PAKRAT ESTUKYAN

Pakrat Estukyan

Մենք ու մերոնք - Biz ve bizimkiler

Խնդիրը պարզ է, լուծումը՝ դժուար

Թուրքիա այն բացառիկ երկիրն է, ուր քաղաքական օրակարգը զգլխեցուցիչ արագութեամբ կը փոխուի եւ կը գերազանցէ կենսական նշանակութիւն ունեցող բազում խնդիրներ։ Շատեր նոյնիսկ չհասկցան թէ ինչ դրդապատճառներով Ահմէտ Տաւութօղլուի գլխաւորած կառավարութիւնը տապալեցաւ եւ աննախադէպ արագութեամբ պաշտօնի կոչուեցաւ նոր վար­չա­պետ մը։ Ի՞նչ եղած էր, ի՞նչ պայ­մաննե­րու տակ Հան­րա­պետու­թեան Նա­խագա­հը դի­մած էր նման քայ­լի մը։

Ան­շուշտ որ այս հար­ցումը մեծ նշա­նակու­թիւն մը չու­նի որ­քան ատեն որ չենք կրցած յստա­կեց­նել, թէ ինչպէս չե­ղեալ հա­մարո­ւեցաւ 7 Յու­նիս 2015-ի ընտրու­թիւննե­­րը։ Վեր­­յի­­­շենք, այդ ընտրու­­թիւննե­­րը չէին տո­­ւած Նա­­խագահ Էր­­տո­­­ղանի պա­­հան­­ջած զօ­­րակ­­ցութիւ­­նը եւ ԱՔՓ 2002 թո­­ւակա­­նէն այս կողմ առա­­ջին ան­­գամ ըլ­­լա­­­լով զրկո­­ւած էր առան­­ձինն կա­­ռավա­­րու­­թիւն կազ­­մե­­­լու կա­­րողու­­թե­­­նէն։ Նա­­խագա­­հը ոտ­­նա­­­կոխեց օրի­­նական բո­­լոր աւան­­դոյթնե­­րը եւ ման­­կա­­­կան դժկա­­մու­­թեամբ եր­­կի­­­րը տա­­րաւ (չը­­սելու հա­­մար կան­­խա­­­հաս ընտրու­­թեան) ընտրու­­թիւնը կրկնե­­լու։ Այդ քա­­նի մը ամիս­­նե­­­րու մի­­ջոցին ալ եր­­կի­­­րը դրաւ պա­­տերազ­­մա­­­կան իրա­­վիճա­­կի մէջ։

Երկրորդ ընտրու­­թեան ար­­դիւնքը ար­­դա­­­րացուց իր ռազ­­մա­­­վարու­­թիւնը եւ ԱՔՓ ան­­գամ մը եւս միահե­­ծան կեր­­պով իշ­­խա­­­նու­­թիւն գո­­յացուց։ Իրա­­կանու­­թեան մէջ այստեղ ԱՔՓ-ի տեղ, այ­­սինքն ամ­­բողջ կու­­սակցու­­թեան մը տեղ պէտք է ըսել նա­­խագահ Էր­­տո­­­ղան։ Ար­­դա­­­րեւկ նա­­խորդ շա­­բաթա­­վեր­­ջին կա­­յացած կու­­սակցու­­թեան ար­­տա­­­կարգ հա­­մագու­­մա­­­րին, ար­­դա­­­րադա­­տու­­թեան նա­­խարար Պէ­­քիր Պոզ­­տաղ հրա­­պարա­­կաւ կոչ կ՚ուղղէր իր ալ ան­­դա­­­մակ­­ցած կու­­սակցու­­թիւնը յետ այ­­սու «Թայ­­յի­­­պի կու­­սակցու­­թիւն» անո­­ւանե­­լու հա­­մար։

Երկրի օրա­­կար­­գին այս բո­­լոր չա­­փերը գե­­րազան­­ցող ըն­­թացքին մէջ հան­­քա­­­փոր­­նե­­­րը գետ­­նին հա­­զարա­­ւոր մեթր խո­­րու­­թեան մէջ հա­­ցադու­­լի դի­­մած են իրենց իրա­­ւունքնե­­րը պաշտպա­­նելու հա­­մար։ Ապօ­­րէն խորհրդա­­րանի որ­­դեգրած որո­­շու­­մով պաշ­­տօ­­­նապէս սկսած է վարձկան բա­­նուո­­րու­­թեան դրու­­թիւնը։ Դրու­­թիւն մը՝ որ իր օրա­­պահի­­կը ճակ­­տի քրտին­­քով ապա­­հովող­­նե­­­րը կը դնէ ծանր զրկանքնե­­րու դի­­մաց։ Մեծ թա­­փով կը շա­­րու­­նա­­­կուի իբր թէ պա­­տուոյ խնդի­­րի պատ­­ճա­­­ռաբա­­նու­­թեամբ գոր­­ծադրո­­ւած ոճիր­­նե­­­րու շար­­քը։ Ման­­կապղծու­­թիւնը նոյնպէս իր խայ­­տա­­­ռակ երե­­ւոյ­­թով կը յայտնո­­ւի ամէն կող­­մէ։

Սա­­կայն այս բո­­լորը երկրի օրա­­կար­­գին մէջ իրենց ար­­ժա­­­նի տե­­ղը չեն գտներ։ Ամ­­բողջ մա­­մու­­լը զբա­­ղուած է, թէ ո՞վ ո՞ր պաշ­­տօ­­­նին նշա­­նակո­­ւած է, կամ նախ­­կին ո՞ր նա­­խարա­­րը հա­­մակար­­գէն դուրս մնա­­ցած։

Ժո­­ղովուրդը միայն ինք իր մէջ կը խօ­­սի տնտե­­սական ճգնա­­ժամի մա­­սին։ Յու­­սա­­­հատու­­թիւնը եւ հիաս­­թա­­­փու­­թիւնը հա­­մատա­­րած բնոյթ ստա­­ցած է։ Որու հետ որ խօ­­սիս միայն յո­­ռետե­­սու­­թիւն կը լսես։ Մար­­դիկ վա­­խի ու սար­­սա­­­փի մատ­­նո­­­ւած են ահա­­բեկ­­չութեան հետզհե­­տէ ծա­­ւալե­­լով մեծ քա­­ղաք­­նե­րու ալ սպառ­նա­լու վար­կա­ծին պատ­ճա­ռաւ։ Բայց մա­մու­լը կրկին ու կրկին իր բո­լոր ու­շադրու­թիւնը սե­ւեռած է Էր­տո­ղանի ակնկա­լած մե­նատի­րու­թիւնը քա­րոզե­լու խնդրին։ Իշ­խա­նամէտ մա­մու­լի սիւ­նա­կագիր­ներ փաս­տեր կը հնա­րեն երկգլուխ վար­չա­ձեւի տե­ղի տա­լիք ան­կա­յու­նութիւննե­րուն հա­մար։ Այստեղ երկգլուխ ըսե­լով կ՚ակ­նարկո­ւի վար­չա­պետի եւ նա­խագա­հի իրենց գոր­ծե­րով զբա­ղելու դրու­թեան։ Կամ այլ խօս­քով խորհրդա­րանա­կան դրու­թեան։

Խնդի­րը ո՛չ թէ խորհրդա­րանի առ­կա­յու­թիւնն է, այլ իր լիազօ­րու­թեան սահ­մաննե­րը ընդլայ­նող նա­խագա­հի մը խնդի­րը։ Ու­րեմն լու­ծումն ալ յստակ է, նա­խագա­հը կը դնես իր սահ­մաննե­րուն մէջ եւ ան գի­տէ իր գոր­ծը, վար­չա­պետը, կա­ռավա­րու­թիւնը եւ խորհրդա­րանն ալ՝ իրենց։

Բայց մենք հե­ռու ենք այդ պարզ լու­ծումէն, քանի որ այս երկրին մէջ գոյութիւն չունի որեւէ կառոյց, որ նախագահը դնէ իր օրինական սահմանին մէջ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ