ԿԷՕԶՏԷ ՔԱԶԱԶ
gozdekazaz@agos.com.tr
Տիյարպէքիրի Սուր թաղամասէ ներս շուրջ վեց ամիսէ ի վեր շարունակուող փողոց ելլելու արգելքը մասամբ վերացաւ եւ այսպէսով աւերի տարողութիւնը յստակացաւ։ Տիյարպէքիրի պարիսպներու եւ Հէվսէլի պարտէզներու խնամատար մարմնի պետ Նէվին Սոյուքայա կը յայտնէ որ թաղամասի պատմական նեղ փողոցները հիմա լայն պողոտաներու վերածուած են։ «Այդ փողոցներէն մէկուն, Ենիգաբը փողոցի վրայ կը գտնուէր պատմական Սուրբ Կիրակոս Եկեղեցին։ Այժմ այդ փողոցին տեղ լայն պողոտայ մը կայ։ Թէ Սուրբ Կիրակոսը եւ թէ Քաղդէացիներու եկեղեցին շրջապատուած էին խանութներով, որոնք սեփականութիւնն էին այդ եկեղեցիներուն։ Խանութները այլեւս գոյութիւն չունին։ Նոյնպէս գոյութիւն չունին բազմաթիւ բնակելի շէնքեր։ Որպէս բնակավայր 7 հազար տարուայ անցեալ ունեցող ներքնաբերդը հիմա արտի տպաւորութիւն կը թողու։ Կարելի չէ դռները կամ պատուհանները չջարդուած բնակարան մը տեսնել։ Տուներու կահոյքն ալ վնասուած է։ Մարդիկ այս պայմաններու տակ իսկ վճռած են թաղէն չհեռանալու» կ՚ըսէ Նէվին Սոյուքայա։
ՀՏՓ-ի Տիյարպէքիրի պատգամաւոր Սիպէլ Եիղիթալփ ալ կատարուած աւերը բարբարոսութիւն ըլլալով կը նկարագրէ։ «Տուներու դռները ջարդեր, կահոյքը փողոց նետեր են։ Կարծես ըսել կ՚ուզեն որ նոյնիսկ վերադառնաք ձեզի պատկանող բան մը պիտի չգտնէք այստեղ»։
Սուրբ Կիրակոս Եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդի անդամ Կաֆֆուր Թիւրքայ կ՚ըսէ թէ եկեղեցին տակաւին մնացած է արգիլեալ տարածքի մէջ։ «Գաւառապետութեան աղերսագիր տուինք եկեղեցին տեսնելու համար։ Նախապէս տեսածներու վկայութեամբ կը կարծենք թէ շատ մեծ վնաս մը չէ պատահած։ Բայց նորէն ալ մենք մեր աչքով տեսնել կ՚ուզենք»։
ՈՒՆԷՍՔՕ մօտ անցեալին ներքնաբերդի շրջանը Հէվսէլի պարտէզները եւ պարիսպները «Մշակոյթի Համաշխարհային Ժառանգ» ըլլալով արձանագրած էր։ Սոյուքայային կը հարցնենք թէ ՈՒՆէՍՔՕ ինչո՞ւ համար յայտարարութիւն մը չէ ըրած։ Վերջինս իբր պատասխան կը յայտնէ որ իրենք կատարուածներու մասին տեղեկագիր մը ղրկած են, իսկ ՈՒՆէՍՔՕ իր կարգին բացատրութիւն պահանջած է Թուրքիոյ Մշակոյթի Նախարարութենէն։ «Նախարարութիւնը մեզի հետ ոչ մէկ գիտելիք կը բաժնէ։ Սակայն այս բաները չեն կրնար թաքցնել։ Օրինական շատ ծանր զանցառութիւններ կան եւ այս բոլորը կարելի չէ մինչեւ վերջ գորգին տակ աւելել»։