Սկսաւ Պետական Պաշտօնեաներու Դատավարութիւնը

ՈՒՅԿԱՐ ԿԻՒԼԹԷՔԻՆ

uygargultekin@agos.com

Հրանդ Տինքի սպանութեան խնդրի մէջ բաժին ունենալով մեղադրուած պետական պաշտօնեաներու դատավարու­թիւնը այս շա­բաթ սկսաւ։ Ամ­բաստա­նեալ­նե­րուն նա­խապէս ներ­կա­յացու­ցած դա­տարա­նի ան­կողմնա­կալու­թեան մա­սին առար­կութիւ­նը մեր­ժո­ւած էր Վե­րին Ատեանի կող­մէ։

24 Մա­յիս Երեք­շաբթի օր մեկ­նարկող նիս­տի ըն­թացքին Տինք ըն­տա­նիքը կը ներ­կա­յաց­նէին իրա­ւապաշտպան­ներ՝ Պահ­րի Պէ­լէն, Հա­քան Պա­քըր­ճըօղ­լու, Իս­մա­յիլ Ճեմ Հա­լավուրտ, Սե­պուհ Աս­լանկիլ, Թան­կուլ Էօզէր, Մէ­լիքէ Փո­լաթ, Էմէլ Աթաք­թիւրք Սէ­վիմ­լի եւ Ին­ճի Իշ­պուլուր։

Պատ­րաստ էին նաեւ ձեր­բա­կալո­ւած մե­ղադ­րեալ­ներ Եասին Հա­յալ, Ալի Ֆո­ւաթ Եըլ­մա­զէր, Ռա­մազան Աքեիւ­րէք եւ Էր­ճան Տէ­միր։ Ու­րիշ յան­ցանքնե­րու պատ­ճա­ռաւ ձեր­բա­կալո­ւած Թա­մէր Պիւ­լէնտ Տէ­միրէլ, Օս­ման Կիւլպէլ, Ալի Փոյ­րազ, Համ­տի Էկէ­պաթան եւ Օկիւն Սա­մասթ իրենց ար­գե­լափա­կուած բան­տե­րէն տե­սալ­սո­ղական դրու­թեամբ մաս­նակցե­ցան նիս­տին։

Ներ­կայ էին նաեւ ոչ ձեր­բա­կալեալ Ճէ­լալէտ­տին Ճէր­րահ, Ահ­մէտ Իլ­հան Կիւ­լէր, Ռէ­շատ Ալ­թայ, Ֆա­րուք Սա­րը, Հա­սան Տուրմու­շօղլու, Սապ­րի Ու­զուն, Օնուր Գա­րաքա­յա, Մեհ­մէտ Այ­հան, Էր­հան Թունճէլ եւ Մեհ­մէտ Ալի Էօզ­քը­լըչ։

Նա­խորդ նիս­տին ազատ ար­ձա­կուած ամ­բաստա­նեալ­նե­րէն Մու­հիտտին Զէ­նիթ եւ Էօզ­քան Մումճու եւս մաս­նակցե­ցան այս նիս­տին։

Դա­տական նիս­տի առա­ջին օրը Իս­թանպու­լի Ապա­հովու­թեան Նախ­կին Տնօ­րէն Ճէ­լալէտ­տին Ճէր­րահ, նոյն կա­ռոյ­ցի լրա­քաղու­թեան բաժ­նի նախ­կին տնօ­րէն Ահ­մէտ Իլ­հան Կիւ­լէր եւ Մեհ­մէտ Ու­չար առար­կե­ցին իրենց դա­տուե­լուն դէմ։ Անոնք այս առար­կութիւ­նը հիմ­նե­ցին իրենց հա­մար հար­ցաքննու­թեան ար­տօ­նու­թեան մը բա­ցակա­յու­թիւնը պատ­ճա­ռաբա­նելով։ Ճէ­լալէտ­տին Ճէր­րա­հի իրա­ւապաշտպա­նը յայտնեց որ իր պաշտպա­նեալը ցարդ կը պաշ­տօ­նավա­րէ իբ­րեւ կու­սա­կալ, հե­տեւա­բար միայն Վճռա­բեկ Ատեանն է որ զինք կրնայ դա­տել։

Տինք ըն­տա­նիքի փաս­տա­բան­նե­րէն Պահ­րէ Պէ­րէն եւ Հա­քան Պա­քըր­ճըօղ­լու այս առար­կութիւննե­րու դէմ բա­ցատ­րութիւններ տո­ւին դա­տարա­նին։ Պէ­լէն յայտնեց որ ոճի­րէն ետք քա­ղաքա­կան մի­ջավայ­րի ազ­դե­ցու­թիւնով ար­գելք դրո­ւած էր պե­տական պաշ­տօ­նեանե­րու հար­ցաքննու­թեան։ Ան յի­շեցուց Շրջա­նային Վար­չա­կան Ատեան­նե­րու որո­շումնե­րուն դէմ Պա­քըր­գիւղի 8-րդ Եղեռ­նա­դատ Ատեանի որո­շու­մը, ուր մեր­ժո­ւած էր Իս­թանպու­լի Դա­տախա­զին թղթած­րա­րը փա­կելու մա­սին դի­մու­մը։ Պա­քըր­ճըօղ­լու ալ իր կար­գին յի­շեցուց Սահ­մա­նադ­րա­կան Ատեանի որո­շումնե­րը, որոնք ըն­թացք կու տա­յին այս դա­տավա­րու­թեան։ Երբ ներ­կայ դա­տախազն ալ նոյն հա­մոզու­մը բաժ­նեց, դա­տակազ­մը յայտնեց որ ամ­բաստա­նեալ­նե­րու դա­տուե­լուն առ­ջեւ ար­գելք մը գո­յու­թիւն չու­նի։ Դա­տակազ­մը այս որո­շու­մը հիմ­նա­ւորեց Դա­տաւոր­նե­րու եւ Դա­տախազ­նե­րու Վե­հագոյն Խոր­հուրդի, Տրա­պիզո­նի Ոս­տի­կան Զօ­րաց Հրա­մանա­տարու­թեան եւ Ապա­հովու­թեան Տնօ­րէնու­թեան անձնա­կազ­մի դա­տուե­լուն ար­տօ­նող վճի­ռին։

Երեք օր շա­րու­նա­կելի դա­տավա­րութեան առա­ջին եր­կու օրե­րը ան­ցան պատ­րաստո­ւած ամ­բաստանագրի ընթերցումով։ Ամբաստանեալներուն մէկ մասը յայտնեցին որ երրորդ օր պիտի ներկայացնեն իրենց պաշտպանութիւնը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ