ՎԱՐԴԱՆ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ
estukyan@gmail.com
Սուրիոյ քաղաքացիական պատերազմը կը շարունակէ իր ամբողջ սաստկութեամբ եւ պատերազմի զուգահեռ կը շարունակուի երկրէ փախուստի հոսանքը։ Սուրիացիներ մեծաւ մասամբ կը գաղթեն սահմանամերձ Լիբանան եւ Թուրքիա։ Սակայն գաղթի հոսանքը կը հասնի շատ աւելի հեռուներ՝ Եւրոպա եւ Միացեալ Նահանգներ։ Պատերազմի դժոխքէն փախածներու կարգին է հալէպահայ արծաթագործ Յակոբ Վանեսեանի ընտանիքը։ Անոնք երկու տարի առաջ ապաստանած են ԱՄՆ-ի Լոս Անճէլըս քաղաքը։
Յակոբ Վանեսեան նախքան երկրէ հեռանալը, ամբողջ երեք տարիներ լուսանկարած է իր հարազատ քաղաքը՝ Հալէպը։ «Մոռցուած Մարդկութիւն» խորագրի տակ մէկտեղած լուսանկարները անցեալ տարի Նիւ Եորք, ՄԱԿ-ի շէնքին մէջ ցուցադրած Վանեսեան, նոյն ցուցահանդէսը նախորդ շաբաթ բացաւ Ատանա, «Նազըմ Հիքմէթ» մշակոյթի կեդրոնին մէջ։
Արծաթագործ Վանեսեանի հետ զրուցեցինք իր սուրիական ապրումներուն, ԱՄՆ գաղթին, լուսանկարներուն եւ այլ նիւթերու շուրջ։
«Հոգիս լքեցի»
Վաւերագրական լուսանկարչութիւնը, որպէս սիրողական նախասիրութիւն, 1999-ին մտած է իր կեանքը։ «Հալէպ 10 հազար տարուայ անցեալ ունեցող քաղաք մըն է։ Քաղաքակրթութեան օրրան համարուած Սուրիոյ երկրորդ մեծ քաղաքն է, որուն բնակիչները միասնաբար կ՚ապրէին առանց ցեղային, կրօնական եւ դաւանանքային խտրականութեան։ Ես արծաթագործ էի իմ ծնած, յուշեր կուտակած քաղաքին մէջ, բայց պատերազմի բերմամբ լքելու հարկադրուեցայ այդ յուշերս, ընտանիքս, տունս, մէկ մասը արդէն մահացած բարեկամներս, ազգականներս եւ ի վերջոյ հոգիս»։
«Փոխուած են կեանքի հանդէպ ակնկալութիւններս»
Արուեստագէտ Վանեսեան կ՚ըսէ, թէ քաղաքացիական պատերազմը Սուրիոյ բոլոր բնակիչներու նման իր կեանքն ալ փոխած է։ «Պատերազմը այն իրավիճակն է, ուր անիմաստ կը դառնայ մարդկութիւն կոչուած հասկացողութիւնը։ Գեղեցիկ ու բարի ամէն ինչ կը ցնդի։ Տարիներ շարունակ լուսանկարած Հալէպը աչքերուս առջեւ փճացաւ եւ այդ փճացումին ականատես ըլլալը հիմնովին փոխեց կեանքի հանդէպ իմ ակնկալութիւնները»։
Յակոբ Վանեսեան, որ կ՚ակնարկէ ծնած ուսնած քաղաքին պատերազմի դաշտի մը վերածուելու դժուարութիւններուն, իր զգացումները կը փոխանցէ հետեւեալ տողերով. «Ինծի համար այս պատերազմը վաւերականացնել, ապրած քաղաքս, մանկութեանս ման եկած փողոցներուն փլատակ վիճակը տեսնել շան ծանր էր բայց ես մարդկային ողբերգութիւներէն ուժ առի։ Որպէս մարդկային պարտականութիւն որոշեցի այս բոլորը վաւերականացնել։ Պէտք է նշեմ, որ իմ ապրած տառապանքը կիսեն բոլոր սուրիացիները, նոյնիսկ եթէ անոնք ապրին Սուրիայէ դուրս»։
Նախ ԱՄՆ, յետոյ Ատանա
«Մոռցուած Մարդկութիւն» ցուցահանդէսը առաջին անգամ կայացաւ Նիւ Եորք՝ ՄԱԿ-ի շէնքին մէջ։ Ատանա այս լուսանկարներու ցուցադրման երկրորդ վայրն է։ Տաղանդաւոր լուսանկարիչ Յակոբ Վանեսեան իր գործերը Սէյհանի քաղաքապետարանի հրաւէրին ընդառաջելով փոխադրած է Ատանա։ «Լուսանկարներուս Ատանայի մէջ ցուցադրուելու գաղափարը կը պատկանի Սէյհանի քաղաքապետարանի խորհուրդի անդամներուն։ Ողջ ըլլան, ստանձնեցին ցուցահանդէսի բոլոր ծախսերը։ Շնորհակալ եմ քաղաքապետ Զէյտան Քայալարին, քաղաքապետարանի մշակոյթի կեդրոնի տնօրէն Կիւվէն Պողայի, քաղաքապետարանի պաշտօնեայ Մէրվէ Աքտաղի եւ ինծի զօրակցող թատրոնի արուեստագէտ Թամէր Կէօզիւտէլիին։ Իսկ ցուցահանդէսին գեղարուեստական տեղադրումը ստանձնեց իմ մօտ բարեկամ, փաստաբան Սերնուր Սայար»։
«Վարանեցայ»
Վանեսեան կ՚ըսէ, որ սկիզբները բաւական վարանած է Թուրքիոյ մէջ ցուցահանդէս ունենալու։ «Խոստովանիմ, որ իբրեւ հայ բաւական վարանած էի Թուրքիոյ մէջ ցուցահանդէս մը բանալէ, բայց ինչպէս ըսի ինծի զօրակցող բարեկամներ ունէի Ատանայի մէջ։ Բոլորէն միայն յարգանք, սէր եւ զօրակցութիւն տեսայ։ Այս զարգացումներով հիմա ցանկութիւն ունիմ Թուրքիոյ ուրիշ մէկ քաղաքին մէջ, Իսթանպուլի մէջ եւս լուսանկարներս ցուցադրելու։ Այս քաղաքին մէջ միայն չորս օր անցուցած եմ։ Անդրադարձայ որ այս գեղեցիկ ու պատմական քաղաքը միայն քաղաք մը չէ ինծի համար։ Համոզուեցայ որ Իսթանպուլը Արեւելքի ու Արեւմուտքի միջեւ, բացի աշխարհագրական խաչմերուկ մը ըլլալէ, մշակոյթի մը խաչմերուկն ալ ըլլալու հանգամանքը ունի»։