Մահ՝ Տիրան Ինճիճիի

Իսթանպուլահայ գեղարուեստի շրջանակներու ծանօթ եւ սիրուած դէմք մըն էր Տիրան Ինճիճի, որ յետ այսու բարի յիշատակ մը ըլլալով պիտի շարունակէ ապրիլ իր թողած բազմաթիւ մանրակերտերու միջոցաւ։ Արդարեւ ճարտարապետ Տիրան Ինճիճի անցեալին բոլորին հիացում պատճառող եւ հայ ճարտարապետութեան գոհարներ հանդիսացող տաճարներու մանրակերտերով ցուցահանդէսներ ալ սարքած էր քաղաքիս մէջ։ Կը յիշենք Մխիթարեան Սանուց Միութեան մէջ եւ Հրանդ Տինքի յիշատակման առթիւ կազմուած ցուցադրութիւնները։ Կողքի նկարին մէջ կը տեսնենք Ձորադիրի Սուրբ Էջմիածին եկեղեցւոյ մանրակերտը, որ իբրեւ թանկագին յիշատակ նուիրած էր «Ակօս»ին։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ