ, որոնք շատ ան­գամ զի­րար կը հա­կասեն, կէ­տի մը վրայ հան­դի­պեց­նե­լու ջան­քը կը ջա­նաս՝ հար­ցա­կան­նե­րը հար­թե­լով, պա­տաս­խաննե­րը հար­ցադրե­լով։ Վայ­րը, ուր ազա­տօրէն շար­ժիլ կը կար­ծէիր, կը նեղ­նայ, կ՚անձկա­նայ, հետզհե­տէ կաշ­կանդող զսպա­շապի­կի մը կը վե­րածուի։ Պոռթկու­մը կը դառ­նայ ան­խուսա­փելի, յոր­դի­լը՝ ճա­կատա­գիր։

Եթէ կայ անդրա­դարձ՝ ծնունդ մը կրնայ ըլ­լալ տա­րեդար­ձը, կրնայ մահ մը ըլ­լալ։ Ան­թուակա՛ն։ Դէպք մը, ցոյց մը, գիրք մը, անձ մը, ցաւ մը… Անդրա­դար­ձումի առիթ որե­ւէ բան վեր­ջա­պէս՝ որ կը զգաս­տացնէ մեզ, ըն­թացք կը փո­խէ։ Մէ­կը, որ գիրք մը կար­դա­ցած ու կեան­քը փո­խուած էր, կը հան­դի­պի ու­րի­շի մը, որ ցոյ­ցի մը մաս­նակցած ու կեան­քը փո­խած էր։ Այս եր­կուքը սրճա­րանի մը մէջ ական­ջա­լուր կը դառ­նան զրոյ­ցի մը, որու խօ­սակից­նե­րը, սքան­չա­ցած, քիչ առաջ դուրս ելած էին թա­տերասրա­հէ մը։ Եւ դեռ կայ մէ­կը, որ առա­ջին ան­գամ լսեց դա­սական երաժշտու­թիւն, այն միւ­սը՝ որ այ­ցե­լեց վայր մը։

Տա­րեդար­ձը նաեւ ձգձգում մըն է։ Յե­տաձ­գում։ Ամէն ան­գամ նո­րին ակնկա­լու­թեամբ, անդրա­դար­ձումի յոյ­սով դի­մաւո­րել կա­րեւոր տա­րեթի­ւը, բա­նալ գիր­քին էջը, սրել ական­ջը՝ յունկնդրու­թիւն ան­սո­վոր ձայ­նի կամ գա­ղափա­րի առ­ջեւ։ Ի՞նչ օգուտ սա­կայն այս ամէ­նը, երբ պատ­րաստ չես փո­փոխու­թեան, կա­րող չես անդրա­դառ­նա­լու։ Փայ­տի մը նման կանգնած ես, յօն­քերդ կի­տած, դէմքդ պռստած, խո­ժոռած կե­ցած քա­րի պէս՝ խնդու­քի դի­մաց, կեան­քի ժպի­տին ու ծի­ծաղին առ­ջեւ։ Գե­տերուն դի­մաց, ծա­ռերուն, մա­նուկնե­րուն, կա­տու­նե­րուն ու շու­նե­րուն եւ առ­հա­սարակ բո­լոր անա­սուննե­րուն, կա­նաչին ու կա­պոյ­տին դի­մաց, դի­մացը բո­լոր այն փո­փոխու­թիւննե­րուն, մա­հերուն ու կեան­քե­րուն, սպա­նու­թիւննե­րուն ու իրա­ւազրկումնե­րուն, իրա­ւախախ­տումնե­րուն, որոնք կը կա­տարուին մեր շուրջը ամէն պահ։

Ու­նիք բա­րեկամ­ներ, վստա­հաբար, որոնք մնա­ցած են նոյ­նը ձեր ճանչցած օրէն ի վեր։ Ձանձրա­ցու­ցիչ ըլ­լա­լու աս­տի­ճան միապա­ղաղ են։ Գի­տէք, թէ ի՛նչպէս պի­տի հա­կազ­դեն այս կամ այն երե­ւոյ­թին, ի՛նչ պի­տի ընեն, ի՛նչ պի­տի ըսեն, հե­տեւա­բար երբ նո­րոյթ մը ըլ­լայ ձեր կեան­քին մէջ, ու­նե­նաք լուծման կա­րօտ հարց մը՝ իրենց դի­մելէ կը դադ­րիք մի­ջոց մը ետք։ Ու­նիք նոյնպէս բա­րեկամ­ներ ալ, որոնք տար­բեր են, զար­մա­ցող, նաեւ զար­մացնող, թար­մա­ցող, հե­տեւա­բար նաեւ թար­մացնող ամէն ան­գամ երբ հան­դի­պիք կամ դի­մէք իրենց։ Ճահ­ճա­ցու­մի թեկ­նա­ծու լիճ մը չեն, այլ՝ գետ, որու ջու­րով ան­կա­րելի է եր­կու ան­գամ լուացուիլ։

Անդրա­դար­ձի հա­մար տա­րի մը սպա­սելու հար­կին տակ կրնան չըլ­լալ մար­դիկ։ Օրը, ժա­մը, պահն է որ անդրա­դար­ձումի առի­թը կ՚ըն­ծա­յէ. տօ­նելին պա­հադարձն է իրենց հա­մար։

Ին­չո՞ւ միայն ան­ձը։ Հա­պա հա­ւաքա­կանու­թի՞ւնը։

Ձանձրա­լի չէ՞ հա­ւաքա­կանու­թիւն մը, որ չի փո­խուիր։ Որ անդրա­դար­ձումի առիթ որե­ւէ տա­րեդարձ չու­նի։ Բառ չու­նի, լե­զու չու­նի զինք փո­խակեր­պող։ Կրկնու­մը երկնում է իրեն հա­մար, մինչդեռ նո­րոգի­չը պէտք է հա­մար­ձա­կու­թիւնը ըլ­լար։ Վտան­գին քաղցրու­թիւնը գո­նէ փոր­ձարկու­մի են­թարկուէր։ Կապ չու­նի ան՝ զինք ներ­կա­յող, բայց միշտ դիւ­րա­բար կ՚ապաս­տա­նի ան­ցեալի կապ­կումին ու կապկպուած է անով։ Կ՚արա­գանայ քայ­քա­յու­մը, փտու­մը, երբ իր­մէ տար­րեր կը հե­ռանան, ան­խուսա­փելիօրէն ստեղ­ծե­լու հա­մար այլ հա­ւաքա­կանու­թիւն մը՝ թարմ, ար­թուն ու նոր։

Այ­սօր Յու­լի­սի առա­ջին օրն է։ Երեք տա­րի առաջ այ­սօր, «Կե­զի»ի դի­մադ­րութեան օրե­րուն, ոս­տի­կանա­կան փամ­փուշտով մը սպան­նուեցաւ ան­քա­րացի բա­նուոր մը՝ Էթ­հեմ Սա­րըսիւ­լիւք։ Ու­թը տա­րի առաջ մա­հացեր է ֆրան­սա­ցի Իվ Սան Լո­րեն։ Այդ օր ծներ է Պետ­րոս Դուրեանը, Լու­սի­նէ Զա­քարեանը, Հայ­տի Քլու­մը, Շե­նօլ Կիւ­նե­շը, Մար­լին Մոն­րօն։ «Տը Պի­թըլզ» հրա­պարա­կեր է «Sgt. Pepper’s Lonely Hearts Club Band»ը։ Հա­զար ու մի իրա­դար­ձութիւններ կան դեռ, կան եղե­լու­թիւններ իւ­րա­քան­չիւրիս անձնա­կան կեան­քին մէջ։ Անդրա­դար­ձի ու զգաս­տա­ցու­մի առիթ­ներ, պա­հեր մտա­ծու­մի, փո­փոխու­մի, նաեւ գոր­ծիքներ փո­խելու, փո­խուե­լու...

Այո՛, «Կե­զի» ըսի ու անդրա­դար­ձայ, որ գրել սկսե­լու ժա­մանակ երեք տա­րի առաջ պա­տահած այդ իրա­դար­ձութիւնն ի մտի ու­նէի։ Պո­լիս չէի գտնուեր այդ օրե­րուն, գտնուէի իսկ՝ հա­ւանա­բար չմաս­նակցէի (թուար­կե­լիքս խու­սա­փողա­կան պատ­ճա­ռաբա­նու­թիւններ պի­տի չըլ­լան, վստահ եղէք)։ Բայց այ­սօր, երեք տա­րի անց, այս քա­նի մը տո­ղը կ՚ու­զեմ ոգե­կոչու­մի պա­հու մը վե­րածել Էթ­հեմ Սա­րըսիւ­լիւքի, Մեհ­մեթ Այ­վա­լըթա­շի, Ապ­տուլլահ Ճէօմեր­թի, Մուսթա­ֆա Սա­րըի, Մե­տենի Եըլ­տը­րըմի, Ալի Իս­մա­յիլ Քորքմա­զի, Պեր­քին Էլ­վա­նի հա­մար։

Նաեւ ողջոյնի մը…

Շարունակելի…

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ