Ժողովրդական երգով յագենալու համար

«Երգդ Սիրեմ Հայաստան»։ Ահա այսպէս խորագրուած է Սայաթ Նովա Երգչա­խումբի նա­խաձեռ­նութեամբ կազ­մա­կեր­պո­ւած ժո­ղովրդա­կան եր­գե­րու հա­մեր­գը, որ պի­տի կա­յանայ 3 Յու­նիս Ուրբաթ երե­կոյ Պա­քըր­գիւղ՝ Լէյ­լա Կէն­ճէ­րի անո­ւան մշա­կոյ­թի կեդ­րո­նին մէջ։

«Նոր Կեան­քի Ծիածան» հա­սարա­կական կազ­մա­կեր­պութիւ­նը, այն բազ­մա­թիւ­նե­րէն է Հա­յաս­տա­նի մէջ, որոնք իրենց հիմ­նա­կան առա­քելու­թիւն որ­դեգրած են դար­մա­նու­մի ու խնամ­քի կա­րօտ երա­խանե­րուն հո­գատա­րու­թիւնը։ Այսպէս Նոր Կեան­քի Ծիածանն ալ իր գոր­ծունէու­թիւնը դիւ­րացնե­լու հա­մար ծրագ­րած է սի­րայօ­ժար մաս­նակցու­թիւն բե­րող արո­ւես­տա­գէտ­նե­րու հետ հիւ­րա­համերգնե­րու։ Այդ արո­ւես­տա­գէտ­նե­րու շար­քին կը հան­դի­պինք Լէյ­լա Սա­րիպեկեան կամ Վար­դան Պա­տալեանի նման հան­րա­ծանօթ մե­նակա­տար­նե­րու կող­քին քա­նոնա­հար Կա­րինէ Յով­հաննէ­սեանի, տու­տուկա­հար­ներ Վարդգէս Շա­հինեանի, Լե­ւոն Յա­րու­թիւնեանի եւ Արա Մա­յիս Նի­կողո­սեանի անուննե­րուն։ Արո­ւես­տա­գէտ­նե­րը Յու­նաստա­նի իրենց հիւ­րա­համեր­գէն ետք պի­տի անցնին Իս­թանպուլ, քա­ղաքիս երաժշտա­սէր­նե­րուն պար­գե­ւելով հայ եր­գի խնճոյք մը։

Վար­դան Պա­տալեան

Ճիշդ է որ գառ­նան այս օրե­րուն իս­թանպու­լա­հայ մշա­կու­թա­յին ու գե­ղարո­ւես­տա­կան օրա­կար­գը բա­ւական ծան­րա­բեռ­նո­ւած կ՚ըլ­լայ զա­նազան մի­ջոցա­ռումնե­րով։ Սա­կայն 3 Յու­նի­սին կա­յանա­լիք հա­մեր­գը այժմէն կը խոս­տա­նայ այդ բո­լորին մէջ զգա­լի բար­ձունք մը դառ­նա­լու բո­լոր հա­յերէն ժո­ղովրդա­կան երաժշտու­թեան սի­րահար­նե­րուն հա­մար։

Լէյ­լա Սա­րիպե­կեան

Կազ­մա­կեր­պութիւ­նը ստանձնող Սա­յաթ Նո­վա Երգչա­խումբի գոր­ծիչնե­րը ար­դէն ապա­հոված են քա­ղաքի հա­յաշատ թա­ղերէն դէ­պի հա­մեր­գասրահ եր­թե­ւեկու­թիւնը դիւ­րացնող սպա­սար­կութիւն։ Հրա­ւիրա­տոմ­սեր կա­րելի է ճա­րել Սա­յաթ Նո­վա Երգչա­խումբի ան­դամնե­րէն, Օր. Սո­նա Մէն­թէ­շէէն, «Մու­կօ» հա­գուստե­ղէնի խա­նու­թէն եւ «Նոս­տալժի» գրախանութէն։

Կա­րինէ Յով­հաննէ­սեան

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ