Յուշերու ընդմէջէն

ԵԴՈՒԱՐԴ ՏԱՆՁԻԿԵԱՆ

yetvartd@ttmail.com

Մեր թեր­թի հա­­յերէն էջե­­րու խմբա­­գիր եւ սիւ­­նա­­­կագիր Բագ­­րատ աղ­­բա­­­րիկ ամէն Եր­­կուշաբ­­թի հե­­ռախօ­­սակա­­պով Թուրքիոյ օրա­­կար­­գէն լու­­րեր կը փո­­խան­­ցէ Փա­­րիզի մէջ սփռուող «Ռա­­տիօ Ա» կա­­յանին։ Եթէ այդ շա­­բաթ Պէ­­շիք­­թաշ յաղ­­թած է, մար­­զա­­­կան լու­­րեր ալ կը փո­­խան­­ցէ, իսկ եթէ պար­­տութիւն կրած այդ նիւ­­թը լուռ կ՚անցնի։ Ախո­­յեան եղած շա­­բաթ հար­­ցուցի՝ «Մրցու­­մին մա­­սին խօ­­սեցա՞ր»։ «Ինչպէ՞ս չեմ խօ­­սիր» պա­­տաս­­խա­­­նեց։ Այս օրե­­րուս խմբագ­­րա­­­տան օրա­­կար­­գի կա­­րեւոր նիւ­­թե­­­րէն մէկն ալ Պէ­­շիք­­թա­­­շի ախո­­յեանու­­թիւնն է։ Թի­­ւով քիչ չենք թեր­­թին մէջ՝ ես, Ֆէր­­տան, զոյգ Գա­­րին­­նե­­­րը, Պա­­րոյ­­րը, Կէօզ­­տէն, Սե­­ւանը, Միհ­­րա­­­նը բո­­լորս ալ Պէ­­շիք­­թա­­­շի երկրպա­­գու­­ներ ենք։ Երբ ախո­­յեանու­­թիւնը յայ­­տա­­­րարուեցաւ մտադ­­րե­­­ցի այս մա­­սին բա­­ներ մը գրել։ Ար­­դէն ին­­ծի ծա­­նօթ­­ներ գի­­տեն բա­­ւական մե­­լան հո­­սեցու­­ցած եմ Պէ­­շիք­­թա­­­շի երկրպա­­գու­­նե­­­րուն իրենց ջան­­քե­­­րով հրա­­տարա­­կած «Ֆօր­­զա Պէ­­շիք­­թաշ» հան­­դէ­­­սին մէջ։ Աւե­­լի ետք երկրէ ներս ֆութպո­­լի մատ­­նուած պայ­­մաննե­­րը, ակումբնե­­րու վա­­րիչ­­նե­­­րուն կաս­­կա­­­ծելի գոր­­ծե­­­րը պատ­­ճառ եղան որ մեր այս նա­­խասի­­րու­­թիւնը հետզհե­­տէ շու­­քի մէջ մնայ։ Ան­­դին երկրպա­­գու­­նե­­­րու դի­­մագիծն ալ փո­­խուած էր եւ մենք հետզհե­­տէ հե­­ռացանք ֆութպո­­լէն։ Տա­­րիներ է որ մար­­զա­­­դաշտ չեմ գա­­ցած։ Ոչ միայն անոր հա­­մար որ մար­­զա­­­դաշտ չու­­նինք, այլ «Փա­­սօլիկ»ի դրու­­թեամբ մրցու­­մի հե­­տեւիլն ալ հա­­ճելի չէ մե­­զի հա­­մար։ Սա­­կայն ախո­­յեանու­­թե­­­նէ ետք բա­­ներ մը գրե­­լու ցան­­կութիւ­­նը արթնցաւ իմ մէջ։ Նախ եւ առաջ մարզախումբը իս­­կա­­­պէս լաւ ֆութպոլ խա­­ղաց։ Ար­­դէն մեր հա­­մայ­­նա­­­վար մար­­զիկ Սլա­­վէն Պի­­լիչի հետ որոշ ուղղու­­թիւն մը ձեռք ձգած էինք, բայց չէինք կրցած յստակ ար­­դիւնքի հաս­­նիլ։ Ապա տե­­ղին որո­­շու­­մով մը Շէ­­նօլ Կիւ­­նէշ գլխա­­ւոր մար­­զիկ նշա­­նակուեցաւ։ 2012-էն այս կողմ հա­­մակ­­րանքով կը հետե­­­ւիմ Կիւ­­նէ­­­շին։ Երբ մրցման եղա­­նակի սկիզ­­բին կը հե­­տեւէի ստո­­րագ­­րութեան արա­­րողու­­թեան՝ միտքս թռիչք առաւ ու գնաց 34 տա­­րի առաջ։ 15 տա­­րի է որ չէինք կրցած ախո­­յեան ըլ­­լալ եւ այդ տա­­րի կը սու­­րա­­­յինք դէ­­պի լի­­կի ախո­­յեանու­­թեան բա­­ժակը վերցնե­­լու։ Վեր­­ջընթեր շա­­բաթ այդ ճա­­նապար­­հին վրայ մեր գլխա­­ւոր մրցակ­­ցին՝ Տրա­­պիզո­­նի հետ կը մրցինք։ Ծո­­վածա­­ւալ բազ­­մութիւն մը կայ։ Պէ­­շիք­­թաշ կը ճնշէ, բայց չի յա­­ջողիր կոլ ար­­ձա­­­նագ­­րե­­­լ։ Յոյ­­սը մնա­­ցած էր վեր­­ջին շա­­բթուան։ Մրցու­­մը Էս­­քի­­­շէհի­­րի մէջ է եւ այս քա­­ղաքի խումբն ալ կը պայ­­քա­­­րի լի­­կի մէջ մնա­­լու հա­­մար։ Ահա այդ մրցու­­մին Էս­­քի­­­շէհիրսփո­­րի դար­­պա­­­սապա­­հը Շէ­­նօլ Կիւ­­նէշն է եւ շատ մեծ յա­­ջողու­­թեամբ կը պա­­հէ դար­­պա­­­սը։ Մրցու­­մը հաւասարութեամբ կ՚աւար­­տի, բայց ինծի նման բազ­­մա­­­թիւ Պէ­­շիք­­թա­­­շի հա­­մակիր­­ներ միայն գնա­­հատանք կը զգանք իրեն հան­­դէպ։ Այս մրցման եղա­­նակի սկիզ­­բին նման յի­­շատակ­­նե­­­րու մատ­­նուեցայ եւ ներ­­քուստ հա­­մոզուեցայ, որ այս տա­­րի պէտք է ախո­­յեանու­­թեան բա­­ժակը բարձրաց­­նենք։ Ի վեր­­ջոյ ֆութպոլ կո­­չուա­­ծը ոգե­­ւորու­­թիւննե­­րու պոռթկում չէ՞։ Ու­­րախ ենք այս ոգե­­ւորու­­թիւնով, ախո­­յեանու­­թիւնը շնոր­­հա­­­ւոր թող ըլ­­լայ։

Յ.Գ.- Գրու­­թիւնը աւար­­տե­­­լէ ետք սի­­րելի Թա­­նըլ Պո­­րայի «Պի­­րիքիմ» պար­­բե­­­րակա­­նի մէջ լոյս տե­­սած գրու­­թիւնը կար­­դա­­­ցի։ Ան ալ իր կար­­գին այս տա­­րուայ ախոյեան Պէ­­շիք­­թա­­­շը ող­­ջունե­­լէ ետք Ամէտսփո­­րը կը յայ­­տա­­­րարէր իբ­­րեւ սրտին ախո­­յեանը։ Իրա­­ւացի է, մենք ալ մեր կար­­գին կ՚ող­­ջունենք Թուրքիոյ լի­­կի այս եզա­­կի ակումբը։ Իրենց դէմ լա­­րուած բո­­լոր ար­­գելքնե­­րը յաղ­­թա­­­հարե­­լով՝ շատ կա­­րեւոր գործ կա­­տարե­­ցին։ Մնաց որ միակ մրցումը, որ այս տա­­րի մար­­զա­­­դաշ­­տի վրայ հե­­տեւեցայ, հեր­­թա­­­փոխ լրագ­­րո­­­ղի դիր­­քով գտնուած Տի­­յար­­պէ­­­քիրի մէջ դի­­տած Ֆէ­­նէր­­պահչէ-Ամէտսփոր խաղն էր։ Ու­­րեմն կրնամ ըսել, որ ես ալ իմ կար­­գին Ամէտսփո­­րի կա­­մաւոր երկրպա­­գու­­նե­­­րէն եմ։ Յա­­ջողու­­թիւն իրենց ճա­­նապար­­հին։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ